ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
1918ի Մայիսեան յաղթանակին եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի մասին են այս տողերը: Եւ ծնունդը այս հրաշքին, իբրեւ սրբազան պատգամ, աւելի քան մէկ դար շարունակ որքան մելան հոսեցուցած է:
Իսկ իմ կարգին, հաճելի կրկնութեան գնով, ես ալ կ’ուզեմ այս առթիւ կեանքի կոչել եւ միաժամա-նակ բաժնեկից դարձնել բոլորին, այն բոլոր յուշերը, որոնք վաղուայ լուսաւոր օրուան, իբրեւ յոյս եւ նաեւ իբրեւ մասունք, ապահով պահած եմ մտքիս նեղ ու լայն ծալքերուն մէջ:
Այլ խօսքով, բաժնել այն ապրումները եւ ուրախութիւնը, որոնք տասնեակներէ ի վեր 28 Մայիս, 1918ի մեր երկրի անկախութիւնը իբրեւ մեծագոյն երջանկութիւն, ո՛չ միայն «ծագեց», այլ նաեւ իբրեւ լոյս, ուղղեցոյց եւ ուխտ՝ «արեգակեց» հոգիիս մէջ:
Ու կար ժամանակ, երբ տակաւին նախակրթարանի աշակերտներ էինք եւ երբ մեր հայրենիքի պատմութիւնը նոր սկսած էինք սորվիլ, առաջին իսկ հերթին գիտցանք, որ մենք հայերս, դարերու պատմութիւն ունեցած ենք: Նահապետներ: Իշխաններ: Նախարարներ: Սպարապետներ: Այրուձի: Թագաւոր եւ Թագաւորութիւնններ: Այլ խօսքով՝ հարստութիւններ:
Ապա ասոնցմէ ետք, թէեւ վեց դար որբ մնացած էինք: Սակայն շնորհիւ Մայիսեան երեք մեծ ճակատամարտերու յաղթանակներուն, կերտած ենք ազատ եւ անկախ մեր հայրենիք՝ Հայաստանը, իր Եռագոյն դրօշով: Ու մեր մանուկ ուղեղներուն մէջ, այսպէս կանուխէն արձանագրած ենք հայ ըլլալու հպարտութիւնը: Ու այս բոլոր նորութիւնները մեզի համար ինքնաբերաբար դարձան, մեր մտքերը լուսաւորող մէկական ջահեր:
Ապա յաջորդող տարիներուն, նոյնիսկ չոր ու ցամաք դասարաններու եւ ակումբի պատերէն ներս, մեզի ծանօթացուցին, թէ ի՞նչ էր Հայաստանը եւ մանաւանդ՝ անկախ հայրենիք ու պետականութիւն ունենալու երազը: Պարզեցին նաեւ, թէ հողի ու պատկանելիութեան խորհուրդը անբացատրելի է: Նաեւ պատմեցին, թէ միշտ ջիղերով ապրած ժողովուրդ մը եղած ենք եւ թէ հայուն դարերու մեծագոյն երջանկութիւնն էր ունենալ, տեսնել եւ ապրիլ իր երկրի անկախութիւնը:
Ու այդ օրերէն՝ հաստատապէս ճանչցանք, որ Հայաստան-հայրենիք-անկախութիւն բառերը, հայուն հոգիի շարունակութիւնը վկայող ոչ միայն սրտի զարկերն էին, այլ նաեւ՝ անոնց գաղափարները: Սրբազան յաւերժական երազանք:
Ու սորվեցանք, թէ ի՞նչ ըսել էր «մահ կամ ազատութիւն» եւ ապշած մտիկ ըրինք, թէ Մայիսեան այդ օրերուն, ինչպէ՞ս հայ ժողովուրդը, առանց քաղաքական հոսանքներու խտրութեան, միահամուռ եւ վճռակամ, մէկ թիկունք կազմած, միասնական ոգիով, կռուի դաշտ իջնելով, կրցած էր յաղթել թշնամիին՝ յանուն իր հողին եւ անոր ազատութեան:
Ահա թէ նաեւ ինչպէ՞ս հասկցանք, որ հայրենիքը յաւերժական արժէք էր, իսկ անկախութիւնը՝ զինք պահող ոգին:
Եւ այսպէս տարուէ-տարի «ծանօթացանք» մեր ժողովուրդին ու մեր երկրին: Երկիր մը, որ դարերու ստուերով եւ լոյսերով եւ պատմութեան ոտնահետքերով կառուցուած էր եւ որ 1918ին իր զաւակներուն մղած երեք ճակատամարտներով, որոնք այդ օրերու ժամանակի պահանջքներն էին՝ յաղթած էր: Հասկցանք, որ Հայաստան անունը ստեղծուած էր մրրիկներով, երկրաշաժներով եւ կրակով: Ըմբռնեցինք, որ թէեւ մենք թուրով եւ սուրով շաղախուած պատմութիւն մը ունեցած ենք եւ սակայն այս մեծ յաղթանակով, ազգովին կրցած ենք դարերու մեծ երազին հասնիլ:
Ու պատանութեան մեր տարիներուն, Հայաստանը դարձուցինք մեր օրացոյցը: Որովհետեւ քաջ գիտէինք, թէ հողի ու պատկանելիութեան խորհուրդը անբացատրելի էր, նոյնիսկ՝ ազգային յանձնառութիւն, իսկ պայքարի զգացումն ալ, իր մէջ վառ պահող՝ մարտիկ:
Այս եւ նման կարգախօսներու, գիտելիքներու եւ պատմական տուեալներու մթնոլորտին մէջ մեծցանք, միաժամանակ լաւապէս հասկնալով, որ «կ’ապրին այն բոլոր ազգերը, որոնք կեանքի գոյութեան կռիւի մէջ, յաղթական դուրս եկած են»: Լաւապէս ըմբռնեցինք՝ թէ անմահութեան ճամբան Մասիսն էր, եւ թէ ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏը հայ ժողովուրդի զաւակներուն արիւնով ներկուած ու դարերէ ի վեր սպասուած յաղթանակն էր:
Ու մեզի համար յաղթական այս Սարտարապատը, դարձաւ Արարատը լուսաւորող գաղափար: Կեանք եւ կռիւ: Անկրկնելի արիութիւն: Մեծ խորհուրդ եւ նոր Աւարայր: Ղեկավար գաղափար:
Ապա իբրեւ երախտագիտութիւն՝ աւելցնեմ նաեւ, որ նուիրեալներու սերունդ մը ունեցանք, որ մահազդու սպառնալիքին առջեւ, ձեռնթափ չեղաւ: Նոյն այդ սերունդն էր, որ մեզի դաստիա-րակեց զոհուիլ, մարտիրոսանալ եւ համախմբուիլ հայրենիքի եւ միասնութեան գաղափարին շուրջ ու մեր ամէնօրեայ պայքարի զէնքը դարձնել հայու ոգին եւ ապրելու կամքը: Ու չմոռցանք աշխարհին ապացուցել, թէ հայը ինքզինք նոյնացուցած էր իր սրբազան լերան հետ:
Մէկ խօսքով՝ հայը ռազմիկ ծնած էր: Հայը՝ բռունցք էր բռնատիրութեան դէմ: Վկայ՝ Հայկ նահապետը: Հայը՝ միշտ իր հողի ազատութեան համար, զինուորի շապիկ կը հագնի ու իր մեծով ու պզտիկով կը կռուի կեանքի, մահուան եւ ազատութեան համար: Վկայ՝ Արցախը:
Սարտարապատ կ’ըսենք ու ամէն առիթներով կ’երգենք: Կը փառաբանենք: Կը հպարտանանք, որովհետեւ հոն յաղթողը՝ հայու ոգին էր, իսկ յաղթանակը՝ իրական: Որովհետեւ հայուն համար ազատ հայրենիքը յոյս էր՝ եւ կեանքի ու հզօրութեան կանչ եւ ներշնչման աղբիւր:
Ազատօրէն երազելու մարմաջ:
Իսկ այսօր…:
Այսօր ալ աշխարհը փոթորկոտ ծով է եւ կռուի դաշտ: Մեծ երկիրները մէկական գայլեր դարձած են: Բայց մենք բոլորով, այո՛, երջանիկ սերունդ ենք, որ ականատես ենք ազատ եւ անկախ մեր հայրենիքին: Մեզի ալ բախտը վիճակուած է ունենալ, տեսնել եւ ներկայութիւնը վայելել մեր անկախ երկրին: Ու պէտք է յիշեցնել, թէ անկախ հայրենիքը ի~նչ հրաշքներ կրնայ գործել:
Թէեւ դարեր առաջ ունէիք հայրենիք մը, դարերու ստուերով եւ լոյսերով կառուցուած երկիր՝
որ աւելի մեծ էր, քան սահմանումը, բայց եւ այնպէս մեր ներկայ «փոքր» սակայն ազատ եւ անկախ հայրենիքը, մենք միշտ կը փնտռենք, ինչպէս թիթեռնիկը՝ ճրագը:
Կասկածէ վեր է, որ հայրենիքը մեզ պահած է մեր լեզուին կողքին: Արդէն երկու տարիէ ի վեր կատարուած է թաւշայ յեղափոխութիւնը: Բայց հոն տակաւին բազմաթիւ դժուարութիւններ կան: Խնդիրներ: Տեսակ մը մաշում կայ հայրենիքին մէջ, ժամանակի եւ ուրիշ շատ բաներու կողքին: Տողերով դժուար է արտայայտել: Բայց որովհետեւ կը հաւատանք, որ Մայիս 28ը խաւարին մէջ լոյս էր բոլորիս՝ հաւասարապէս, ուստի կը կարծեմ, որ քաղաքական իմաստութիւն է պէտք, հաւաքական բոլոր մտահոգութիւններուն համար:
Մեր գիտակցութեան առջեւ ներկայ է այս իրականութիւնը, մեր էութեան հետ միատեղ:
Պայման է, որ գնահատենք մեր անկախութիւնը: Նոր կեանքով ապրիլ, վերածնիլ ամբողջ ուժով եւ կամքով: Այս է էականը: Ու միշտ կրկնած ենք, թէ մեր անհոգութեան եւ գիտակցութեան պակասին շնորհիւ, կրնայ զոհ դառնալ նաեւ մեր երկրի անկախութիւնը:
Թշնամիներով շրջապատուած ենք: Նորութիւն մը չէ: Պատերազմ եւ կեղծ խաղաղութիւն: Գիտենք նաեւ, որ խաղաղութիւնը զէնքով կը փնտռուի ու պատերազմն ալ առանց դաշնակիցի չըլլար: Ու եթէ մեզի հարց տրուի թէ քանի՞ դաշնակից ունինք այսօր.- յստակ պատասխան մը չունինք բոլորս ալ: Որովհետեւ պատմութեան ընթացքին դաշնակիցները, նոյնիսկ մեզի դաւաճանած են:
Արդ, լաւապէս պէտք է հասկնանք, որ քաղաքականութիւն ըսուած այս առեղծուածին մէջ, բարոյականութիւն չկայ. այլ կայ միայն՝ շահ: Այս մէկը մեր ականջի օղը պէտք է դարձնենք, որովհետեւ երկրի մը անկախութիւնը ձեռք կը բերուի ոչ միայն արեան գինով, այլ նաեւ ազգի զաւակներուն մեծ աշխատանքի գնով:
Այսօ՛ր մենք երկիր մը ունինք: Պապենական հողատարածք մը, որ ժառանգած ենք Մայիսեան յաղթանակներէն:
Ուստի գիտակցինք, թէ հայրենիքը յաւերժական արժէք է, իսկ անկախութիւնը զինք պահող ոգին:
Գիտակցինք, զգանք եւ գուրգուրանք անկախութիւն ծնող մեր ժողովուրդին եւ անոր հողի արժէքին: Էականը՝ անկախութիւնը արժանավայել կերպով պահելն է: Երկիրը բարեկեցիկ դարձնելն է: Նոր ձեռքբերումներ ունենալն է: Հայրենիքը երկիր դարձնելն է: Հայրենիքին աւելին տալն է, քան վերցնելը:
Ու վերջապէս, պէտք է լաւապէս հասկնանք, որ Հայաստանի ապագան, մեր բոլորին գիտակցութենէն կախեալ է:
Արդ, ինչ որ ալ ըլլան հին ու նոր կարգախօսները՝ Մայիս 28դ շնորհաւոր հայ ժողովուրդ: