ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 27 Մայիսի առաւօտեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Գեղարքունիքի սահմանային հատուածին մէջ, ատրպէյճանցիները Հայաստանի 6 զինուորներ շրջափակեցին եւ գերի առին, երբ վերջինները Հայաստանի տարածքին մէջ, առանց սահմանը հատելու ճարտարագիտական աշխատանքներ կը կատարէին։
Քիչ անց, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստին յայտարարեց, որ, ըստ էութեան, ասիկա ոչ թէ գերի առնել է, այլ` առեւանգում Հայաստանի ինքիշխան տարածքէն:
Գերի տարուած զինուորներն են՝ Ա. Ն. Աբգարեան, Ի. Ա. Սարգսեան, Վ. Վ. Սարգսեան, Բ. Ս. Օհանեան, Ա. Գ. Բուդոյեան եւ Վ. Օ. Ռաֆայէլեան:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած սուտ լուրերուն պատասխանելով՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ 6 հայ զինուորները գերի առնելը տեղի ունեցաւ Հայաստանի տարածքին մէջ` հրապարակելով տեղանքի մանրամասն քարտէսը:
Այս զարգացումին լոյսին տակ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Մոսկուա գտնուող` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեանի հետ, որ դիտել տուաւ, թէ բոլոր միջոցներու կը ձեռնարկուին վերջիններուն շուտափոյթ վերադարձին համար:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ սահմանային իրավիճակին: Նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ Մոսկուա իր այցելութիւնը կապ ունի նաեւ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման հետ: «Հանրապետութեան նախագահն անյետաձգելի է համարել անհրաժեշտ միջոցների ձեռնարկումը, համապատասխան բոլոր մարմինների, հայկական զինուած ուժերի եւ դիւանագիտական բոլոր հնարաւորութիւնների օգտագործումը մեր զինծառայողներին վերադարձնելու ուղղութեամբ: Նա միաժամանակ նշել է, որ ամէն ինչ պէտք է անել նման դէպքերը բացառելու, մեր զինծառայողների եւ քաղաքացիների անվտանգութիւնը, սահմանների անձեռնմխելիութիւնն ու պատշաճ պաշտպանութիւնը ապահովելու համար», կ՛ըսուի այս առիթով նախագահական պալատէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։ Շեշտուեցաւ նաեւ, որ նախագահը Ատրպէյճանի զինուորներուն գործողութիւնները կը նկատէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու ակնյայտ խախտում, ուստի անոնք պէտք է արժանանան միջազգային հանրութեան ամենախիստ հակազդեցութեան ու գնահատականին:
6 հայ զինուորներուն գերի առնելը դատապարտեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ իրականացուող այս սադրիչ գործողութիւնները նպատակ ունին առաւել լարել իրավիճակը, ինչ որ կրնայ լրջօրէն վտանգել տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը:
«Խստօրէն դատապարտում ենք Ադրբեջանի կողմից ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ ուժի կիրառումը եւ ընդգծում, որ ադրբեջանական զինուժի բոլոր գործողութիւնների եւ դրանց հետեւանքների պատասխանատուութիւնը կրում է Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Գերեվարուած հայ զինծառայողները պէտք է անյապաղ եւ անվերապահ վերադարձուեն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։
Զինուած ուժերու գլխաւոր փոխհրամանատար Էդուարդ Ասրեան սահմանային կացութեան մասին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի պետական սահմանի մարտավարական վիճակը լարուած է, եւ որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կը փորձեն քանի մը ուղղութիւններու վրայ վարել իրենց սադրիչ-հարկադրական գործողութիւնները: Իսկ մեր զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, հակագործութիւններ իրականացնելով, կը փորձեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը ներթափանցած հակառակորդի ուժերը եւ միջոցները վտարել Հայաստանի տարածքէն։
Ան դիտել տուաւ, որ իրավիճակը լարուած է յատկապէս Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճ-Վերիշէն ուղղութեան մէջ, իսկ 27 Մայիսի լուսցող գիշերը վիճակը լարուած է նաեւ Գեղարքունիքի մարզի Կութի կողմը։
Ըստ փոխհրամանատարին՝ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի տարածքին մէջ կը գտնուին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շուրջ 1000 զինուորներ: «Նշուած զինծառայողները մեր տարածքում լուրջ խնդիրներ կատարելու հնարաւորութիւններ չունեն: Եթէ հարցին լուծում տանք ռազմական ճանապարհով, ապա այդ 1000 զինծառայողները մեր տարածքից դուրս գալ չեն կարող` մենք կ՚ոչնչացնենք բոլորին անխտիր կերպով», ընդգծեց գլխաւոր փոխհրամանատար Էդուարդ Ասրեան:
«Եթէ մենք գնում ենք այս իրավիճակի հանգուցալուծման եւ մեր պետական սահմանի վերականգնման ճանապարհով, ունենք երկու ուղի: Առաջինը` զէնք չկիրառել, պայքարել, հարկադրել, բանակցել, ապացուցել եւ նրանց հետ շպրտել, եւ ունենք երկրորդ ճանապարհը` կիրառել ուժ, ստիպել հակառակորդին նահանջել», յայտնեց Ասրեան։