ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ ՀԱՃԷԹԵԱՆ
Ուշ գիշեր էր։ Սոֆիա արթուն էր, մինչ տան մէջ ամէն ոք քուն մտած էր։
Դուրսը քամին կը սպառնար Համիտիէի իրենց տան մօտիկ հրեաներու գերեզմանատան ծառերը տեղահան ընել, իսկ պատշգամին թիթեղածածկը միալար կը նուագէր քամիի ուժգնութեան համաչափութեամբ։
Սենեակին մէջ կրակարանը դեռ կէս մը կը շնչէր կարմիր աչքերով, որուն մօտ կը հանգչէր պատկառելի, բաւական մեծ ծաւալով, կանաչ ներկուած սնտուկ մը, որուն վրայ բարձրացած էր Սոֆիա, ու արագ շարժումներով կը դարձնէր բուրդ մանող իլիկը։
Սոֆիա վաղուց սորված էր բուրդերը սանտրել եւ հասարակ բուրդի կոյտերը մանածի վերածել։ Յաճախ, ուշ գիշերներ, երբ ուսուցիչը կը բացակայէր տունէն իր զանազան ազգային եւ ուսումնական ժողովներու պարտաւորութեան պատճառով, Սոֆիա, այդ ժամերուն ձերբազատուած մեծ ընտանիքի առօրեայ գործերէն, ձեռք կ՛առնէր իր իլիկը։
Մանածով տարբեր զգեստներ կը հիւսէր տան անդամներուն համար։ Հալէպի ձմեռը կատակ չէր, սաստիկ քամին ու սառ կապող ցուրտը կը թափանցէին մարդոց ոսկորներուն։
Երբեմն բուրդի անգոյն խուրձերը կը ներկէր սոխի եւ կամ նուռի կեղեւներով, եւ անոնք կը ստանային պայծառ գոյներ։
Աղօտ լոյսին տակ Սոֆիա կը ջանար աշխատիլ յամառօրէն, մինչեւ վրայ հասնէր ամուսինը, որ կը նեղանար կնոջ դեռ այդ ժամուն աշխատելուն։ Ան կը յորդորէր որ Սոֆիա ինքզինք չսպառէ, եւ երբ կը տեսնէր անոր յամառ շարունակուող աշխատանքը, ջղայնացած, կնոջ ձեռքէն կը խլէր իլիկը կը շպրտէր մէկդի։
Չկայութեան տարիներ էին, երբ մէկ հոգիի աշխատանքով պիտի պահուէր բազմանդամ ընտանիք մը։ Ուսուցիչի ամսական մըն էր, որ պիտի հասնէր բոլորին, պիտի հոգար տան բոլոր կարիքները։
Յաճախ պէտք եղած օճառն ու լուացքի դեղն անգամ անբաւարար կ՛ըլլար այդ մեծ ընտանիքին լուացքն ընելու։ Բայց այդ սիրով շարժող ձեռքերը մէկի տեղ տասնեակ անգամներ կը շփէին ճերմակեղէններն ու լաթերը մաքրելու համար զանոնք։
**
ԶԱՐԵՀԻՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ 1942-ԻՆ
Զարեհ ճարտար ձեռքերով արհեստաւոր մը ըլլալէ անկախ, շնորհալի ասմունքող էր։ Պատահած էր, որ երիտասարդ աղջիկներ ուզեն իրեն հետ մտերմանալ՝ զինք բեմի վրայ տեսնելէ եւ ունկնդրելէ ետք։ Բայց ինք քիչ մը վերապահ կը մնար։
Անգամ մը, երբ 26-27 տարեկան էր, հարսանիքի մը ընթացքին փափաքած էր աղջկան մը հետ պարել, բայց չէր յաջողած՝ իր ամօթխածութեան պատճառով: Այդ գիշեր անտրամադիր վերադարձած էր տուն եւ յաջորդող օրերուն անհանգիստ վիճակ ստացած։ Միսաք երբ տեսաւ տղուն՝ Զարեհին անկայուն վիճակը, շատ մտահոգուեցաւ, եւ այդ օր լրջօրէն մտածեց զայն ամուսնացնելու մասին։ Զարեհ նաեւ հետեւած էր ջութակի դասընթացքներու, ու կը նուագէր։
Հայրը՝ Զարեհը ամուսնացնելու համար խնդրեց իրեն ծանօթ զէյթունցի ընտանիքի մը շնորհալի աղջկան՝ Ազնիւ Միքայէլեանի ձեռքը, եւ նշանեց տղան։ 1942-ին անոնք ամուսնացան եւ կազմեցին ընտանիք մը։ Աստուած տարի մը վերջ օրհնած էր անոնց ընտանիքը եւ տուած տղայ զաւակ մը։
Զարեհ ուզեց իր հօր անունը տալ տղուն, բայց Միսաք չուզեց, ըսելով, որ հայկական աւելի հնչեղ անուններ կան, անոնցմէ մէկը դրէք։
Վահէ, Վաչէ…
Վահէ դրին նորածինին անունը, իսկ տարի մը ետք՝ արդէն Վաչէն ալ աշխարհ եկած էր։
Զարեհ ունեցաւ եօթը զաւակներ։
**