«Ազդակ»-ի 38-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Առցանց լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, նիւթ` «Կրթութեան ոլորտի մարտահրաւէրները` այսօր»:
Դասախօսը նախ անդրադարձաւ 20-րդ դարու սրընթաց զարգացումներուն ընդհանրապէս եւ կրթական ոլորտին մասնաւորաբար:
20-րդ դարուն աշխարհի զանազանութիւններու ընդունման, ծանօթացման, սահմաններու ջնջման եւ նոյնիսկ կրօնական կեանքի մէջ արձանագրուած հիմնական փոփոխութիւններուն մասին խօսելով` ան հաստատեց, որ այս բոլորը կրթական ոլորտի մասնագիտութիւններուն վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունեցան: Հոն, ուր կրթութիւնը զանազան տեղեր հասանելի դարձաւ, տարբեր մակարդակներով:
Խօսելով 21-րդ դարու կրթական համակարգի իւրայատկութիւններուն մասին` դոկտ. Հայտոսթեան կեդրոնացաւ սորվելու հմտութիւններուն եւ քննական մտածողութեան վրայ: Ստեղծագործական միտքի եւ «տուփէն դուրս» մտածելու կարեւորութիւնը շեշտելով` դասախօսը իբրեւ իւրայատկութիւն ընդգծեց հաղորդակցութիւններու նոր համակարգի կայացումը:
Ան հարց տուաւ, թէ ղեկավարը կրթութեան ոլորտին մէջ որքա՞ն կրնայ հաւաքական աշխատակարգով զարգացնել իր հաստատութիւնը` շեշտելով, որ ա՛յս է հիմնական խնդիրը: Այս բոլորը կարեւոր են 21-րդ դարու կրթական համակարգին մէջ:
«Նախաձեռնութիւններու ինքնուրոյնութիւնը հրամայական է արտադրողականութիւն ապահովելու տեսակէտէն: Ճկունութիւնը ոչ թէ սկզբունքի յարափոփոխութիւն կ՛ենթադրէ, այլ` ծրագիրի վերամշակում: Հմտութեան ընկալումին մէջ կայ անշուշտ գրագիտութիւնը, տուեալներու, վիճակագրական ուսումնասիրութիւններու եզրայանգումներուն վրայ հիմնուելու պայմանը: Տեղեկատուական գրագիտութիւնը անբաժան մաս է այսօրուան կրթական համակարգին, որուն ածանցեալ բաժինն է արհեստագիտութիւնը:
«Այս բոլորը նկատի չառնելը թերի ուսումի համազօր է, իսկ ներկայ դարուն կ՛աւելնան կենսոլորտային հարցերը, աշխարհագրական միջավայրը, շրջապատը, ներկայ դարուն փոխուած են արդարութիւն ու անարդարութիւն ընկալումները, եւ այս առումով 21-րդ դարը ունի իր բացասական կողմերը», յայտնեց վեր. դոկտ. Հայտոսթեան:
Խորհրդանշական պատկերով մը բացատրելու համար այսօրուան կրթական համակարգին ուղղութիւնները, դասախօսը խօսեցաւ Բաբելոնի աշտարակի դէպի վեր, դէպի խորը գացող կառուցուածքի ուղղութիւններուն մասին:
Ըստ անոր, փոփոխութիւններուն հետ վարուիլ սորվիլը դաստիարակութեան եւ կրթութեան պատասխանատուներուն գործն է` աւելցնելով մե՛րը, իւրայատուկը: Օրինակ` աղէտէն ետք ոտքի կանգնելու հայկական փորձառութիւնը, որմէ պէտք է սորվին ոչ հայերը:
21-րդ դարու համաշխարհային միտքը այն է, որ ամէն անձ ինքզինքին կը պատկանի: Պատկանելիութիւնը եւս նոր մօտեցումներ եւ ընկալումներ ստացած է:
«21-րդ դարու ուսուցիչին վստահուած է 20-րդ դարու մտածելակերպ: Ո՞վ պիտի հաշտեցնէ այս երկու ժամանակահատուածները», հարց տուաւ դասախօսը եւ անդրադարձաւ այս այժմէական կարեւոր խնդիրին:
Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ապա կէտերով խօսեցաւ «խուսափելու» սկզբունքներուն մասին.
1.- խուսափիլ «չենք կրնար»-ի հոգեբանութենէն,
2.- խուսափիլ «չունինք»-ի պատրուակէն,
3.- խուսափիլ «պէտք է, որ իրենք գիտնային» հոգեբանութենէն,
4.- խուսափիլ «ուրիշները թող հոգան»-ի ակնկալութենէն:
«Ի՞նչ են ամէնէն հիմնականները մեզի համար, նաեւ` որո՞նք են մեր կարելիութիւնները», հարց տուաւ դասախօսը` ընդգծելով, որ մի՛տքն է, տեսիլքն է, նուիրուածութիւնն է, որ կրնայ բերել արժէքաւոր նորութիւնը: Մնայունը պահպանելով նորը կերտելու հրամայականը:
Դոկտ. Հայտոսթեան դասախօսութեան վերջին բաժինով նշեց, որ կը նկատէ անհանդարտ հոգիներ, անյստակ չափանիշներ, անորոշ նպատակներ. «Շփոթի ժամանակի մէջ ենք,- ըսաւ ան,- սակայն մեր օրերը անսահման զարգացման առիթներ կու տան մեր համաշխարհային կրթական ցանցերն ու աղբիւրները նկատի ունենալով»: Ըստ անոր, 21-րդ դարու համակարգին մէջ հիմնականը հոգեբանական ուղղութիւնն է, հոգեբանական հաւասարակշռութիւնն է, եւ հայ անձը պէտք է կազմաւորուի հոգեմտաւոր արժեհամակարգի հիման վրայ: «Իսկ մեր հաստատութիւնները մնայուն արժեւորումի եւ վերլուծումի կարիք ունին», եզրափակեց վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:
21-րդ դարու կրթական համակարգի միջազգային եւ ազգային խնդիրներ արծարծող շահեկան այս դասախօսութեան յաջորդեց հրատապ հարցերու քննարկումը:
Դասախօսութեան տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի «Եութիուպ»-ի էջին վրայ: