Ուրբաթ, 15 Մարտին Կ. Պոլսոյ Գում Գափու թաղամասի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ վերջին հրաժեշտը տուած են Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, Պոլսոյ պատրիարքի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն մասնակցած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլջեան եւ Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան: Արարողութեան ընթացքին Խաժակ արքեպիսկոպոսն ընթերցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վշտակցութեան խօսքը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն հրաժեշտի արարողութեան մասնակցած են Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեմեզեան եւ Անթիլիասի Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան:
Արարողութեան մասնակցած են նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Տէր Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Բինալի Եըլտըրըմ, Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Կալին, Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյը,Սթամպուլի քաղաքապետը եւ այլք:
Վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան պատարագիչը եղած է Գերաշնորհ Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեանը:
Հրաժեշտի արարողութենէն ետք Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մութաֆեանի աճիւնն ամփոփուած է Պոլսոյ Շիշլի շրջանի հայկական գերեզմանատան մէջ:
Աւելցնենք, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը, որ Պոլսոյ Հայոց 84-րդ գահակալն էր 1998 թուականէն, վախճանած է 8 մարտին, 62 տարեկան հասակին։