ԵՐԵՒԱՆ.- 11 Մայիսէն 12, Երեւանի Սարեան փողոցին վրայ տեղի պիտի ունենայ արդէն աւանդական դարձած Գինիի օրերը: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուց Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան: Ան նշեց, որ նման ձեռնարկներ հնարաւորութիւն կու տան ներկայանալու խոհանոցով եւ աւանդոյթներով, իսկ այս տօնին շնորհիւ հայկական գինին ու գինիի զբօսաշրջութեան կարողականութիւնը ներքին եւ միջազգային շուկային կը ներկայացուին:
Ձեռնարկին նպատակը, ըստ Ապրեսեանի, Հայաստանը որպէս զբօսաշրջութեան համար գրաւիչ, բազմազան, զանազան զբօսաշրջութեան արդիւնքներ ունեցող երկիր՝ համաշխարհային շուկային ներկայացնելն է եւ շուկային մէջ խթանելը: Ըստ անոր՝ նման ձեռնարկները թուարկուած հարցերը լուծելու հզօր յատկութիւն ունին:
Ըստ Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինի պետ Գէորգ Օրբէլեանի՝ ձեռնարկը հնարաւորութիւն պիտի տայ գինիի ճիւղով զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու:
«Հնագոյն պատմութեան ակունքներէն կու գան գինիի եւ գարեջուրի աւանդոյթները: Մենք կարեւոր կը համարենք այս իրադարձութիւնը, որ մեծ արձագանգ ունի եւ սպասուած ձեռնարկ է մեր մայրաքաղաքին մէջ», ըսաւ Օրբէլեան՝ աւելցնելով, որ քաղաքապետարանը կ՛աջակցի այս ձեռնարկին:
«Էվենտտուրա» ընկերութեան համահիմնադիր Մերի Բադալեան տեղեկացուց, որ ձեռնարկը կը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6ին եւ պիտի աւարտի երեկոյեան ժամը 11-ին։ Անիկա միտուած է գինիի զբօսաշրջութեան զարգացման: Բադալեան յայտնեց, որ այս տարի կայ կտրոն-գրքոյկ, որ հնարաւորութիւն կու տայ համտեսելու 25-է աւելի գինիներ, եւ այցելուն զայն իր հետ կրնայ տանիլ տուն: Գրքոյկին մէջ տեղեկութիւններ կան գինիին եւ արտադրողի մասին: Ըստ անոր՝ անիկա թէ՛ յուշանուէր կ՛ըլլայ, թէ՛ հայկական գինեգործութեան այցեքարտ: Գրքոյկը տպագրուած է երկու լեզուներով՝ հայերէն եւ ռուսերէն: