ԵՐԵՒԱՆ. «Երկիր Մեդիա».- Յունիս 18ին, կառավարութեան որոշումով 50 միլիոն դրամ յատկացուեցաւ «Հրանտ Մաթեւոսեան» մշակոյթի կեդրոն-թանգարանի շինարարութեան աշխատանքներուն սկսելու համար:
Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան յայտնեց, որ կառոյցի կմախքային աշխատանքները աւարտին հասցնելու համար 140 միլիոն դրամի կարիք կայ:
«Քաղաքապետարանի կողմից յատկացումն արդէն կատարուած է, նախագծային աշխատանքները՝ աւարտուած: Միայն կմախքային աշխատանքները կը կազմեն 140 միլիոն դրամ, որից 50 միլիոն դրամը յատկացուելու է կառավարութեան կողմից: Բարեգործը, որը նախաձեռնել է այս աշխատանքները, խոստացել է մինչ տարեվերջ յատկացնել 110 միլիոն դրամ», բացատրած է ան:
Նարեկ Սարգսեան յայտնած է նաեւ, որ նախագիծի ընդհանուր արժէքը 420 միլիոն դրամ է: