ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Վերնագիրը եւ կցուած նկարը վերյիշումի առիթ մը եղան այդ օրերուն թղթակցութիւն պատրաստելու եւ թերթին հասցնելու երեւոյթի մասին:
1975 թուականի 22 ապրիլի «Ազդակ» օրաթերթով առաջին անգամ յայտնուած եմ որպէս մարզական թղթակից. Հալէպի ՀՄԸՄ-ի փառքի օրերն էին, սակայն այդ փառքն ու յաղթանակի ուրախութիւնը կը մնար իր սաղմին մէջ: 1971-ին «Ազդակ» եւ լիբանանահայ պաբերական մամուլի ընտանիքի այլ անդամներ պաշտօնապէս մուտք կը գործէին Սուրիա, Դամասկոսէն` Հալէպ, Լաթաքիա, Քեսապ մինչեւ հեռաւոր Գամիշլի:
Մարզադաշտի խանդավառութիւնը կամ, պարտուելու, պարագային տխրութիւնը, կը հասնէր ՀՄԸՄ-ի ակումբ եւ Պարտէզ` յաջորդող օրերուն զրոյցի նիւթը դառնալով մարզասէրներուն:
Տեղական մարզական մամուլի ընտանիքի 3-4 շաբաթաթերթերու գլխաւոր վերնագիրներէն էր ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերուն լուրերը, որոնք մեր կողմէ փնտռուած էին ընդհանրապէս:
Շուրջ կէս դար առաջ էր, որ թուղթն ու մատիտը գլխաւոր միջոցներն էին մտածումներդ եւ նկարագրութիւններդ հանրայնացնելու, դարձնելու, սակայն անկէ անդին… Հիմա որ նստած կը գրեմ ստեղնաշարի վրայ, վայրկեաններ ետք կոճակներ կոխելով, ընկերային ցանցերու միջոցով գրածդ հասանելի կը դառնայ հազարաւորներու` Ճափոնէն մինչեւ Ալասքա, կամ` թերթի խմբագիրի պաստառին, որ իր նշումները կատարելէ ետք կը յանձնէ մամուլին` ժամերու ընթացքին հասնելով առաւօտեան սուրճի գաւաթի դէմ նստած թերթի դասական ընթերցողներուն:
Անկէ անդին` կար հեռագիրը լատինատառ, հաղորդակցութեան նախարարութեան յատուկ գրասենեակէն, վճարումը` տառերու քանակին համապատասխան, որ սկսնակ թղթակիցի մը եւ ուսանողի մը համար կը մնար խորթ:
Պէտք էր հարց տալ, թէ այդ օրերուն ո՞վ Պէյրութ կը մեկնի եւ տրամադիր է այս փոքրիկ պահարանը հասցնել «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, կամ «Սարդարապատ» ակումբ:
Հալէպի Ապպարայի «Սալամ» ճամբորդական գրասենեակի հայ վարորդներէն ոմանք, մարզասէր ըլլալով, երբեմն սիրայօժար կը կատարէին այդ պարտականութիւնը, յաւելեալ ճիգով մը պահարանին վրայի թիւին` «Ազդակ»-ի խմբագրատուն հեռաձայնելով:
Անկէ անդին` խմբագիրի եւ սրբագրիչի գրասեղանէն դէպի կապարի եւ տողաշարութեան աշխատանքը, նկարին զինկոկրաֆ քլիշէի պատրաստութիւնը օրերու հարց էր, եւ շաբաթ մը ետք կարդացուած լուրը «թարմ» կը նկատուէր, յատկապէս` Լիբանան հաստատուած սուրիահայերու համար:
Առաջին այս թղթակցութեանս մրցումին թուականը կը զուգադիպի լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի պայթումի օրուան` կիրակի 13 ապրիլ 1975, այդ օրերուն լիբանանահայութեան թիւը կը հասնէր երկու հարիւր հազարի, իսկ սուրիահայութիւնն ալ հարիւր հազար էր:
Երնէ՜կ այն օրերուն…
Ժընեւ