ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովին մէջ խօսեցաւ Ատրպէյճանին փոխանցուած աճիւններուն, ինչպէս նաեւ Արցախեան վերջին պատերազմին Հայաստանին ունեցած զոհերուն մասին։
Ան յայտնեց, որ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած զինուորական ծառայողներու եւ քաղաքացիներու թիւը, 9 Փետրուարի դրութեամբ, 3812 է, որոնց կարգին՝ 3736 զինուորներ եւ 76 քաղաքացիներ:
«217 անձի գտնուելու վայրը համարւում է անյայտ, նրանցից 196ը զինծառայող է, 21ը` քաղաքացիական անձ է», ըսաւ Փաշինեան:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանին փոխանցուած է ղարաբաղեան առաջին պատերազմին անհետ կորսուած 108 ատրպէյճանցիներու աճիւններու մնացորդներ, իսկ յառաջիկայ օրերուն պիտի փոխանցուի յաւելեալ երկու աճիւններու մնացորդները:
Փաշինեան նշեց, որ այդ քայլը հայկական կողմը կը կատարէ առանց նախապայմաններու․ ասիկա մարդասիրական հարց է եւ «մեզ համար առեւտրի ենթակայ չէ»:
Ան յայտնեց, որ 4 Փետրուարին տեղի ունեցած հեռավար հանդիպման Ատրպէյճանի նախագահին հետ քննարկուեցան մարդասիրական հարցերը լուծելու ուղիները:
Ատրպէյճան կը յայտարարէ 90ականներու առաջին պատերազմին 4 հազար անհետ կորսուածներու մասին: Այդ պատերազմին հայկական կողմէ պաշտօնական տուեալներով` 777 մարդ կը նկատուի անհետ կորսուած, 217ը `44օրեայ պատերազմին ընթացքին: «Յոյսով ենք` կը յաջողուի համագործակցութիւն ձեւաւորել բոլոր անհետ կորածների ճակատագիրը պարզելու համար», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան: