ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- «Ֆէյսպուք»ի օգտատէր Գայեանէ Պաղտասարեան իր էջին վրայ գրած է, որ արցախեան պատերազմին եւ 9 նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութեան հետեւանքով անտուն մնացած արցախցիները հաւաք պիտի կազմակերպեն:
Ան, բնակարան եւ ունեցուածք կորսնցուցած բոլոր արցախցիներուն կոչ կ’ուղղէ՝ 4 մարտին, ժամը` 12-ին հաւաքուելու Ստեփանակերտի Վերածնունդ հրապարակին վրայ: