Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

2022-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն չորրորդ եւ վերջին փուլը` կիրակի, 15 մայիսին

May 13, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները վաղը կը դառնան իրականութիւն

2022-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն չորրորդ եւ վերջին փուլը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 15 մայիսին, որուն ընթացքին Լիբանանի 15 ընտրաշրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան ընտրութիւնները` կազմելու համար երկրին նոր խորհրդարանը:

Երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 7:00-ին եւ աւարտին երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

Թեքնիք առումով, Լիբանանի քաղաքացիները 12 ժամուան ընթացքին ընտրական կեդրոններուն մէջ պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն` քուէարկութեան ընդմէջէն:

Քուէարկութեան համար իւրաքանչիւր քաղաքացի իրեն հետ պէտք է ունենայ իր անձնաթուղթը, կամ անցագիրը (որ պէտք է ուժի մէջ ըլլայ), եւ կամ անձնական իխրաժ քայտը:

Քաղաքացիները պէտք է իրենց հետ անպայման ունենան իրենք քթակապերը, ինչպէս նաեւ քուէարկեն մէկ ընտրացանկի ու իրենց վարկանշային կամ նախընտրութեան քուէն շնորհեն միայն մէկ թեկնածուի, որպէսզի իրենց քուէն ճիշդ նկատուի:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ քուէարկութեան ընթացքին խիստ կ՛արգիլուի բջիջային հեռաձայնի գործածութիւնը, հետեւաբար պէտք է խուսափիլ քուէարկութեան սենեակին մէջ բջիջային հեռաձայնը գործածելէ:

Նշենք, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան համաձայն, երկուշաբթի, 16 մայիս 2022-ին, Լիբանանի տարածքին գործող սեփական բոլոր դպրոցներն ու կրթական հիմնարկները փակ կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատճառով:

Միւս կողմէ, պէտք է ընդգծել, որ երէկ ամբողջ Լիբանանի տարածքին տեղի ունեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն երրորդ փուլը, որուն ընթացքին ընտրութիւնները կազմակերպող եւ անոր հսկող անձնակազմին անդամները, ինչպէս նաեւ ընտրակեդրոններուն պատասխանատուները քուէարկեցին:

Քուէարկութեան ընթացքին արձանագրուեցան խախտումներ, յատկապէս դէպի քուէարկութեան կեդրոն միջնորդութեամբ մուտք գործելու եւ առաջնահերթութեան իմաստով քուէարկողներուն միջեւ խտրութեան պատճառով:

Կարգ մը ընտրակեդրոններ անմասն չմնացին ելեկտրական հոսանքի ընդհատումէն:

Պէտք է աւելցնել, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց քուէարկութեան կեդրոնները, ուր ան հաստատեց, թէ վարչական թէ գումակային առումով ամէն բան յստակ է, քուէարկութեան ձեւը իր կարգին յստակ է եւ բացատրուած պէտք եղած ձեւով:

Յայտնենք, որ Պէյթէտտինի մէջ քուէարկած պաշտօնեաներուն թիւը հասաւ 1022¬ի` 1207 հոգիէն:

Previous Post

Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ քուէարկելու նպատակով անցագիրը նորոգելու, ինչպէս նաեւ արեւային ներուժով ելեկտրականութիւն արտադրող ընկերութիւններու աշխատանքի արտօնագիր շնորհելու

Next Post

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յանձնաժողովներու հանդիպումը՝ 16-17 մայիսին՝ Մոսկուայի մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.