ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հայ մարդուն ամէնէն դժնդակ պայմաններուն մէջ իսկ կան թուականներ, պանծալի թուականներ, որոնք կը մնան ոչ միայն, յիշատակ եւ յուշ, այլ մանաւա՛նդ` վճռակամութեան վերանորոգման առիթ, գոյատեւելու կամքի պողպատացման մղիչ ուժ:
28 Մայիս 1918-ն այդ թուականներէն գլխաւորն է ու վեհագոյնը:
Սասնոյ ապստամբութեան, Խանասորի, Շապին Գարահիսարի, Մուսա Լերան, Վանի ապստամբութեան, Հաճնոյ գոյամարտի եւ նման բոլոր հերոսապատումներուն դափնին են 28 Մայիսի ճակատամարտերն ու անկախութիւնը:
Ու այդ անկախութիւնը եղաւ հիմը ազատ ու անկախ Հայաստանի, ազատ ու անկախ Արցախի:
Անկախութեան համար մղուած ճակատամարտերը դաշնակցական Արամ Մանուկեանի եւ աննման կտրիճներու զոհողութեան հաւաքական նուէրն են համայն հայութեան:
Սարդարապատ, Բաշ Ապարան ու Ղարաքիլիսա սոսկ ճակատամարտեր չեն` հողատարածքի մը անկախութիւն ապահովող:
28 Մայիս 1918 թուականը հայ մարդու ստրկութեան շղթաները քանդող գոյակռիւն է, ազատութեան համար անճնշելի կամքի պոռթկումը:
Անհաւասար կռիւ, սովի ու համաճարակի ենթակայ գաղթականութիւն, ամբողջութեամբ մինակ ու անպաշտպան, հայութիւնը յաղթեց ու կերտեց 28 Մայիս, որովհետեւ որոշեց ապրիլ ազատ ու անկախ:
Դարերէն եկող ու դարերուն գացող ազատատենչ ոգիի եւ ինքնուրոյն
ու անկախ ապրելու հայ մարդու որոշումին ամենապայծառ ու մնայուն խորհրդանիշն է 28 Մայիս 1918:
Ոչ միայն խորհրդանիշ է ան:
Մնայուն զանգ է ու հրաւէր կոչնակ:
Մնայուն յուշարար բոլոր սերունդներուն:
Հայաստանի ու հայութեան հաւատացող եւ անոնց յաւերժութիւնը կերտող անցեալի ու ներկայի բոլո՛ր հաւատաւորներուն:
Հա՛յ երիտասարդութեան:
Անո՛ր, որ պարտի 28 Մայիսի խորհուրդը վառ պահել ու ունենալ յանձնառու հայու ազատ մտածողութիւնը կերտելու, անկախ հայ միտքը, ազատագրուած հայու թռիչքը կռանելու պատասխանատուութիւնը:
Հայ երիտասարդութեան ու բոլորիս` մեր ու գալիք սերունդներուն ուղղող փարոսը ըլլալու եւ յիշելու ու յիշեցնելու, թէ Մայիս 28 սոսկ թուական չէ, սոսկ ճակատամարտ չէ, սոսկ պատմութիւն չէ, նոյնիսկ անկախութեան պարզ յայտարարութիւն չէ՛:
Այլ,
28 Մայիսը վերջին դարու մեր լինելիութեան հիմնաքարն է:
28 Մայիսը ազատ հայու, ինքնուրոյն հայու, անկախ հայու, ստրուկի հոգեբանութիւնը քանդող, ճակատաբաց ո՛չ ըսող հպարտ հայու արեամբ ներկուած ճառագայթող ինքնութիւնն է:
Փա՛ռք 28 Մայիսը կերտող սերունդին:
Փա՛ռք անկախ ու ազատ կամք կտակող սերունդին:
Եւ յառա՛ջ, 28 Մայիսով նոր 28 մայիսներ կերտելու աննկուն կամքին:
Երիտասարդութեան կամքին:
Մեր հին ու նոր ազատամարտիկներու կամքին:
Միասնաբա՛ր` դէպի յառաջ:
Միասնաբար` դէպի նոր յաղթանակներ:
Մինչեւ որ Եռագոյնը ծածանի Արարատի կատարին: