Գոհունակութեան խորունկ զգացումով ու հաճոյքով, Հայկազեան Համալսարանին մէջ յայտարարուեցաւ հաստատումը Արմէն եւ Սալբի Յարութիւնեան Մնայուն Կրթանպաստին:
Արդարեւ, Տէր եւ Տիկ. Արմէն եւ Սալբի Յարութիւնեաններ 250,000ամերիկեան տոլարի հայ ուսանողներու կրթանպաստի անձեռնմխելի ֆոնտ մը հաստատեցին Հայկազեան Համալսարանին մէջ:
Լիբանահայծոցին մէջ իր վաթսունամեակի սէմին գտնուող Հայկազեան Համալսարանին համար իւրօրինակ այս նուիրատուութեան պաշտօնական արարողութիւնը կատարուեցաւ Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2013ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ, սեղմ շրջանակի մը մէջ:
Իր խօսքին մէջ, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան բարձր գնահատեց այս նուիրաբերումը, մատնանշելով որ Համալսարանի մեծագոյն իրագործումը «հայ ուսանողին կրթանպաստ հայթայթելով համալսարանական կրթութեան առիթ յառաջացնելն է,- եւ ընդգծեց որ,- մեր մեծագոյն պէտքերը այդ կալուածին մէջ են»: Ապա ան անդրադարձաւ բարերար ամոլին, շեշտելով անոր երկարամեայ ծառայութիւնները լիբանահայութեան, ու աւելցուց որ Պրն. Յարութիւնեան բազմիցս օգտակար դարձած է լիբանահայ կրթական ասպարէզին: Վեր. Հայտօսթեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ ներկայ նուիրատուութիւնը կու գայ կրթանպաստի մեծ կարիքներուն իր կարեւոր օգտակարութիւնը ունենալու:
Ապա համառօտակի ներկայացուեցան Պրն. Յարութիւնեանի կենսագրականը եւ հրատարակչական գործունէութիւնը:
Խօսք առնելով, բարերար Արմէն Յարութիւնեան «բարի» գտաւ նպատակը արարողութեան եւ մաղթեց որ նման արարողութիւններ շատնան: Ան նշեց որ Հայկազեան Համալսարանը հայ երիտասարդութիւն կը մէկտեղէ եւ հայեցի մթնոլորտի մէջ զանազան մասնագիտութիւններ կը ջամբէ, որով կը բարձրանայ մեր ազգին ուսումնական արժէչափը եւ կոչ ըրաւ՝ «պէտք է գուրգուրալ Հայկազեան Համալսարանին նիւթապէս եւ բարոյապէս»: Պրն. Յարութիւնեան շեշտեց որ Հայկազեան Համալսարանը «բոլորին կը պատկանի» եւ առ այդ մաղթեց որ այս արարքը վարակիչ դառնայ, ու իր խօսքը աւարտեց մէջբերելով Վահան Թէքէեանի ուսանելի բանաստեղծութենէն՝ «Հաշույեարդար, ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնացԻնչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ այն միայն»:
Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին մտերիմ խօսակցութիւն ծաւալեցաւ:
Իւրօրինակ գնահատում մըն էր այս նուիրատուութիւնը ուղղուած Հայկազեան Համալսարանին, անոր հին ու նոր դասախօսական անձնակազմին եւ պաշտօնէութեան ծաւալած գործունէութեան ու կրթանուէր առաքելութեան:
3 Դեկտեմբեր, 2013
Հայկազեան Համալսարան