Պրիւքսելի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակին նուիրուած նախարարական հանդիպման ծիրին մէջ,կարճատեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի միջեւ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան:
«Կայացաւ կարճ հանդիպում գագաթնաժողովի ծիրէն ներս: Նախարարները իրարու ձեռք սեղմեցին: Հայկական եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւններու պաշտօնական բանակցութիւններ ծրագրուած չեն»,- ըսաւ Նաղտալեան:
Պրիւքսել կը գտնուի նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: ՀՀ վարչապետը Եւրոպական խորհուրդի շէնքին մէջ պիտի մասնակցի Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թասքի հրաւէրով, Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած պաշտօնական ընթրիքին: