Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Ուրբաթ, 22 նոյեմբերին Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը տարբեր, նոր, ուժեղ, յուսատու փուլ մը բացաւ Լիբանանի պատմութեան մէջ:
Թերեւս 1943 նոյեմբերին` անկախութեան հռչակման կամ 2000 մայիսին` Հարաւի ազատագրման օրը ժողովրդային նման հսկայաթիւ մասնակցութեամբ ցնծութեան երթեր եւ հաւաքներ տեղի ունեցան, սակայն այն ինչ որ կատարուեցաւ 22 նոյեմբեր 2019-ին առինքնող, աննախընթաց եւ լիբանանցի ժողովուրդին, բայց մանաւանդ անոր երիտասարդութեան մէջ ի յայտ բերաւ մէկ հայրենիքի պատկանելիութեան, Լիբանանը իբրեւ վերջնական հայրենիք նկատելու եւ անոր անկախութիւնը վերահաստատելու վճռականութիւնը:
Աննախադէպ էր ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ անկախութեան տօնակատարութիւնը:
Տարիներու սովորամոլութեան վերածուած պաշտօնական արարողութիւնները, դպրոցական ձեռնարկները կամ կուսակցական ու քաղաքական յայտարարութիւնները արդարօրէն զիջեցան ժողովրդային տարողութեամբ տարերքի մը, որ ի՛րը նկատեց անկախութիւնը, ի՛րը նկատեց իրական անկախութեան հաստատումը եւ ի՛րը նկատեց այդ նոր անկախութեան պահպանման, պաշտպանութեան եւ ամրապնդման իրաւունքն ու պատասխանատուութիւնը:
Չափազանցա՞ծ կ՛ըլլանք արդեօք, եթէ հաստատենք, որ լիբանանցին 22 նոյեմբերին լիբանանեան հայրենիքին հանդէպ իր պատկանելիութիւնը կերտեց:
Հիմնական նշանակութիւն չի ներկայացներ այս պահուս 17 հոկտեմբերին ծայր տուած ժողովրդային շարժումը ինչ կոչելը: Ցասո՞ւմ, պոռթկո՞ւմ, ապստամբութի՞ւն, շարժո՞ւմ, թէ՞ յեղափոխութիւն:
Ո՛չ ալ կարեւոր է այս առիթով քննարկումներ կատարել անոր շարժառիթներուն, քաղաքական ուղղութեան, ֆինանսաւորող անձերուն, ուժերուն, թէ պետութիւններուն մասին:
Կարեւորը այն է, որ լիբանանեան դրօշը միացուց բոլոր դժգոհները` իրենց ՈՉ-ը ըսելու զիրենք կեղեքող, որոշումը իրենց ձեռքերուն մէջ պահած քաղաքական թէ տնտեսական յղփացած «կէտ»-երուն:
Կարեւորը այն է, որ ցարդ, 17 հոկտեմբեր 2019-էն 40 օր ետք, շրջանցելով համրութեան բարդոյթը ու քանդելով վախի պատը, լիբանանցին կը շարունակէ լեցնել փողոցներն ու հրապարակները եւ կը շարունակէ պահանջել իր իրաւունքները:
Սակայն հիմնականը այս բոլորին մէջ, լիբանանցիութեան վերադառնալու Անկախութեան տօնի ժողովրդային արտայայտութիւնն էր, որ վերադարձուց յոյսը մեր այս հայրենիքին հանդէպ:
17 հոկտեմբերին սկսած շարժումը եթէ ցարդ նոյնիսկ ոչինչ իրականացուցած ըլլար, գէթ յաջողեցաւ լիբանանցիին լիբանանցիութեան վերադարձի հոգեփոխութիւնը կատարել: Ան վստահաբար յեղափոխեց պատկանելիութեան զգացումը:
Ու եթէ կարենայ այս շարժումը մնալ իր խաղաղ ընթացքին մէջ, մաքրազտէ ինքզինք անբաղձալի տարրերէ, վտանգաւոր ու բաժանարար կեցուածքներէ, մերժէ զինք շահագործումի ենթարկող այլ պետութեանց միջամտութիւնները, յարգէ լիբանանեան ներքին հիւսուածքին առանձնայատկութիւնը, ապա ան անպայմանօրէն կը յաջողի ստեղծելու երիտասարդ եւ նոր Լիբանանը:
Կրնա՞նք այս յոյսով ապրիլ:
Կրնա՞նք գէթ այս անգամ չտկարանալ մեր հաւատքին մէջ:
Կ՛ուզենք հաւատալ, որ 22 նոյեմբեր 2019-ը յեղափոխեց լիբանանցիութեան զգացումը ու հայրենիքին փարելու կամքը:
Գէթ այս անգամ պահենք նուաճումը, որպէսզի յաղթէ նոր Լիբանանը, իրա՛ւ Անկախ Լիբանանը, իսկական անկախութիւնը, երիտասարդ Լիբանանը: