ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Հայաստան երկինքը բացաւ ատրպէյճանական օդանաւին համար. 30 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ուղեւորատար օդանաւ մը ներքին թռիչք կատարեց Ատրպէյճանի մէջ` Հայաստանի օդային տարածքով», կը գրէ «Vestnik Kavkaz» կայքը` յղում կատարելով Flight Radar-ի տուեալներուն:
Կը նշուի, որ «Թրքական օդանաւային ընկերութեան» Boeing-737 օդանաւը Շաբաթ, 4 Սեպտեմբերին կատարեց TK326 Գեանջա-Նախիջեւան թռիչքը, սակայն տեղեկատուութիւնը յայտնուեցաւ այսօր:
Օդանաւի երթուղին, ըստ Flight Radar-ի, անցած է Սեւանայ լիճի եւ Գեղարքունիքի մարզի վրայով: