ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 4 Նոյեմբերին, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեան խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ տարածաշրջանի ապաշրջափակման գործընթացը չի կրնար տեղի ունենալ Հայաստանի անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան եւ կենսական շահերու հաշուոյն, եւ որ առաջարկուող 3+3 հարթակը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան-Ռուսիա «եռակողմ» ձեւաչափը չի կրնար փոխարինել Մինսքի խումբը:
Ան նաեւ կատարեց յայտարարութիւններ, որոնք արմատապէս տարբեր են Արարատ Միրզոյեան-Արմէն Գրիգորեան զոյգի դիրքորոշումէն եւ Նիկոլ Փաշինեանի «խաղաղ օրակարգէն»:
Փոխնախարարը դիտել տուաւ, որ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կը փոխուի, կը ստեղծուին փոխգործակցութեան եռաստիճան ձեւաչափեր: Երեւանը տարբեր հարթակներու վրայ, որոնց կարգին՝ 3+3 ձեւաչափով, տարածաշրջանային հարցերու քննարկումներուն մասնակցելու առաջարկներ ստացած է, բայց Երեւան կը կարծէ, թէ տակաւին կանուխ է խօսիլ նման ձեւաչափերու մասին:
«Մեզ համար առաջնային է, որ որեւիցէ կրկնօրինակում չլինի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան հետ: Այս բոլոր առաջարկները դիտարկւում են, եւ այժմ դեռեւս որեւիցէ առաջընթացի կամ որեւիցէ որոշման մասին դեռ վաղ է խօսել», ընդգծեց փոխնախարարը՝ նշելով, որ 3+3 հարթակը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան-Ռուսիա «եռակողմ» ձեւաչափը չեն կրնար փոխարինել Մինսքի խումբը:
Սահմանազատման մասին խօսելով՝ Վահէ Գէորգեան ըսաւ, որ տակաւին կանուխ է խօսելու այն քարտէսներուն մասին, որոնց հիման վրայ պիտի իրականացուի սահմանազատում:
Ան նաեւ նշեց, որ արցախահայութիւնը չի կրնար ապրիլ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: «Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցում արդէն բազմիցս արտայայտուել է, այսինքն՝ միայն ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների միջազգային մանդատի (յանձնարարութեան) ձեւաչափով է հնարաւոր հասնել ԼՂ հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորմանը, յայտնի սկզբունքների հիման վրայ, որոնք ենթադրում են Արցախի վերջնական կարգավիճակի յստակեցում՝ հաշուի առնելով արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը», յայտնեց ան:
Այս փուլին փոխնախարարը առաջնահերթ նկատեց ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման բանակցային գործընթացի վերսկսումը ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ: «Հայաստանը հետեւողական է լինելու Արցախի ժողովրդի իրաւունքների վերականգնման եւ պաշտպանութեան հարցում, կը ներդնի բոլոր ջանքերը՝ երաշխաւորելու ապահով եւ արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը», ըսաւ Գէորգեան: