Քանի մը օր ետք լիբանանցիք ժամադրուած են ոգեկոչելու Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի պայթումին առաջին տարելիցը: Այս առիթով հիմնական հարցադրումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ, այն է, թէ աւելի քան 200 զոհ, մօտ ութ հազար վիրաւոր եւ նիւթական հսկայական կորուստ պատճառած այդ ահաւոր պայթումէն ետք ի՞նչ փոխուեցաւ, ի՞նչ իրագործուեցաւ: Այլ խօսքով, բազմաճիւղ հաշուեյարդարի պահանջը կը շեշտուի:
Այս իմաստով, ժողովրդային մէկէ աւելի ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին ի յիշատակ աւելի քան երկու հարիւր զոհերուն եւ ի յարգանք հազարաւոր վիրաւորներուն: Այս ծիրին մէջ կը ներառուին նաեւ նաւահանգիստի պայթումին հարցով վնասուած կամ սպաննուած զոհերը, ինչպէս` Ճօ Աքիքիի պարագան, որուն մահը վերագրուեցաւ պայթումին առնչակից իր նկարած «կարեւոր» տեսարաններուն: Այս առիթով կիրակի, 1 օգոստոսի առաւօտեան վազք եւ քայլարշաւ պիտի կազմակերպուի Քֆարզպիանի մէջ, հովանաւորութեամբ շրջանի քաղաքապետութեան:
Նմանապէս, կիրակի առաւօտեան թէ երեկոյեան յիշատակի հոգեւոր արարողութիւններ պիտի կատարուին Էշրեֆիէի թէ Քարանթինայի եկեղեցիներուն մէջ` ի յիշատակ պայթումի զոհերուն եւ ի յարգանք հազարաւոր վիրաւորներուն:
Նոյն նպատակով երէկ` ուրբաթ, 30 յուլիս 2021-ին, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն Ռէյմոն Խաթթար Ֆըրն Շըպպեքի մէջ բացումը կատարեց «4 օգոստոս 2020-ի նահատակներու կեդրոն»-ին: Ֆրանսական մեկենասութեամբ ֆինանսաւորումով կազմակերպուած եւ իրագործուած այս ձեռնարկի ընթացքին, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ վերահաստատեց իր երկրին պատրաստակամութիւնն ու վճռակամութիւնը օգնելու Լիբանանին: ‘
Պայթումին պատճառով առաւել «թափ առաւ» նաեւ 17 հոկտեմբեր 2019-ին բռնկած ընկերային-տնտեսական ժողովրդային շարժումը, որուն շարքերը խտացան պայթումի զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանեկան պարագաներով, որոնք ընկերային-տնտեսական պահանջներուն վրայ աւելցուցին նաեւ «հետաքննութեան եւ արդարութեան ամրագրման» պահանջը: Փաստօրէն, պայթումէն տարի մը ետք, տակաւին որոշ խորհրդաւորութիւն կը տիրէ անոր ծալքերուն շուրջ: Այս գծով նշանակուած երկու դատախազները ցարդ չկրցան յստակ եզրայանգումի հասնիլ, հակառակ այն իրողութեան, որ օրուան վարչապետ Հասսան Տիապ «խոստացած» էր հինգ օրուան ընթացքին պարզել պայթումին շարժառիթներուն եւ հեռանկարներուն գծով բացուելիք հետաքննութեան արդիւնքները: Ցաւ ի սիրտ այս հարցը եւս կարգ մը պատասխանատուներու կողմէ քաղաքական խաղաքարտի վերածուեցաւ` հետաքննութեան գծով ներկայացուած դիմումներուն դէմ փոխադարձ դիմումներ ներկայացնելով: Այս ծիրին մէջ նախագահ Միշել Աուն երէկ ընդգծեց, որ ոչ ոք գերիվեր է, քան արդարութիւնը, իր պատրաստակամութիւնը յայտնելով ներկայանալու դատական պատկան մարմինին եւ իր վկայութիւնը ներկայացնելու ու պատասխանելու բոլոր հարցումներուն: Պաապտայի պալատին մէջ երէկ առաւօտ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի ընդունելութեան առիթով արտայայտած նախագահ Աունի այս կեցուածքը դրական եւ խոստմնալից քայլ նկատուեցաւ միաժամանակ` հանրային կարծիքին եւ քաղաքական վերնախաւին մօտ: Նոյն ծիրին մէջ ներկայիս այս հարցի հետաքննութիւնը ստանձնած դատախազ Թարեք Պիթար երէկ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդէն պահանջեց արտօնել Պետական անվտանգութեան ընդհանուր ուժերու տնօրէն հազարապետ- զօրավար Թոնի Սալիպայի հարցաքննութիւնը:
Միւս կողմէ, շարունակուող տեղական թէ արտաքին հետաքննութեանց ծիրին մէջ, ամերիկեան «Էֆ.Պի.Այ.»-ի մէկ զեկուցումը երէկ նշեց, թէ «պայթումին պատճառ դարձած ընդամէնը 2750 թոն ամոնիում նայթրէյթի մէկ մասը` 750 թոնը միայն պայթած է»` առանց յստակացնելու մնացեալ քիմիական նիւթին ճակատագիրը: Ըստ այլ աղբիւրներու, «մնացեալ ամոնիում նայթրէյթը ականի նման է եւ կրնայ որեւէ պահուն բռնկիլ` վտանգելով հանդիպակաց Տորայի կազի հսկայ շտեմարանները: Պայթումի պատճառները կը վերագրուին մասամբ` օրուան պատկան պատասխանատուներու անփութութեան եւ թերացման, մասամբ` Հըզպալլայի դէմ իսրայէլեան օդանաւային յարձակումի եւ մասամբ` անծանօթ կողմէ մը սուրիացի ընդդիմադիրներուն ուղարկուելու հասցէագրուած «զինական օժանդակութեան», սակայն ցարդ ոչ մէկ վարկած վճռուած է այս գծով:
Դատական հետաքննութեան կապակցաբար ուշագրաւ էր վերջերս Մուսթաքպալ պլոքի առաջադրած` անձեռնմխելիութեան վերացման օրինագիծի «արշաւը»: Այս գծով, նշեալ պլոքէն պատուիրակութիւն մը յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ երկրի զանազան կողմերուն հետ` ապահովելու համար առաջադրուած նշեալ օրինագիծի որդեգրումը լիբանանեան խորհրդարանի նիստին:
Կը մնայ նշել, որ պայթումը իր հետեւանքներով ծանր հարուած մը հասցուց նաեւ առանց այդ ալ անգործութեան, սղաճի, անկայունութեան եւ համավարակի պատճառած առողջապահական տագնապին մէջ ապրող լիբանանցիներուն:
Արդ, բոլորին աչքերը սեւեռած են 4 օգոստոսի ժամկէտին, որ պիտի գայ «հաշիւ պահանջելու» պատկան իշխանութիւններէն, այլապէս սպառնալով սաստկացնել ժողովրդային պոռթկումի բողոքի քայլերը: