ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ
Յակոբ Բագրատունիի Խօսքը` Մայիսեան Ժողովրդային Հաւաքին
Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակի ամէնէն դաժան եւ ընկճուած, ամէնէն խառնաշփոթ եւ անհորիզոն, ամէնէն պայթունավտանգ եւ ճակատագրական պայմաններու մէջ է, որ կը տօնենք անկախ Հայաստանի հիմնադրութեան տարեդարձը` 28 մայիս 1918-ով վերընձիւղուած հայ ազգի ազատատենչ կամքի արտայայտութիւնը:
Անզգամ անձնատուութեամբ, հայ ազատամարտիկներու արեամբ շաղախուած Արցախի ազատագրուած տարածքներն ու Հայաստանի դարպաս Շուշին թշնամիին նուիրուած, Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը քաղաքական ու տնտեսական սակարանին վրայ դրած մարդիկ, անոնց տէրերն ու պալատական երգիչները թէ թմբկահարները, յուսահատութեան, անտարբերութեան, անել կացութեան մատնուած մարդիկ, Հայաստանն ու Արցախը պարզ հողատարածք նկատող անհատներ, ուր հաց` հոն կաց քարոզող մեսիաներ, շրջանային թէ միջազգային քաղաքականութիւն մեկնաբանող քաղաքական փորձագէտներ, ազերիին, թուրքին, ռուսին թէ արեւմուտքին կեցուածքները պարզաբանող դիտորդներ թէ գործակատարներ, շատ բան ունին սորվելիք Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով եւ Ղարաքիլիսայով կենսագործուած 28 մայիսի ճակատամարտերէն ու Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն, այնուհետեւ` պետութեան մը հիմքերը հաստատելու փորձառութենէն:
Ամէն ժամանակներէ աւելի, պատմութեան նենգափոխութեան ամէն փորձէ անդին, մեր ազգի ֆիզիքական գոյութեան վտանգուածութեան թէ հոգեկան նահանջի ճակատագրական այս փուլին, այսօր` 28 մայիս 2021-ին, շատ բան ունինք քաղելիք 28 մայիս 1918-էն, զանոնք վերածելու համար յառաջիկայի մտասեւեռումի, ազգային վերականգնումի մեկնակէտի ու նոր, ծաւալուն, նպատակասլաց պայքարի ենթահողի:
Հայ ժողովուրդի բնաջնջումը երազող եւ բնաջնջման համար ցեղասպանութիւն գործադրած Թուրքիոյ դէմ ծառանալու կռիւն էր 28 մայիսը: Գաղթականութեան մէջ գտնուող, ընտանիք, կալուած, բարօր կեանք, տնտեսական բարւոքութիւն կորսնցուցած, սակայն արժանապատուութիւնը անխաթար պահած հայ մարդուն ծառացումն էր 28 մայիսը` թուրք պետութեան, թուրք զինուորին, անոր զէնքին ու զինամթերքին դէմ: 28 մայիսին արժանապատուութիւնը յաղթեց թուրքին:
28 մայիս 1918-ը համաժողովրդային կռիւ էր թուրքին դէմ, իր զաւակը կորսնցուցած հայ մօր կռիւն էր` իր միւս զաւակներուն հետ ճակատամարտի դաշտ երթալու ու հայրենիքը պաշտպանելու: Հայ հոգեւորականին կռիւն էր, որպէսզի շարունակուին ղօղանջել հայ եկեղեցւոյ զանգակները: Հայ շինականին կռիւն էր` բահ ու բրիչով պաշտպանելու Արարատեան դաշտը եւ արեամբ խառնուած ճակտի քրտինքը վերածելու նոր ծիլեր ծաղկեցներու ոռոգման առուակներու: Եւ հայ կամաւորական գունդերու կռիւն էր, որպէսզի «Երեւանը չե՛նք դատարկի» կարգախօսը ամբոխահաճոյ խօսք չըլլայ, եւ Երեւանը վերածուի անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին: Այո՛, արժանապատիւ հայ մայրը, հայ հոգեւորականը, հայ երիտասարդն ու ալեւորը, հայ շինականն ու հայ կամաւորը յաղթեցին թուրքին 28 մայիս 1918-ին:
28 մայիս 1918-ը համահայկական ու համազգային կռիւ էր թուրքին դէմ: Կռիւ ո՛չ թէ սոսկական հողատարածքի պաշտպանութեան համար, այլ հայրենիքի, Հայաստանի ու հայութեան, համայն հայութեան պաշտպանութեան համար, Հայաստանի հողը, մեր բոլորին հողը սակարանային, առեւտրական, տնտեսական շուկայի ըմբռնողութիւն չէ: Ան հայրենիքի հող է, ու անոր իւրաքանչիւր հատիկը մեր ազգին համար սրբազան ու թանկագին արժէք է, իսկ անոր պաշտպանութիւնը իւրաքանչիւր հայու իրաւունքն է ու պարտաւորութիւն` միաժամանակ:
Իբրեւ այդպիսին, 28 մայիսը իր հողը պաշտպանած, անոր համար նահատակուած, հողով զօրացած արժանապատիւ հայ մարդուն յաղթանակն է թուրքին դէմ:
28 մայիս 1918-ը հայ ազգի հաւաքական կամքի արտայայտութիւնն է: Կամքը` յաղթելու, կամքը` գոյատեւելու, կռիւով հայրենիք եւ ազատ ու անկաշկանդ քաղաքացի դառնալու: Զինուորական անհաւասար կռիւներ էին Մայիսեան ճակատամարտերը: Այդ ճակատամարտերը չմղուեցան օրուան արդիական զէնքերով ու զինամթերքով: Յաղթանակը չարձանագրուեցաւ ռազմական վերակշռութեամբ: Անկախութեան յաղթանակը գերակշռողը հայ մարդուն անխորտակելի կամքն էր ու այդ կամքը կռանող հայրենասիրութիւնը, հայաստանասիրութիւնը, ազգասիրութիւնը, հայութիւնը մէկ եւ միասնական տեսնելու խոր իմացութիւնը: Հո՛ն էին արեւելահայն ու արեւմտահայը, հո՛ն էին բոլորը, տարբեր շերտերն ու քաղաքական ուղղութիւնները: Հայուն կամքը արտայայտուեցաւ, ուժեղացաւ ու անխորտակելի դարձաւ, երբ ոչ ոք տեսաւ տարբերութիւններ եւ շերտեր, տեղացի թէ գաղթական, հին ու նոր: Կամքը` հզօր ու անխորտակելի էր, որովհետեւ Սարդարապատը, Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսան վերածուեցան հաւաքական, հաւատաւոր ու ուժեղ կամքի տէր հայու ազատատենչ ոգիի ու հայապահպանման իրականացման յաղթանակ կերտելու դաշտերու: Դարձեալ 28 մայիս 1918-ը արժանապատիւ հայ մարդու հաւաքական կամքի յաղթանակն էր թուրքին դէմ:
28 մայիս 1918-ի համաժողովրդային կռիւն ու յաղթանակը իրականացաւ, որովհետեւ հայ մարդը կռուեցաւ յաղթելու համար: Պարտութիւնն ու պարտուողականութիւնը տեղ չունէին անոր հոգիին մէջ: Ի սկզբանէ տկարութեամբ, անհաւատութեամբ, յուսահատութեամբ, անկարողի հոգեվիճակով չէր, որ ան գնաց պատերազմի: Ան գիտէր, որ յաղթելո՛ւ համար պիտի կռուի, ի հարկին` նահատակուի: Գիտէր, որ խաղաղութեան հաստատման համար պարտի կռուիլ: Գիտէր, որ նահանջը պարտութիւն է, երկրորդ ցեղասպանութիւն:
Հայ մարդը գիտէր, որ իր կռնակը ամուր է, իր հրամանատարները հայոց պատմութեան ընդերքէն եկած հայրենապաշտութեան ռահվիրաներ են: Ան գիտէր, որ դասալիքներ չկան ու պիտի չըլլան կռիւին մէջ ու նոյնիսկ եթէ ըլլան` իբրեւ հայրենիքի դաւաճան պիտի դատուին ու պատժուին: Ան գիտէր, զէնք բարձրացուցած ու կռիւի դաշտ ուղղուող հայ մարդը գիտէր, որ իր կռնակէն գաղտնի համաձայնագիրներ, անձնատուութեան պայմանագիրներ ստորագրողներ եւ վաճառականներ պիտի չըլլան: Ան գիտէր, որ իր պաշտպանած հողը, ազատագրած հողն ու անոր իւրաքանչիւր հատիկը պիտի մնան ի՛րը, հայունն ու Հայաստանինը, եւ վստահ էր, որ հողատու մը պիտի չգար ու իր զոհողութիւնները վաճառքի հանէր: Այո՛, 28 մայիսը յաղթողի կամքով, անզիջող ու անսակարկ նուիրումով արժանապատիւ հայ մարդուն յաղթանակն էր թուրքին դէմ:
28 մայիս 1918-ը անկեղծ, գիտակից, հայրենասէր, զոհաբերող, արեան կենսափորձ տեսած, խիզախ ու խրոխտ ղեկավարութեան, թշնամին լաւ ճանչցող, իր ուժերուն, բայց մանաւանդ հայրենիքին հաւատացող ղեկավարին, զինուորականին եւ քաղաքական մարդուն կռիւն էր: Ու երբ վտանգուած հայութիւնը` գիտակցելով Հայաստանին սպառնացող ահագնացած վտանգին, մէկ մարդու նման դաշնակցական Արամ Մանուկեանին վստահեցաւ երկրին ու իր ճակատագիրին տնօրինելու ղեկը, ժողովուրդը չսխալեցաւ, եւ ոչ ալ ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցական Արամը գինովցան եւ շահագործեցին այդ վստահութիւնը: Անոնք իրենց ողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրին ազգին, եւ յաղթանակը նուիրեցին Հայաստանին: Կռիւ ղեկավարեցին, եւ ոչ թէ ցուցադրութիւն: Չխօսեցան, այլ կռուեցան: Չստեցին, այլ ճակատներու վրայ կռիւ տուին: Պատասխանատուութենէ չխուսափեցան, ոչ ալ այլոց վրայ մեղք բեռցուցին, այլ իրենց ուսերուն առին, ամենայն քաջութեամբ եւ խրոխտ կեցուածքներով, հայրենիքը պաշտպանելու եւ զայն ազատ պահելու պարտականութիւնը: Ու երբ հայ մարդը կռուեցաւ, հայ զինուորը հարուածեց, հայ հրամանատարը հրահանգեց, անոնք գիտէին, թէ իրենց ընտրած ղեկավարը կողմնակի հաշիւներ չունի, իր հոգիին մէջ պարտութիւն չի ճանչնար ու իր մտքին մէջ` անձնատուութիւն: Թիկունքը ամուր, վստահութեամբ կռուեցաւ հայ ազատամարտիկը, ազատատենչ մարդը: Այո՛, 28 մայիսին Արամով մարմնաւորուած հայ արժանապատիւ ղեկավարը, ժողովուրդին վստահութիւնը չշահագործող ղեկավարութիւնը պարտութեան մատնեց թուրքն ու Թուրքիան:
Մայիսեան յաղթանակներն ու ժողովրդային միասնութիւնը ապահովեցին անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը: Անկախ Հայաստան, որ հիմնաքարը հանդիսացաւ Խորհրդային Հայաստանի եւ մերօրեայ Հանրապետութեան: Ամէնուր աւեր եւ թշուառութիւն էր, թշնամի ուժերով շրջապատուած, բայց միաժամանակ կար տեսիլքը պետութեան կազմութեան, որ պիտի ապահովէր հայրենիքի գոյատեւումը: Հազիւ 2,5 տարուան անկախութեան շրջանին Հայաստան յաջողեցաւ լաւագոյն օրինակը տալ արագ կայացող պետականութեան, վարչակարգի եւ ժողովրդավարական կառոյցներու: Խորհրդարանական ընտրութիւններ` կիներու մասնակցութեամբ, ներկայացուցչական հիմունքով քոալիսիոն կառավարութիւններ, դատական անկախ իշխանութիւն, բանակի կազմակերպում, կրթական մարզի խթանում, պետական համալսարանի հաստատում, արտաքին յարաբերութիւններու զարգացում եւ դիւանագիտական կեդրոններու բացում, պետական ըմբռնողութեամբ քաղաքացիական հարցերու յանձանձում: Այս բոլորին զուգահեռ, հողային ամբողջականութեան նախանձախնդրութիւն, գերիշխանութեան ապահովում, ու մանաւանդ, ազգային գաղափարախօսութեան իբրեւ գերագոյն արտայայտութիւն, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հռչակագիր` միացեալ Արցախով, Ջաւախքով, Նախիջեւանով ու Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հայկական պապենական հողերով:
Ու երբ Հայաստան ինկաւ թրքական մուրճին եւ պոլշեւիկեան սալին տակ, քանդուեցաւ ժողովրդավարութիւնը, վերադարձաւ ստրկատիրութիւնը, բայց մնաց հողը հայկական: Ու ապա եկաւ նոր Հայաստանը, նոր յոյսը:
28 մայիս 1918-ին քանդուեցաւ դարերու երկայնքին մեր վզին փաթթուած ստրկամտութեան շղթան: Աւելի ուշ, ազատութիւնը շնչած հայ մարդը դարձեալ ենթարկուեցաւ բռնատիրութեան: Դարձեալ քանդուեցաւ բռնատիրութիւնը, ու դարձեալ ծածանեցաւ ազատութեան դրօշը: Հայրենիքը` թշուառ ու անտէր, երգելով որակեցինք ազատ ու անկախ: Ազատագրուեցաւ Արցախը, յաղթեց հայ մարդը դարձեալ, տէ ֆաքթօ Արցախը միացաւ Հայաստանին: Կոպիտ սխալներ արձանագրուեցան, անձնակեդրոն դրսեւորումներով հայրենի պետութեան գաղափարը արատաւորուեցաւ, փտածութիւնն ու հոգիներու ապականումը տկարացուցին հայուն կամքը: Տնտեսական աճը, քաղաքացիին բարօր կեանքը, սահմաններու բացումով մեղր ու կարագի խոստումները, սփիւռք-Հայաստան խրամատի փնտռտուքը, շերտաւորումներու բարձրաձայնումն ու երբեմն ալ մտադրուած կերպով անոնց յառաջացումը, ապազգային քաղաքականութիւնը, Հայաստանի` յատկապէս իբրեւ պիզնեսի միջավայր քարոզչութիւնը, հայկական աւանդական արժէքներու փոխարէն, իբր թէ դէպի արդիականացում երթալու հեւքով մեզ վտանգող վարքերու կրնկակոխ ներմուծումն ու պանծացումը, հայրենիքը հասցուցին հոն, ուր ապաշնորհ ղեկավարութիւն մը, ամբոխավարական, ամբոխահաճոյ եւ սուտ խոստումներով յանձնեց Արցախի ազատագրուած տարածքները ու տակաւին կը շարունակէ պաղարիւնութեամբ, հաւկուրութեամբ դիտել Հայաստանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան, միջազգային ճանաչումի արժանացած սահմաններու բռնաբարումը, դիտել, բայց չտեսնել իրականութիւնը, չյագենալ Եռաբլուրի մէջ հողին յանձնուած նահատակներու արեամբ, այլ շարունակել անփթութեամբ վարել այն, ինչ որ դեռ մնացած է երկրին մէջ:
28 մայիսը զգաստութեան զանգն է բոլորին: Հայաստանի ապաշնորհ իշխանութեանց թէ ընտրութիւններու պատրաստուող ուժերուն:
28 մայիսը կը պահանջէ մեզմէ վերջ տալ խեղկատակութեան: Վերականգնել հայու ազատատենչ բնութիւնը:
Հայաստանի հողային թէ պետական անվտանգութիւնը ամէն բանէ վեր նկատելով` տնտեսական բարւոքութեան սին խոստումներով չօրօրել ու չխաբել ժողովուրդը:
Վերահաստատել հայոց բանակի աննկուն ու պայծառ կամքը: Միայն ռոճիկ-ամսաթոշակ բարձրացնելով բանակները պատերազմ չեն շահիր, գաղափարական ուժականութիւնն ու զինական կարողութիւնը միա՛յն գերակշռող են այսօր առաւելաբար:
Յանուն բարի դրացնութեան եւ խաղաղութեան, չկենսագործել ամօթալի, կասկածելի ու դաւադիր նոյեմբեր 9-ի պայմանագիրը, եւ յստակեցնել բոլոր գաղտնի համաձայնութիւնները: Տկարին կը պարտադրուի խաղաղութիւն, երբ տկարը չի կռուիր: Բարի դրացնութիւնն ու իրաւ խաղաղութիւնը կը գոյատեւեն այն ատեն միայն, երբ Հայաստան ի՛նք կը տնօրինէ իր ճակատագիրը եւ դուրս կու գայ անձնատուական հոգեվիճակէն:
Պարտինք գիտակցիլ, որ շարունակուող զիջումներով, միայն Ազրպէյճանն ու Թուրքիան է, որ կը շահին, եւ ժամանակաւոր շահերը ախորժակ կը սրեն յաւելեալ նկրտումներու:
Պարտինք գիտակցիլ, որ Հայաստանն ու հայութիւնը թիզ մը հող չունին զիջելու թշնամիին, իսկ ան, որ բարեկամ է, չի կրնար համոզել մեզ նման զիջումի առաւելութեան:
Պարտուած ենք այսօր, որովհետեւ անձնատուր եղած ենք: Պարտութիւնը հանգրուան է միայն: Պարտութիւնը վերջնական կը դառնայ, երբ կը վերածուի համոզումի, անճարակութեան, յուսահատութեան, կեանքի ընթացքի: Այն ինչ որ 28 մայիս 1918-ին Թուրքիան չկրցաւ իրականացնել, այսօր Ազրպէյճանն ու Թուրքիան չեն կրնար իրականացնել, եթէ մենք տրամադիր չըլլանք ջուր լեցնելու անոնց ջաղացքին:
Մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը ծաղկեպսակի զետեղում եւ հին ու նոր հերոսներու շիրիմներու այցելութիւն չէ միայն, ոչ ալ նկարուելու առիթ:
28 մայիսի տարեդարձը ուխտադրութիւն է դարձեալ ազատագրելու Շուշին եւ հայկական տարածքները, Սիւնիքէն եւ Գեղարքունիքէն դուրս շպրտելու թշնամի ուժերը, վերադարձնելու հայ մարդուն արժանապատուութիւնը, ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու անկոտրում կամքը եւ ընդմիշտ քանդելու հայրենիքը պարտութեան առաջնորդող մտածողութիւնը:
Ա՛յս կը պահանջէ 28 մայիսը, Արամն ու Դրոն, Նազարբեկեանն ու Սիլիկեանը, 1918-ի հերոսները:
Ա՛յս կը պահանջէ Շուշին ազատագրող նահատակներուն կտակը:
Ա՛յս կը պահանջէ Ռուբէնին ու Գարեգին Նժդեհին աւանդը:
Ա՛յս կը պահանջէ 5000 նահատակներու, մերօրեայ ազատամարտիկներու արիւնը:
Ա՛յս կը պահանջէ ինքզինք Արցախի դրօշով փաթաթած ու հայրը կորսնցուցած հայ երեխան եւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնը արտասուքով ճչացող հայ պատանին:
Հայաստանը ի՛մն է:
Արցախը ի՛մն է:
Մի՛ յանձնէք զայն թշնամիին:
Ու որպէսզի Հայաստանն ու Արցախը մնան, պիտի շարունակուի պայքարը, պիտի չընկրկի հայ մարդը, մինչեւ որ Եռագոյնը դարձեալ ծածանի Արարատի գագաթին:
Մինչեւ որ հայութիւնը համախմբուի ամբողջական Հայաստանի մէջ եւ հայը դարձեալ գոռայ` ազատութիւն: