2017-ին լրացաւ 14-րդ տարին «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին: 28 դեկտեմբեր 2017-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ լեցուած էր մրցանակակիր մանուկներով եւ անոնց ծնողներով:
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին բացման խօսքով Սրբուկ Ճենանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ ի մասնաւորի փոքրիկ մրցանակակիրներուն, որոնց թիւը, նշեց ան, տարուէ տարի աճ կ՛արձանագրէ, ինչ որ ուրախալի երեւոյթ է ու քաջալերելի` նկատի առնելով, որ նոր սերունդները տակաւին հետաքրքրուած են մայրենիով ու կը գուրգուրան անոր անթերի ներկայացման: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հայկական դպրոցներու մասնակցութեան պատկերին համար, որ ամէն տարի գրեթէ ամբողջական կ՛ըլլայ: Արդարեւ, այս տարի 11 հայկական դպրոցներ 49 մրցանակակիրներ ունեցած են, ինչ որ հպարտալի երեւոյթ է:
Ճենանեան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, որ ամէն տարի կը հովանաւորէ ու կը տրամադրէ մրցանակակիրներուն նիւթական պարգեւները` քաջալերելով նոր սերունդները անսխալ գրելու եւ խօսելու իրենց մայրենի լեզուն: Նոր տարուան շնորհաւորանքէն ու բարեմաղթութեան խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
Գանտահարեան շնորհաւորեց փոքրիկները, անոնց ծնողները եւ հայկական դպրոցներու տնօրէններն ու ուսուցիչները` յայտնելով, որ աւանդութիւն դարձած «Անսխալ գրենք» մրցումի կողքին խմբագրական կազմը ծրագրած է աւանդութիւն դարձնել այս տարուան ընթացքին կազմակերպած «Փոքրիկ լրագրողներ» աշխատանոցը եւս, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր փոքրիկներուն մօտ: Խմբագրական կազմը ունի նաեւ այլ ծրագիրներ, որոնք օրին կը ներկայացուին: Շահան Գանտահարեան իր կարգին եւս շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցչական կազմերուն եւ ծնողներուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն «Պզտիկ-մզտիկ»-ի ձեռնարկները, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, որ ամէն տարէ կը հայթայթէ մրցանակակիրներուն պարգեւները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց մրցանակակիրները: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ «Սօսի» ֆոնտի ներկայացուցիչ Մելքոն Յակոբեան եւ տեղի ունեցաւ պարգեւներու բաշխումը:
Մրցանակաբաշխութենէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան: