Նախարարաց խորհուրդը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն յայտարարուեցաւ, որ հինգշաբթի, 4 օգոստոս 2022-ը, որ կը զուգադիպի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Բ. տարելիցին, Ազգային սուգի օր է, որուն ընթացքին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան, իսկ այդ հաստատութիւններուն վրայ Լիբանանի դրօշը կիսակայմ պիտի ծածանի:
Նախարարաց խորհուրդի շրջաբերականը յանձնարարեց նաեւ, որ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայանները տուեալ օրուան ընթացքին այս աղէտին համապատասխանող պատշաճ յայտագիրներ սփռեն, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն ցուցաբերեն նահատակներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն: