ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնարկին (AFFMA) նախաձեռնութեամբ, արդէն իսկ ընթացքի մէջ են 22-րդ «Արփա» շարժապատկերի միջազգային փառատօնի նախապատրաստական աշխատանքները:
Նկատի ունենալով, որ Հոլիվուտի պատմական «Իճիփշըն» սրահը ծախուած է «Նեթֆլիքս» ընկերութեան եւ այժմ կը վերանորոգուի, կազմակերպիչները որոշած են այս տարուան փառատօնը կատարել Հայլընտ թաղին վրայ եւ «Հոլիվուտ Պոլ»ին մօտ գտնուող «American Legion Post 43»ի սրահին մէջ (2035 N. Highland Ave., Los Angeles, CA 90068), 8էն 10 Նոյեմբերի միջեւ։
Նշենք, որ վերջին 14 տարիներուն, «Արփա» շարժապատկերի փառատօները տեղի կ՛ունենային «Իճիփշըն» սրահին մէջ։
8-10 Նոյեմբերի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք այս տարուան ներկայացած հարիւրաւոր ֆիլմերէն ընտրութիւնները կատարելէ ետք, փառատօնի յայտագիրը եւ ֆիլմերը պիտի ծանուցուին շուտով, սակայն յայտնի է արդէն, որ փառատօնին բացումը պիտի կատարուի մարոքցի յայտնի բեմադրիչ Սուհէյլ Պեն Պարքայի «Sand and Fire» («Աւազ Եւ Կրակ») շարժապատկերով, որուն պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ 17-րդ դարուն, Սպանիոյ եւ Մարոքի միջեւ։ Յատկանշական է, որ ֆիլմին բեմադրիչին մեծ մայրը հայուհի մըն էր, որուն ազդեցութեամբ «Տըլէ Եաման» երգը կարեւոր ներկայութիւն մըն է շարժապատկերին տեւողութեան։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել ArpaFilmFestival.com կայքը: