27 հոկտեմբեր 2022-ը Լիբանանի համար եղաւ պատմական օր մը, որուն ընթացքին կարելի եղաւ հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը ստորագրել:
Ռաս Նաքուրայի մէջ, ներկայութեամբ Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի եւ լիբանանեան ու իսրայէլեան պաշտօնական պատուիրակութիւններուն, որոնք նոյն վայրին մէջ չգտնուեցան, տեղի ունեցաւ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան ստորագրութիւնը:
Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու կեդրոնատեղիին կից ՄԱԿ-ի յատուկ վրանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի կողմէ ստորագրուած սահմանագծումի համաձայնութեան ամերիկեան փաստաթուղթին փոխանակումը` ՄԱԿ-ի միջոցով, առանց լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւններուն միջեւ ուղղակի հանդիպումի:
Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը հասաւ Նաքուրա` ստորագրուած համաձայնագիրը յանձնելու Հոքշթայնի, իսկ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի ստորագրութիւնը կրող ծովային սահմանազատման տուեալները յանձնելու ՄԱԿ-ին:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը նախ մերժեց մուտք գործել ՄԱԿ-ի վրան` նկատի ունենալով լիբանանեան ծովային գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն գործող իսրայէլեան նաւերը:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը ՄԱԿ-ի վրան մուտք գործեց, երբ իսրայէլեան նաւերը հեռացան լիբանանեան ջուրերէն:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը ՄԱԿ-ի վրանէն դուրս եկաւ` համաձայնագիրն ու ծովային սահմանազատման տուեալները կրող փաստաթուղթը յանձնելէ ետք:
Պատուիրակութիւնը Պէյրութ վերադառնալէ ետք հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ անոր յանձնեց լիբանանեան պետութեան պատկանող սահմանագծումի համաձայնութեան պաշտօնական փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունին ներկայացուց փաստաթուղթերու փոխանակման արարողութեան մանրամասնութիւնները:
Իսրայէլի կողմէ Նաքուրա ուղղուած պատուիրակութիւնը գլխաւորեց ուժանիւթի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լիոր Շիլաթ:
Ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան պաշտօնական ստորագրութենէն ետք իսրայէլեան պատուիրակութիւնը Ռաս Նաքուրայէն յայտարարեց, որ Քարիշի նաւթահորէն կազի հորատումը սահմանագծումի համաձայնութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի` աւելցնելով, որ այս համաձայնութիւնը Իսրայէլը պիտի վերածէ կազ արտածող մեծագոյն պետութիւններէն մէկուն:
Պատուիրակութեան կողմէ յայտարարուեցաւ նաեւ, որ այս համաձայնութիւնը գոյացած է Հըզպալլայի կամքով` ընդգծելով, որ նման համաձայնութիւն մը ստորագրել կը նշանակէ Իսրայէլը ճանչնալ:
Սահմանագծումի համաձայնութիւնը ստորագրելու պաշտօնական արարողութենէն ետք Հոքշթայն Նաքուրայէն ուղղուեցաւ Իսրայէլ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Լափիտի հետ:
Եոաննա Վրոնեցքա Լիբանանի եւ Իսրայէլի կողմէ ծովային սահմանազատման վաւերացուած տուեալները ստանալէ ետք ողջունեց սահմանագծումի համաձայնութիւնը, որ իրականացաւ Հոքշթայնի վարած ամերիկեան յաջող միջնորդութեամբ:
Վրոնեցքա հաստատեց, որ սահմանագծումի համաձայնութիւնը տարբեր մակարդակներու վրայ իրականացած պատմական նուաճում է` մաղթելով, որ անիկա ըլլայ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու նախաքայլը, ինչպէս նաեւ տնտեսական շահեր ապահովէ զոյգ երկիրներուն համար:
Վրոնեցքա նշեց, որ սահմանագծումի համաձայնութեան եւ ծովային սահմանազատման տուեալները կրող փաստաթուղթերը ինք պիտի ուղարկէ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղի, Նիւ Եորք:
Վրոնեցքա բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի ճիգերը` յանգելու այս համաձայնութեան: Ան գնահատեց լիբանանցի ղեկավարներուն միասնական կեցուածքը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ միացեալ թիրախ մը նուաճել եւ Լիբանանի համար բանալ նոր էջ մը, որուն հիման վրայ լիբանանեան ազգային շահերուն շուրջ կարելի պիտի ըլլայ համախոհութեան յանգիլ:
Պաապտայի Մէջ Նախագահ Աուն Ստորագրեց
Համաձայնութիւնը
Երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Հոքշթայն, ընկերակցութեամբ` դեսպան Տորըթի Շիայի, այցելեց նախագահական պալատ, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, ինչպէս նաեւ Հոքշթայնին ընկերակցող ամերիկեան պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Հոքշթայն ծովային սահմանագծումին մասին ամերիկեան պաշտօնական համաձայնութեան փաստաթուղթը յանձնեց նախագահ Աունին:
Նախագահ Աուն ստորագրեց համաձայնութիւնը` շեշտելով, որ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը թեքնիք աշխատանք մըն է, որ քաղաքական խորք չունի, հետեւաբար տարբեր երկիրներու հետ Լիբանանի ունեցած արտաքին քաղաքականութեան հետ չի հակադրուիր:
Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ Պաապտայէն յայտնեց, որ նախագահ Աուն ստորագրած է ամերիկեան պաշտօնական փաստաթուղթը եւ զայն յանձնած լիբանանեան պատուիրակութեան:
Ան աւելցուց նաեւ, որ նախագահ Աուն կազմեց պատուիրակութիւն մը, որ իր անունով ստորագրուած այդ փաստաթուղթը պիտի յանձնէ Հոքշթայնի, Նաքուրայի մէջ:
Պու Սաապ աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ յուշագիր մը պիտի յանձնուի նաեւ ՄԱԿ-ին:
Ապա Էյմըս Հոքշթայն Պաապտայէն կատարած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց. «Այսօր Լիբանան պատմական օր մը կ՛ապրի, որովհետեւ ծովային սահմանագծումի իմաստով հասած ենք համաձայնութեան մը, որ կ՛երաշխաւորէ երկու երկիրներուն սահմանային կայունութիւնը»:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բանակցութիւններուն մասնակցած լիբանանեան պատուիրակութեան եւ ողջունեց անոր աշխատանքը:
Էյմըս Հոքշթայն նկատել տուաւ, որ ներկայիս կարեւորագոյն բանը, որ պիտի ըլլայ, սահմանագծումի համաձայնութիւնը չէ, այլ անոր յաջորդող քայլերը` մաղթելով, որ անիկա անկիւնադարձային ըլլայ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու իմաստով, եւ լիբանանցի քաղաքացիները մօտիկ ապագային պիտի զգան այդ տարբերութիւնը:
Հոքշթայն շեշտեց, որ այս համաձայնութիւնը պիտի արտօնէ, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 9 հանքին մէջ աշխատանքները սկսին` աւելցնելով, որ Լիբանանին պատկանող բնական այդ հարստութենէն ոչ ոք պիտի օգտուի:
Հոքշթայն հաստատեց, որ սահմանագծումի համաձայնութեան մէջ չկայ յօդուած մը, որ կրնայ պատճառել Լիբանանի մէջ նաւթ եւ կազ հորատելու աշխատանքին ուշացումը:
Այս համաձայնութիւնը ստորագրուած է երկու երկիրներու միջեւ, որոնք դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին, «եւ այդ մէկը պիտի երաշխաւորէ, որ երկու կողմերէն ոչ ոք իրարու շահերուն տիրանայ», ըսաւ ան:
Հոքշթայն հաստատեց, որ Ուաշինկթըն ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ չէզոքացնելու համար որեւէ հարց, որ կրնայ խոչընդոտել համաձայնութիւնը: «Համաձայնութիւնը խախտելու իմաստով մենք ոչ մէկ վախ ունինք: Համաձայնութեան կարեւորութիւնը այն է, որ անիկա կը ծառայէ երկու երկիրներու շահերուն եւ անոր խախտումը` ոեւէ երկրի կողմէ, կը նշանակէ երկու կողմերու շահերուն խափանումը», շեշտեց ան:
Հոքշթայնի մեկնումէն ետք, նախագահական պալատէն յայտարարուեցաւ, որ նախագահ Աունի նշանակած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Մունիր Շահատէ, Լիբանանի նաւթի խորհուրդի վարչութեան անդամ Ուիսամ Շպաթ եւ Օրինական խորհրդատուութեան կեդրոնի նախագահ Ահմետ Արաֆա:
Լիբանանեան պատուիրակութեան պարտականութիւնը պիտի ըլլայ նախագահ Աունի կողմէ ստորագրուած սահմանագծումի համաձայնագիրը Նաքուրայի մէջ յանձնել Հոքշթայնի:
Նախքան պատուիրակութեան Նաքուրա մեկնիլը, նախագահ Աուն նախագահեց պատուիրակութեան հետ հանդիպումին:
Վարչապետարանին Մէջ
Նախագահական պալատէն անմիջապէս ետք Հոքշթայն ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Ներկայ գտնուեցան դեսպան Շիա, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Միքաթիի խորհրդականներ Պութրոս Ասաքեր եւ Նիքոլա Նահհաս, ինչպէս նաեւ ամերիկեան պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Հոքշթայնի` սահմանագծումի համաձայնութեան յանգելու գծով անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Միքաթի յոյս յայտնեց, որ կատարուած համաձայնութիւնը ըլլայ հիմնական քայլ մը` կազի եւ նաւթի Լիբանանի բնական հարստութիւններէն օգտուելու ճամբուն վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները լուծել եւ օժանդակել լիբանանեան պետութեան վերականգնումին:
«Լիբանանի պատասխանատուներուն միջեւ գործակցութիւնը եւ Լիբանանի բարեկամներուն օժանդակութիւնը իրականացուցին Լիբանանի պատմութեան մէջ այս տեսակարար քայլը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական հետաքրքրութիւնը շրջանին մէջ նոր առանցք մը մղեց եւ օժանդակեց Լիբանանին` վերականգնելու տնտեսական իր բարօրութեան նկատմամբ հաւատքը:
Հանդիպումի աւարտին Միքաթի Հոքշթայնին յանձնեց յուշանուէր մը:
Պըրրիի Մօտ
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Այն Թինէի մէջ Հոքշթայն հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Պըրրիի հետ ունեցած իր կարճ հանդիպումէն ետք Հոքշթայն յայտնեց, որ ինք խորհրդակցած է խորհրդարանի նախագահին հետ, որ 10 տարիէ ի վեր ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` սահմանագծումի համաձայնութեան յանգելու համար:
Հոքշթայն ողջունեց Պըրրիի ճիգերը` հաստատելով, որ այս համաձայնութենէն տնտեսապէս պիտի օգտուին Լիբանանն ու լիբանանցիները:
Իսրայէլի Կառավարութիւնը Համաձայնութիւն Կը Յայտնէ
Սահմանագծումի Համաձայնութեան
Իսրայէլի կառավարութիւնը երէկ վաւերացուց Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը, որմէ ետք Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ շուրջ ժամը 11:30-ին ստորագրեց սահմանագծումի համաձայնութիւնը:
Սահմանագծումի համաձայնութեան վաւերացման Իսրայէլի կառավարութեան նիստին ընթացքին Լափիտ նկատել տուաւ, որ Լիբանան Իսրայէլը ճանչցած է` ամերիկեան միջնորդութեամբ կատարուած սահմանագծումի այս համաձայնութեան յանգելուն ընդմէջէն:
«Ասիկա քաղաքական նուաճում է, որովհետեւ չի պատահիր, որ օրական դրութեամբ Իսրայէլի թշնամի երկիր մը կը ճանչնայ զայն` գրաւոր համաձայնագիրով եւ միջազգային ընտանիքին ներկայութեան», շեշտեց Լափիտ:
Լափիտ յայտնեց, որ սահմանագծումի համաձայնագիրը դիւանագիտական եւ տնտեսական նուաճում է` աւելցնելով, որ սահմանագծումի համաձայնութիւնը կ՛ամրապնդէ Իսրայէլի ապահովութիւնը եւ Հըզպալլայի դէմ գործելու անոր ազատութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ Լափիտ յայտնեց, որ Իսրայէլ Կանայի հանքէն ապահովուելիք շահերուն 17 առ հարիւրը պիտի ստանայ:
Միացեալ Նահանգներ Կը Շնորհաւորէ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումը աւելի ապահով եւ բարգաւաճ Միջին Արեւելք մը ունենալու նախաքայլը կը նկատուի:
Ան շնորհաւորեց Լիբանանն ու Իսրայէլը, որոնք ծովային սահմանագծումի շուրջ իրականացուցած իրենց համաձայնութեամբ վերջ տուին ծովային սահմանագիծի երկարատեւ տագնապին:
«Պատմական այս համաձայնութեան յայտարարութեան պահուն հաստատեցի, որ անիկա պիտի իրականացնէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի շահերը», ըսաւ Պայտըն` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ իբրեւ միջնորդ օժանդակել երկու կողմերուն` յանձնառու մնալու իրենց համաձայնութեան եւ գործադրելու զայն:
Պայտըն շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ուժանիւթի տագնապի եւ պառակտումի տարր մը պէտք չէ ըլլայ, այլ` գործակցութեան, կայունութեան, ապահովութեան եւ բարգաւաճման տարր մը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Անթոնի Պլինքըն շնորհաւորեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւնները` ամերիկեան միջնորդութեամբ անոնց իրականացուցած սահմանագծումի համաձայնութեան առիթով:
Պլինքըն հաստատեց, որ պատմական այս նուաճումը խոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ շրջանին մէջ ապահովութիւնը, կայունութիւնն ու բարգաւաճումը ամրապնդելու իմաստով:
Ան նշեց, որ այս համաձայնութեամբ պիտի ամրապնդուին Իսրայէլի տնտեսական շահերը, իսկ լիբանանցիները պիտի օգտուին օտար երկիրներու ներդրումներէն, որոնց կարիքը ունին` նկատի ունենալով անոնց դիմագրաւած տնտեսական քանդիչ տագնապը:
Պլինքըն հաստատեց, որ այս համաձայնութիւնը կարելի պիտի չըլլար իրագործել` առանց Լիբանանի եւ Իսրայէլի պատասխանատուներուն դիւանագիտական ջանքերուն, Հոքշթայնի լուրջ աշխատանքին ու հետապնդումներուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երկու կողմերը համաձայնութեան մղելու ճիգերուն:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա շնորհաւորեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւնները` ծովային սահմանագծումին շուրջ իրենց իրականացուցած համաձայնութեան պատմական նուաճումին առիթով:
Սէյիտ Նասրալլա.
«Առաքելութիւնը Իրագործուած Է»
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի համաձայնութեամբ կարելի է ըսել, որ առաքելութիւնը իրագործուած է:
Ան նշեց, որ Դիմադրութեան կողմէ որդեգրուած արտակարգ միջոցառումներն ու զօրաշարժը արդէն իսկ աւարտած են:
«Հըզպալլա կը նկատէ, որ սահմանագծումի համաձայնութեան համար սկիզբէն ի վեր սկսած աշխատանքը, մինչեւ անոր աւարտը, Լիբանանի եւ անոր պետութեան, ժողովուրդին ու Դիմադրութեան համար հսկայական յաղթանակ մըն է», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց նաեւ, որ Իսրայէլի հետ Լիբանանի յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին յայտարարութիւններն ու մեկնաբանութիւնները անհիմն են:
Ան դիտել տուաւ, որ նոյնիսկ ձեւական իմաստով ստորագրուածը միջազգային համաձայնագիր մը չէ, այլ համաձայնութիւն մը, որ առաջարկուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ, եւ Լիբանան համաձայն գտնուած է անոր ու զայն ստորագրած:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ ամերիկեան համաձայնութեան փաստաթուղթը Լիբանանի եւ Իսրայէլի համատեղ ստորագրութիւնը չի կրեր, այլ իւրաքանչիւրը առանձինն ստորագրած է` ծովային սահմանագծումին վերաբերեալ:
«Նաքուրայի մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը բանակցութիւններ չկատարեց, իսկ կատարուած բանակցութիւնները անուղղակի էին, ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, եւ լիբանանեան ու իսրայէլեան բանակցող կողմերը նոյն յարկին տակ բնաւ չհանդիպեցան», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա` վերահաստատելով, որ այս համաձայնութիւնը ոչ մէկ ձեւով կարելի է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացում նկատել: