«3+3» ձեւաչափը պէտք է դրական միտում աւելցնէ շրջանի երկիրներու փոխյարաբերութիւններուն մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Երեւանի մէջ «Նոր սերունդ» ծրագիրի սաներու հետ յոբելենական հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփերքին:
Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան լուծման ուղղուած «3+3» հարթակի առաջին նիստը տեղի ունեցած է 10 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ: Հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի, Ռուսիոյ, Իրանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարները:
Ռուս դիւանագէտին կարծիքով` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը բաւական հասկնալի կերպով կ՛արտացոլէ Ռուսիոյ վերաբերմունքը բոլոր երկիրները յուզող հարցերու քննարկման կարելիութիւն եղող շրջանային այդ ձեւաչափին նկատմամբ:
«Այս ձեւաչափին արժէքը երկխօսութեան առիթ տալու մէջ է, այն հարցերուն շուրջ, որոնք կը հետաքրքրեն շրջանի բոլոր երկիրները: Այսինքն` ձեւաչափը պէտք է դրական միտում մտցնէ այդ երկիրներու փոխյարաբերութիւններուն մէջ», ըսած է դեսպանը:
Ռուս դիւանագէտը աւելցուցած է, որ այս ձեւաչափը նաեւ լրացուցիչ ուղղութիւն եւ հարթակ է հայ-ռուսական համագործակցութեան համար:
Նախապէս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ հանդիպումին մասնակիցները համաձայնած են հարթակի աշխատանքը կեդրոնացնել բոլոր մասնակիցները հետաքրքրող հարցերուն վրայ: Ներառեալ վստահութեան բարձրացման քայլերու, առեւտրատնտեսական, փոխադրամիջոցային, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան, ընդհանուր մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու դիմակայման վրայ: 5 երկիրներու ներկայացուցիչներ շահագրգռուածութիւն յայտնած են Վրաստանի` հարթակին աշխատանքներուն միանալուն նկատմամբ` նշելով, որ Վրաստանի համար «դուռը» կը շարունակէ բաց մնալ:
Խօսելով Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներուն մասին` դեսպանը յայտնած է. «Ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կարեւոր ներդրում է, որպէսզի մարդիկ ապրին անվտանգութեան զգացումով»:
«Հարցը այն է, որ ըստ կողմերու նախնական համաձայնութեան, ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ հինգ տարիով տեղակայուած են: Սակայն վերջերս Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան նշած էր, որ ռուսական զօրակազմի ներկայութեան անժամկէտ անհրաժեշտութիւն կայ:
«Կան համաձայնութիւններ, կայ մեր խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութիւնը, որ իսկապէս կարեւոր ներդրում է, որպէսզի մարդիկ այս շրջանին մէջ ապրին անվտանգութեան զգացումով եւ ապագայի տեսլականով: Այս բարդ իրավիճակին մէջ ասիկա իսկապէս լուրջ եւ կարեւոր գործօն է խաղաղութեան համար», նշած է Ռուսիոյ դեսպանը:
Խօսելով կողմերու հետագայ գործողութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահներու անժամկէտ ներկայութեան կարելիութեան մասին` Քոփերքին նշած է. «Կեանքը ցոյց կու տայ»: