ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
Երկու օր առաջ ֆէյսպուքի վրայ կարդացի Մարի Ռոզ Մանուկեանի մահուան լուրը։ Շեշտը բնականաբար դրուած էր իր դերասանական վաստակին վրայ։ Շաբաթ օրը, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ տպուած էր նաեւ կարճ մահազդ մը՝ Համազգային մշակութային միութեան թատերախումբին կողմէ։
Բայց ես՝ պատահաբար, Մարի Ռոզը ճանչցած եմ բեմէն դուրս՝ իր ամէնօրեայ առտնին հոգերով՝ քանի որ ազգականներուս դրացին էր։ Բեմէն դուրս շատ սովորական կին մըն էր, հիւանդապահուհի (արեւելահայերէնով՝ բուժքոյր)։
Եւ այս միասնականութեան մասին՝ սովորական կին եւ կամաւորաբար լիբանանահայ բեմի նուիրեալ ըլլալու վրայ է, որ կ՛ուզեմ դնել շեշտը։ Յետեղեռնեան հայը սփիւռքը կազմաւորուած է ու կը գոյատեւէ Մարի Ռոզին նման բազմաթիւ հայ անհատներու նուիրումով ու թափած համեմատաբար փոքր համարուող ջանքերով, յաճախ՝ առանց որեւէ նիւթական ակնկալիքի։ Անոնք՝ ինչպէս անգլերէնով կ՛ըսեն, սփիւռքահայութեան unsung hero-ներն են, այսինքն՝ հերոսներ, որոնց մասին երգեր չեն հիւսուած։ Սակայն, անոնք սովորաբար կը մոռցուին իրենց մահուան քառասունքէն կամ առաւելագոյնը՝ առաջին տարելիցէն ետք։ Ու սփիւռքահայ յետագայ սերունդները կը կարդան ու կը լսեն միա՛յն տարբեր, երկարամեայ կուսակցութիւններու ու կրօնական, համայնքային կազմակերպութիւններու մի քանի ընտրեալ «կուռքերուն» մասին։ Իսկ անկախութենէն ետք ալ, Հայաստանի հեռատեսիլի կայաններուն ու զանգուածային լրատուութեան այլ միջոցներուն կարծես թէ հետաքրքրեն միայն այն անհատները, որոնք իրենց համայնքէն դուրս եւ երբեմն ալ միջազգային համբաւի տիրացած են, հոգ չէ թէ մասնակից չըլլան զիրենք ծնած համայնքներու առօրեային։ Կարեւորը ․․․ ծագումով հայ կամ աշխարի հայ ըլլալնին է։
Հայագիտութիւնը շատ թերացած է յետեղեռնեան սփիւռքի ուսումնասիրութեան մէջ։ Վերջին տարիներուն բարելաւում կայ, բայց դեռ կտրուելիք ճանապարհը շատ երկար է։ Պիտի գա՞յ օր մը երբ գիտութեան ու հանրութեան ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան նաեւ Մարի Ռոզին նման հազարաւոր unsung hero-ներուն գոնէ մէկ մասը, սկսելով՝ ակումբներու «հայրիկներէն» ու «մայրիկներէն», դպրոցներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներէն, թատերախումբերու ու պարախումբերու վարչականներէն եւ այլն։
Ուրախ եմ, որ Համազգայինը մի քանի տարի առաջ՝ իրենց ողջութեան, գնահատանքի երեկոյ մը կազմակերպեց Մարի Ռոզին ու անոր բեմական երկարամեայ գործընկեր Մանուէլ Մարգարեանին համար։ Բայց, այսպիսիները գնահատելու եւ յետմահու յիշելու գործող մեքանիզմներ ստեղծելը բարոյական պարտաւորութիւն է ուր կարծեմ թերացած ենք որպէս հաւաքականութիւն։