Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

24 Ապրիլ՝ Մէկի Պէ՜ս Ապրիլ

April 22, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
24 Ապրիլ՝ Մէկի Պէ՜ս Ապրիլ

«Միութիւն ի կարեւորս,

ազատութիւն յերկաբայականս

եւ սէր յամենայնի»

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ

Մենք՝ աշխարհատարած հայութիւնս՝ ի Հայաստան-Արցախ եւ ի սփիւռս, խմբուած մեր Ազգային դատին շուրջ, այս օրերուն դարձեա՛լ կ՛ոգեկոչենք յիշատակը ցեղասպանուած մեր նախահայրերուն եւ մեծ-մեծ մայրերուն, որոնք Համաշխարհային Առաջին պատերազմին անողոքաբար զոհ գացին թրքական եաթաղանին եւ ցմրուր ըմպեցին Գողգոթայի դառնագոյն բաժակէն՝ Յարութեան տեսի՛լքը կտակելով իրենց զաւակներուն ու թոռներուն:

Այո՛, Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերը յարութենական ներկայութիւն են հայ մարդուն մէջ: Անոնք՝ մեր նահատակները, Հայոց Ցեղասպանութենէն 106 տարի ետք, մեր ազգի բոլոր զաւակներուն համայնական յիշողութեան մէջ կը շնչեն անկորնչելի կտակի մը ընդմէջէն, որ մեր Ազգային պահանջատիրութիւնն է եւ մեր իրաւունքներու ձեռքբերման ճամբուն վրայ ամրացած՝ մեր միասնական կեցուածքը: Անոնք՝ մեր նահատակները, այսօր մեզ կը հրաւիրեն աւելի՛ զգօն պատասխանատուութեամբ, աւելի՛ խոհեմ քայլերով եւ աւելի՛ կռացած կամքով խմբուելու Ցեղասպանութեան դատին շուրջ, մանաւանդ ըլլալու աւելի՛ Արցախ, աւելի՛ Հայ եկեղեցի, աւելի՛ Սփիւռք ու աւելի Հայաստա՛ն:

24 Ապրիլը այլեւս սգատօն չէ հայ ազգին համար: Անիկա Հայ Դատն էր երէկ, Հայ դատն է այսօ՛ր: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի բանաձեւումով՝ Հայ Դատ կը նշանակէ «յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել»: Բառեր, որոնք մեր ժողովուրդի զաւակներուն դիմաց կը բանան դիւանագիտական, քաղաքական, իրաւական, ազգային, ընկերատնտեսական եւ մշակութային աշխատանքի նոր հուն եւ մտածման ու կարելիութեանց նոր հորիզոններ, որպէսզի առանց մոռնալու անդադա՛ր յիշենք, առանց յոգնելու անդադա՛ր յիշեցնենք եւ առանց նահանջելու անդադար պահանջե՛նք:

Ա) ՅԻՇԵԼ: Յիշել կը նշանակէ՝ մեր առօրեայ կեանքին միախառնուած պահել մեր անցեալը, մեր նախնիներուն կտակը ձուլել մեր հաւաքական կեանքի կշռոյթին, այլեւ առանց մոռնալու վերյիշել Աւետիս Ահարոնեանի՝ «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհն կարդայ հայուն նախատինք» պատմական խօսքը ինչպէ՛ս երէկ, այսօ՛ր եւս, որպէսզի մեր ժողովուրդին դէմ գործուած մարդկային ամէնէն քստմնելի ոճիրը ե՛ւ արեան, ե՛ւ գիտակից իմացութեան, ե՛ւ արդար պահանջի ու գործի ճամբով փոխանցուի հայ նոր սերունդներուն՝ իբրեւ հայոց պատմութիւն ու ինքնութիւն, իբրեւ հայութեան արեւմտահայ հատուածի սփիւռքացման իրողութիւն ու, յատկապէս, իբրեւ Արեւմտահայաստան անուն հայրենիքի կորստեան անհերքելի պատճառ: Եւ յիշենք զայս պարտաւորութեա՛ն պէս, օրական ջուր խմելու, հաց ուտելու պէս, ու մանաւանդ յիշենք աղօթքի՛ պէս, այնպէս ինչպէս իր երկրէն դուրս հանուած ժողովուրդը Սաղմոսերգուին բառերով առ Բարձրեալն կ՛աղերսէ. «Դեռ մինչեւ ե՞րբ արցունքով պիտի ուտենք մեր հացը, եւ արցունքը պիտի ըլլայ մեր ամբողջ խմելիքը: Ինչո՞ւ թոյլ կու տաս, որ դրացի ազգերը կռուախնձոր դարձընեն մեր երկիրը, եւ մեր թշնամիները մեր վրայ խնդան: Մեր երկի՛րը վերադարձուր մեզ, Ամենակա՜լ Աստուած, մեզի հանդէպ բարեհաճ եղի՛ր, եւ մենք պիտի փրկուինք»: (Սաղմոս 80.5-7):

Բ) ՅԻՇԵՑՆԵԼ: Յիշեցնել կը նշանակէ՝ Օսմանեան կայսրութեան ձեռամբ անցեալ դարուն սկիզբը ի գործ դրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը անդադրում ճիգով շարունակել ծանուցել աշխարհին, մեր իրաւական Դատին մասին յարատեւ խօսիլ՝ անհատական եւ հաւաքական յիշողութիւն որպէս, այլեւ ամէն տեղ պատմել ու վերապատմել հայութեան եղեռնական ողբերգութեան մասին, մարդկային ու մասնագիտական բոլոր գետիններու վրայ շարունակել ներկայացնել զայն աշխարհի տարբեր լեզուներով եւ բոլոր ատեաններու բեմերէն՝ օգտագործելով ժամանակակից հնարաւորութիւններն ու արդի դարուն ընձեռած միջոցները: Յիշեցնել նաեւ կը նշանակէ՝ ընդգծել այն փաստը, թէ, որովհետեւ միջազգային հանրութիւնը օրին չդատապարտեց 20րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութիւնը եւ չպատժեց այդ օրերու ոճրագործ՝ օսմանական, մեր օրերու՝ թրքակա՛ն պետութիւնը, ապա եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին, աշխարհ փորձարկեց ուրիշ Ցեղասպանութիւն մը, յետոյ ուրիշ մը, ուրիշներ, որոնք անցեալ դարը լեցուցին ազգայնական զտումներու արհաւիրքներով եւ արիւնահեղութեամբ: Ու մանաւանդ յիշեցնե՛լ անուանի բռնապետին՝ «Ի վերջոյ, այսօր ո՞վ կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին» նշանաւոր արտայայտութիւնը:

Վերադառնալով մեր փոքր ածուին՝ 24 Ապրիլը մանաւա՛նդ պէտք է նկատենք յարմարագոյն պահը՝ յիշեցնելու համար ե՛ւ ցեղասպան կայսրութեան ժառանգորդ պետութեան, ե՛ւ աշխարհի մեծ ու փոքր բոլոր տէրութիւններուն, որ, զգո՜յշ, սփիւռքահայութեան չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչներն են հիմա կանգնած ձեր դիմաց, որ Հայ Դատը չի՛ մոռցուիր, չի՛ հիննար, ժամանակավրէպ չի՛ դառնար, այնքան ատեն, որ հայ նոր սերունդներու տղաք ու աղջիկներ պահանջատէրի՛ գիտակցութեամբ կու գան ըսելու, որ այսօր իրե՛նք են հայ ազգի արդար իրաւունքներուն համար անդուլ պայքարողները, հետեւաբար՝ մե՛նք ենք նաեւ ոճրագործ պետութեան ու աշխարհին յիշեցնողները, թէ ուղղե՛լ է պէտք իրենց ծուռ կշիռքը, որպէսզի հայուն իրաւատիրական պահանջներու նժարը օրհնեալ օր մը գա՛յ եւ հաւասարի Թուրքիոյ կողմէ կատարուելիք հատուցմա՛ն նժարին, որովհետեւ մենք կը հաւատանք Աստուածաշունչին, ուր գրուած է. «Եւ ամէն մարդ պիտի ըսէ.- Արդարեւ արդարը իր վարձատրութիւնը ունի. արդարեւ Աստուած մը կայ, որ կը դատէ աշխարհը» (Սաղմոս 58.11):

Գ) ՊԱՀԱՆՋԵԼ: Պահանջել կը նշանակէ՝ առանց ընկրկելու, առանց տկարանալու, առանց յոգնելու եւ առանց նահանջելու շարունակել արդար հատուցման պահանջատիրական առնական կեցուածք ցոյց տալ Թուրքիոյ ցեղասպան պետութեան եւ ամբողջ աշխարհին: Օսմանեան կայսրութեան ոճիրը միթէ միայն անցեալ դարու Ցեղասպանութեա՞մբ կը սահմանափակուի եւ կամ՝ Ցեղասպանութեան նպատակով չհրահրուեցա՞ւ Արցախի վերջին պատերազմը, 27 Սեպտեմբեր 2020ին, ոչ-թուրք հաւաքականութիւններու բնաջնջումը իր նպատակը ըրած Օսմանեան ոճրագործ կայսրութեան ժառանգորդին՝ այսօրուա՛ն Թուրքիոյ կողմէ: Արդեօք, իր տեսակին մէջ, մարդկային քաղաքակրթութեան դէմ գործուած Ցեղասպանութիւն մը չէ՞ր Ատրպէյճանի կառավարութեան հրամանով, 2005ին, Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատան մէջ աւելի քան երեք դար կանգուն մնացած հնագոյն խաչքարերու ջարդը, որուն շարունակութեան ականատես եղանք ոչ միայն մենք ազգովին, այլեւ բովանդակ մարդկութիւնը՝ ի մասնաւորի հայ թէ օտար բազում լեզուներով կատարուած լրատուութեանց եւ համացանցային տեսանիւթերու ճամբով, երբ վերջին պատերազմին ընթացքին եւ յաջորդող օրերուն Արցախի հողերուն վրայ հայկական հոգեւոր կառոյցներ, եկեղեցիներ եւ մշակութային շէնքեր, որոնցմէ շատեր՝ քրիստոնէական մշակոյթի հազուագիւտ ձեռակերտեր, անոնցմէ ոմանք՝ նախկին պատերազմի աւերակներէն վերաշնչաւորուած, ուրիշներ՝ ամբողջութեամբ նոր կառուցուած, ինչպիսի՜ բարբարոսութեամբ պղծուեցան, անարգուեցան, նոյնիսկ հիմնայատակ կործանեցան ազերի-թուրքերու ձեռքով եւ կամ ստորնաբար սեփականացուեցան թշնամիին կողմէ: Եւ արդեօք ի՞նչ անուն տալ ազերիաթրքական այն պատերազմ-սադրանքին, որուն զոհ գացին հայ մատղաշ սերունդի հազարաւոր զինուորներու եւ կամաւորներու կանաչ կեանքեր, եւ Արցախ հայրենիքի առհաւական հողերուն կարեւոր տոկոսը խլուեցաւ թշնամիին կողմէ: Այո՛, ցա՛ւ ի սիրտ, մօտիկ անցեալին հայոց պատմական հողերուն վրայ անհաւասար, բուռն ու կործանիչ պատերազմ տեղի ունեցաւ. ազերիաթրքական կողմը արհեստագիտական նորագոյն զէնքերով եւ վարձկան զինուորներու հորդաներով ոչ միայն յարձակեցաւ Արցախի վրայ, այլեւ ոտքի կոխան ըրաւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները. պատերազմ, որ, սակայն, աւարտեցաւ հայկական կողմի ժամանակաւոր պարտութեամբ եւ մեր արիւնաքամ ածուին համար, ո՜հ, ի՜նչ դառն է մեր շուրթերուն վրայ բերել, ունեցաւ շատ ծանր հետեւանք. արցախահայութիւնը դուրս շպրտուեցաւ իր տունէն ու պապենական բնակավայրերէն, իր եկեղեցիներէն ու աշխատանոցներէն, իր դպրոցներէն ու երիտասարդական եւ մշակութային համալիրներէն, որոնց մեծ մասին վրայ, ո՜վ անարդար աշխարհ, այս պահուն ատրպէյճանական չարագուշակ ու մահաբեր դրօշներ կը ճօճին: Միթէ ասիկա թրքական պետութեան հետապնդած փանթուրանական ծրագրին մէկ արարը չէ՞. ոճրածին այն ծրագրին, որ սկիզբ առած էր 1915ին, հայկական կանխորոշուած Ցեղասպանութեամբ եւ հիմա, աւելի քան դար մը ետք, ահա՛ գործնապէս կը շարունակուի՝ թուրք պետութեան հաւատարիմ եղբայր ու գործընկեր, արիւնարբու Ատրպէյճանի կողմէ: Միթէ հայկական ինքնութեան դէմ ծրագրուած շարունակուող Ցեղասպանութիւն չէ՞ սա, որ տեղի կ՛ունենայ կովկասեան տարածքին վրայ եւ Հայաստանի դաշնակից պետութեան շահադիտական նայուածքին տակ:

«Բարձունքը մերն է, տղերքը չկան,

Տղերքն աւելի բարձրում մնացին,

Դիպան աստղերին, աստղերը հանգան,

Ու մռմուռ քսուեց մեր ցամաք հացին:

Շահեցի՞ր երկիր, թէ՞ կորցրեցիր,

Բարձունքը մերն է, տղերքը չկա՜ն…»:

(Խաչիկ Մանուկեան- հայրենի բանաստեղծ)

Երէկ մերն էր բարձունքը՝ Շուշի՛ն: Ափսոս, այսօր մերը չէ ան, ոչ ալ մեզի հետ են 18, 19 տարեկան մատաղատի զինուորները, աւելի մեծերն ու հասուն տարիքի կամաւորները, մերօրեայ պատերազմի բազմահազար զոհերը: Այսօր, ազգովին, Հայաստան-Արցախ եւ Սփիւռք, դարձեալ կանգնած ենք պատմական ճգնաժամի առաջ: Հայ ժողովուրդին դարաւոր տռամը չէ աւարտած տակաւին, այլ դառնօրէն կը շարունակուի մեր ներկայ օրերուն մէջ, թուրք եւ ազերի պետութեանց հայասպան եւ հայաստանասպան ոճրային ծրագրին ընդմէջէն, մե՛ր իսկ աչքերուն դիմաց, հայրենական թէ սփիւռքածին մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, զաւակներուն ու թոռներուն իսկ ուղղակի՛ զոհաբերութեամբ: Երէկ՝ Արեւմտահայաստան, այսօր՝ Արցախահայաստա՜ն:

Ո՜վ դարք, ո՜վ բարք,

Ո՜վ թշնամիներով պաշարուած հայրենիք,

Ո՜վ ցեղասպանեալ ժողովուրդի հա՜յ Աստուած:

Ապրիլեան խորհուրդին ականջալուր եւ բոլոր դարերու հայ նահատակներուն, Եղեռնի զոհերուն ու մերօրեայ քաջարի մարտիրոսներուն անունով, մեր ազգի Պահանջատիրութեան անմար ջահը այսօր աւելի՛ բարձր կը բռնենք դէպի Երկինք: Դո՛ւն, որ արդարութեան անյեղլի նժարն ես, Տէ՜ր, տե՛ս թէ ինչպէս ազգովին կ՛աղաղակենք առ Քեզ ու կ՛ըսենք. «Ե՛լ, ո՜վ Տէր, անոնց ճամբան կտրէ, զանոնք տապալէ՛. Քու սուրովդ կեանքս փրկէ՛ ամբարիշտներու ձեռքէն» (Սաղմոս 17.13):

 

***

 

24 Ապրիլի մեր առաջնորդական անդրանիկ պատգամը կը համալրենք՝ փոխ առնելով եւ մերօրեայ համազգային մարտահրաւէրներուն պատշաճեցնելով 12րդ դարու Հայոց կաթողիկոս Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Միութիւն ի կարեւորս, ազատութիւն յերկբայականս եւ սէր յամենայնի» ամէնիմաստուն յորդորը, որ հայոց պետականութեան հիմքերը մնայուն եւ բացարձակ արժէքներու վրայ խարսխելու, հայրենեաց ներքին կեանքը ժողովրդավարական սկզբունքներով կառավարելու եւ ազգի բոլոր զաւակները սիրով միաբանած տեսնելու, անոնց միջեւ եղբայրութիւնը ոսկեայ կանոնի վերածելու հովուական ամենաբաղձալի աղօթք է:

Ա) «Միութիւն ի կարեւորս». այսինքն՝ մեր ազգի զաւակները՝ անկախ իրենց առհաւական ենթահողերու, դաստիարակութեանց եւ անհատական կարծիքներու տարբերութիւններէն, կը հրաւիրուին միշտ մէ՛կ մնալու, մէկի՛ պէս մտածելու, մէկի՛ պէս քալելու, ի պահանջել հարկին նաեւ որպէս մէ՛կ հարուածելու թշնամին ու չարիքը, որոնք կը փորձեն մօտենալ մեր սրբութիւն սրբոց Հայաստան աշխարհին, բանակին ու ժողովուրդին, մեր արդար Դատին, եկեղեցւոյ եւ ազգի դաւանած ոգեղէն արժէքներուն: Արժէքներ, որոնք մեզ իբրեւ հաւաքականութիւն կը զատորոշեն ուրիշ ազգերէ, դիմագիծ կու տան մեզի եւ մեզ կ՛ընեն Հայ, Հայաստան, Արցախ, Հայ եկեղեցի ու հայկական մշակոյթ: Միութիւն ի կարեւո՛րս: Այսօր աւելի քան երբեք մենք կը հրաւիրուինք մէկ ու միացած ըլլալու, տարակարծութիւններ ունենալով հանդերձ միութիւն կազմելու, այլ ոչ թէ երկփեղկուելու, քառափեղկուելու: Օրհասական այս պահուն ազգային միաբանութի՛ւն ստեղծենք՝ համախմբուելով կարեւորագոյնի՛ն շուրջ ու մանաւանդ մեզ մե՛զ ընող ազգային մեր դարաւոր արժէքներու պաշտպանութեան եւ անաղարտ պահպանման ի խնդիր:

Բ) «Ազատութիւն յերկաբայականս». այսինքն՝ կարծիք յայտնելու ազատութիւնը ունենալ բոլոր այն հարցերուն մասին, որոնք առաջնային չըլլալով հանդերձ իրենց վճռական կշիռը ունին ազգի ներքին կեանքի ճիշդ կառավարման, վարչական, ընկերային, կենցաղային ու առօրեայ մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները դիմակալելու եւ զանոնք ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւերով կարենալ լուծելու համար: Ասիկա հիմնաքարերէն մէկն է յառաջադէմ երկիրներու դաւանած ժողովրդավարութեան, մինչ մեր փոքր ածուի մեծ կաթողիկոսներէն Ս. Ներսէս Շնորհալի երախտաշատ հայրապետը բազո՜ւմ դարեր առաջ երկու բառի մէջ ամփոփած է մերօրեայ բաղձալի համակարգին տարրական ա՛յն սկզբունքը, որուն բացատրութեան համար աշխարհի իմաստուն ղեկավարներ եւ մասնագէտներ մինչեւ օրս շունչ ու միտք կը սպառեն, բայց չեն յաջողիր աշխարհէն դո՛ւրս վռնտել բռնապետներն ու անոնց անմարդկային կառավարման նպաստող միապետական համակարգերը, մէկը անոնցմէ՝ երէկուան Օսմանեան կայսրութիւնը, որուն մականին տակ աւելի քան վեց դար հիւծեցան արաբ, ասորի, հրեայ, պուլկար, յոյն եւ հայ ժողովուրդները եւ Ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ Արեւմտահայաստանի հայութիւնը, մինչ մեր օրերուն մէջ, Օսմանեան կայսրութեան անմիջական յաջորդը՝ Թուրքիան՝ իր նախորդներուն կողմէ գործադրուած սպանդէն 106 տարի ետք, կը շարունակէ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի հանդէպ ցուցաբերել իր նախահայրերուն նո՛յն ոճրամէտ վարքագիծը: Թուրքիոյ պետութիւնը այսօր մէկ կողմէ կը դրժէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, իսկ միւս կողմէ փանթուրանական իր հրէշային երազին թեւեր կու տայ՝ օր ցերեկով յարձակելով հայոց դարաւոր հայրենիքին վրայ: Հետեւաբար, այսօր հայոց իշխանութեանց ուսերուն կը դրուի հայրենական մեր եղբայրներուն եւ Սփիւռքի հայութեան ներքին կեանքը լրջագոյնս կառավարելու պարտաւորութիւն, այնպէ՛ս, որ իւրաքանչիւր հայ մարդ՝ ազգի ու հայրենեաց կեանքի հարցերուն մասին իր քննադատական սլաքները ուղղէ միա՛յն կառուցողական նկատառումներով եւ անպայման դրական մասնակցութիւն բերէ մեր ժողովուրդի բաղադրիչ մարմիններու, պետական թէ համահայկական կառոյցներու եւ միութիւններու աշխատանքներուն` յանուն հայութեան Մէկի ու միութեան առաւե՛լ ամրապնդման եւ ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ իբրեւ հայոց պետականութիւն ու աշխարհասփիւռ հայութիւն միացեալ հզօրացման:

Գ). «Սէր յամենայնի». այսինքն՝ մեր շարժումներէն սկսեալ մինչեւ մեր շրթներէն հնչած արտայայտութիւնները, այլեւ մինչեւ վերաբերմունք, նայուածք ու ընթացք՝ մենք կը հրաւիրուինք սիրով օծելու մեր ազգային կեանքը: Ատելութիւն, թշնամանք, հայհոյանք պէտք է դո՛ւրս բերուին մեր խօսակցական թէ գրական արտայայտութիւններէն, անոնք նաեւ պէտք է ի սպա՛ռ ջնջուին մեր շուրթերէն եւ թօթափուին մեր լեզուներէն: Փոխարէնը, մենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ պէտք է ցուցաբերենք եղբայրական կեցուածք եւ սիրո՛վ կապուինք անոնցմէ իւրաքանչիւրին: Սրբազան ա՛յն սիրով, զոր մեր նախնիները ցուցաբերած էին Աստուծոյ նկատմամբ, այլեւ հայ ազգի, հայրենիքի եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Սէրը ըլլալով շարժիչ ուժը տիեզերքին, կը հանդիսանայ քրիստոնէական կրօնքին հենքը, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուեցաւ շնորհիւ իր դաւանած գերագոյն ա՛յն ճշմարտութեան, թէ` Աստուած Սէ՛ր է, թէ՝ Աստուծոյ զաւակները սիրո՛վ պէտք է ապրին իրենց կեանքը եւ Սէրը դարձնեն մնայնութի՛ւն իրենց օրերուն մէջ: Աւելի՛ն: Քրիստոնէութիւնը որպէս կրօնք ընդունած առաջին երկիր, մեր ազգը թթխմո՛րն իսկ է ազգերու քրիստոնէացման, որովհետեւ մեր ազգը եղաւ առաջինը, որ իր պետականութիւնը կազմաւորեց քրիստոնէական սկզբունքներու, օրէնքներու, հաւատամքի ու դաւանանքի հիման վրայ: Այո՛, աշխարհէն առաջ մենք, մեր ա՛զգն է, որ իր մտածելակերպին, հոգեբանութեան, կենսակերպին եւ երկիր կառավարելու վարչական իր գործունէութեան ընդելուզեց Քրիստոնէութիւնը եւ յաւերժական կրօնքի չափանիշներով վերաշինեց աշխարհի առաջին քրիստոնեայ, հայո՛ց պետականութիւնը: Այս իմաստով նաեւ Հայաստան հրաւիրուած է միշտ հե՛նքը մնալու քրիստոնեայ բոլոր պետութիւններուն, որովհետեւ հայն ու Հայաստանը անդրանիկն են բոլոր այն առաջիններէն, որոնք, մեզմէ ետք դարձան քրիստոնէութեան սիրոյ «երգիչներ»: Հետեւաբար, գերապատի՛ւ կը համարենք անդրանկութեան իրաւունքով յիշել հայ քրիստոնեայ ազգի դարաւոր արժէքները իր մէջ խտացնող շնորհալիական բիւրեղ ու հզօր բխումը՝ «միութիւն ի կարեւորս, ազատութիւն յերկաբայականս եւ սէր յամենայնի»ն, որ այսօ՛ր եւս նոյն հնչեղութեամբ կը շաղկապուի մեր դարուն, այսօրուա՛ն հայ քրիստոնեայ անհատին ու հայութեան եղբայրական բոլոր հատուածներու կեանքին:

 

***

 

Ահա՛ այս ապրումներով եւ քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք մեր Թեմի բոլոր զաւակները եւ ապրիլեան մեր յոյզերը իբրեւ աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ խնդրելով որ օգնէ մեզի՝ հայրենական ներկայ ճգնաժամէն եւս ազգովին յաղթական դուրս գալու եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական երթը յաջողութեամբ հասցնելու արդարութեան վճիտ ու զուլալ ափ` յանուն հայութեան դարաւոր իրաւունքներու ձեռքբերման, յանուն ազգի զաւակներուն եղբայրական մէկութեան եւ յանուն Հայաստան-Արցախի կայունութեան, ապահովութեան եւ յոյժ բաղձալի յառաջդիմութեան:

 

«ՄԻՈՒԹԻՒՆ Ի ԿԱՐԵՒՈՐՍ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՅԵՐԿԱԲԱՅԱԿԱՆՍ

ԵՒ ՍԷՐ ՅԱՄԵՆԱՅՆԻ»

 

Կեցցէ՛ Հայաստանը

Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը

 

24 ԱՊՐԻԼ՝ ՄԷԿԻ ՊԷ՜Ս ԱՊՐԻԼ

 

Քրիստոսաւանդ սիրով

Աղօթարար

 

ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ, Առաջնորդ

Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց Թեմի

 

23 Ապրիլ, 2021

Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ

Previous Post

106 Տարի Թէ 6 Ամիս Առաջ. ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՄՈՌՆԱԼ ՉԱՐԻՔՆԵՐԸ, ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ

Next Post

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը, Դատապարտումը Եւ Հատուցումը Մեր Բոլորին Միտքի Եւ Խիղճի Պարտքն Է»․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.