ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ծիրին մէջ, երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 3 Մայիսին, Վիեննայի մէջ:
Լուրը հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան:
Նշենք, որ նախորդ տարեվերջին, Երեւան եւ Անգարա յարաբերութիւնները կարգաւորելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին, երկուստեք յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակեցին:
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըչի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ այս տարուան 14 Յունուարին, Մոսկուայի մէջ, երկրորդը՝ 24 Փետրուարին, Վիեննայի մէջ:
Կողմերը երկու հանդիպումներէն ետք նոյն յայտարարութիւնը հրապարակեցին, թէ բանակցութիւններու վերջնական նպատակը Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ամբողջական կարգաւորումն է՝ առանց նախապայմաններու:
Մինչ այդ, 27 Ապրիլին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Ան յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու լուծման գործընթացը կը շարունակուի, եւ որ մօտիկ ապագային առեւտուր ալ պիտի իրականացուի եւ հարցերը պիտի լուծուին: «Մենք բանակցութիւններ կը վարենք Հայաստանի հետ: Յուսանք, որ սահմանները կը բացուին, եւ մեր յարաբերութիւնները կը շարունակուին», նշեց Էրտողան: