Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

206,000 Տոլար Գոյացաւ Լիբանանահայութեան Ի Նպաստ Գանատայի Մէջ Կազմակերպուած Նուիրահաւաքին

July 11, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
206,000  Տոլար Գոյացաւ Լիբանանահայութեան Ի Նպաստ Գանատայի Մէջ Կազմակերպուած Նուիրահաւաքին

ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն»․- Լիբանանահայութեան դիմագրաւած տնտեսական նորագոյն տագնապին նկատմամբ ձեռնածալ չմնաց գանատահայ գաղութը, որ հայ ազգը հարուածող պատուհասներուն ընդառաջ միշտ առաջնեկը եղած է, որ օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ՝ օժանդակելու համար մեր հայրենակիցներուն ամէնուրեք՝ Հայաստանի, Արցախի կամ Սփիւռքի մեր օճախներուն մէջ: Հետեւաբար գաղութը անվարան յառաջացուց Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան մարմինը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութիս կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, եւ կոչ ուղղուեցաւ համայն գանատահայութեան, որպէսզի անտարբեր չմնայ լիբանանահայութեան օգնութեան կանչին հանդէպ:

Ապա ծայր առին դրամահաւաքի աշխատանքները, եւ գանատահայութիւնը, իր աւանդութեան համաձայն, անսաց Օժանդակութեան մարմնի կոչին եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ անվերապահ մասնակցութեամբ լիբանանահյութեան ի նպաստ կազմակերպուած թելեթոն-նուիրահաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի օր:

Նշեալ դրամահաւաքին սրտի խօսքերով հանդէս եկան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կողմէ ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, ՀՅԴ երիտասարդական, պատանեկան եւ ուսանողական միութիւններու անդամներ, ՀՄԸՄ-ականներ, Համազգայինի անդամներ, ՀՕՄ-ի անդամներ, Մոնթրէալի Ս․ Յակոբ Ազգային վարժարանի եւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտներ եւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք․ Չարեան, որոնք բոլորը իրենց զօրակցութիւնը եւ անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեցին լիբանանահայութեան ու կոչ ուղղեցին գանատահայութեան՝ իրենց լուման բերելու տագնապալի վիճակի մէջ յայտնուած մեր ժողովուրդին ի նպաստ: Հայրենի եւ Սփիւռքահայ արուեստագէտներու մասնակցութիւնը երանգ տուաւ նուիրահաւաքի յայտագիրին։

Կոչերը ապարդիւն չեղան։ Դրամահաւաք-թելեթոնին գոյացաւ 206.000 գանատական տոլար (152.000 ամերիկեան տոլար):

Լիբանանահայութիւնը պիտի մնայ համայն հայութեան գուրգուրանքին առարկայ։ Սփիւռքի զարկերակը կազմող այս գաղութին դերն ու դրոշմը աշխարհասփիւռ հայկական գաղութներուն վրայ ծանօթ է բոլորիս, որուն անդրադարձաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան՝ ըսելով. «Համայն հայ ժողովուրդին ուշադրութեան եւ հոգածութեան առարկայ պէտք է դառնայ լիբանանահայութիւնը, որուն դերը չի սահմանափակուիր Լիբանանով ու Միջին Արեւելքով, այլ ունի համահայկական, համասփիւռքեան տարողութիւն»:

Վարձքը կատար սոյն ծրագիրին ձեռնարկողներուն, աշխատանքը ի կատար ածելու սիրոյն անխնայ ծառայողներուն եւ յատկապէս բոլոր նուիրատուներուն՝ ազգասիրական ու հայրենասիրական, նուիրական ու օրհնաբեր իրենց արարքին համար:

Նուիրահաւաքը կը շարունակուի։ Առցանց նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել հետեւեալ յղումով. https://camam.akaraisin.com/Aid4Lebanon

 

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈԻԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

Previous Post

ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՈՉ ԲՆԻԿ, ՈՉ ՀՆԱԲՆԱԿ, ՈՉ ԱԲՈՐԻԳԵՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԻՍ

Next Post

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Մէկ Օրուան Վարակումներու Նոր Մրցանիշ Հաստատուեցաւ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.