Հայաստանի Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութեան մէջ կը շարունակուին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ պատերազմ սանձազերծելու եւ վարելու, զինուորական գործողութիւններու ընթացքին նախապէս հաւաքագրուած վարձկաններ օգտագործելու, պատերազմ վարելու արգիլուած մեթոտներ եւ միջոցներ կիրարկելու, քաղաքացիական բնակիչները զինուորներէն չտարբերակելու եւ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերու քաղաքացիական բնակչութիւնը համակարգուած, կանխամտածուած եւ նպատակաուղղուած գրոհներու թիրախ դարձնելու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եզրերու լուրջ խախտումներ նկատուող արարքներ կատարելու փաստերուն առիթով յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:
Քննչական կոմիտէէն յայտնեցին, որ քրէական գործի ծիրին մէջ յստակացաւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին պատճառով Արցախի եւ Հայաստանի մէջ զոհուած զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն ընդհանուր թիւը 3809-ն է: 19 յունուար 2022-ի դրութեամբ անյայտ կը մնայ 199 զինուորի եւ 21 քաղաքացիի գտնուած վայրը:
Մինչեւ օրս Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնուած է գերեվարուած ընդհանուր թիւով 141 զինուոր եւ քաղաքացի: