Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 23 նոյեմբերին Երեւանի մէջ առանձին հանդիպում մը կը նախատեսէ ունենալ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սոյն տեղեկութիւնը երէկ լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Յիշեցնենք, որ 23 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհրդաժողովը: