ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 30 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Բերձորի միջանցքը պիտի փակուի հայերուն համար: Հայաստան-Արցախ երթուղին պիտի կազմակերպուի ժամանակաւոր ուղիով, որ պիտի շրջանցէ Աղաւնոյ-Բերձորը եւ Արցախ կը տանի Շուշիի Բերդաձորի ենթաշրջանի գիւղերով:
Ըստ Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Սարգսեան՝ի 4.7 քիլոմեթր երկարութեամբ ճամբու կուպրապատումը աւարտած է։ «Էսօր գծանշում են անում ու տենց մի մանր-մունր կահաւորման հարցեր ենք լուծելու: Ճանապարհը պատրաստ ա», ըսաւ ան:
Ժամանակաւոր այս ճամբան պիտի գործէ միջանցքային տրամաբանութեամբ: Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Յունան Թադեւոսեան յայտնեց, որ այժմ ռուս խաղաղապահ զօրակազմը նոր յենակէտեր կը տեղադրէ։ «Այդ ճանապարհահատուածում արդէն տեղակայում են իրենց բլոկ-պոստերը, իրենց յենակէտերը: Եւ այս պահի դրութեամբ վերջին աշխատանքներն են իրականացւում», աւելցուց ան:
Այս ճամբան պիտի գործէ մինչեւ գարուն, երբ պատրաստ պիտի ըլլայ միջանցքը փոխարինող հիմնական՝ Կոռնիձորով ճանապարհը:
Աւելի կանուխ յայտարարուեցաւ, որ Բերձորի միջանցքը հայերուն համար բաց պիտի ըլլայ մինչեւ այս ամսուան վերջին օրը՝ ներառեալ: 29 Օգոստոսին, սակայն, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նիստին որոշում տրուեցաւ աւելի կանուխ տեղափոխել երթեւեկը: Հարցը հաւանաբար Բերձորի միջանցքին մէջ ստեղծուած խառն անցուդարձն է:
29 Օգոստոսը արդէն 4րդ օրն է, որ հոն հայ-ատրպէյճանական համատեղ երթեւեկ կը կատարուի: Որեւէ միջադէպ, բարեբախտաբար, չէ արձանագրուած, կը նշէ Յունան Թադեւոսեան՝ աւելցնելով. «Ճանապարհին նաեւ կան ադրբեջանական մեքենաներ, ադրբեջանցիներ, որ հանդիպում են հէնց այդ միջանցքում, բնականաբար՝ անզէն: Այս պահի դրութեամբ որեւէ արտակարգ դէպք, պատահար տեղի չի ունեցել»: