Կլէնտէյլ.- Ուրախութեամբ կու գանք յայտնել, թէ այս տարուայ Փետրուարին լոյս տեսաւ ամերիկահայ ծանօթ Գրող, մտաւորական, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, երկարամեայ տնօրէն եւ վաստակաշատ դաստիարակ, գրական բեղուն վաստակ ունեցող ու ազգային գործիչ եւ հայ մամուլի անխոնջ աշխատակից՝ Գէորգ Պետիկեանի «ՏԱՐԻՆ, ՈՐ ԱՆՑԱՒ» խորագրով նոր հատորը:
Հեղինակին իններորդ հատորը հանդիսացող 200 էջերով ներկայացող այս հրատարակութիւնը անցեալ տարուան ընթացքին «Քորոնա» համաճարակին, Արցախի պատերազմին, անոր թոռներուն ու ազգային զանազան տագնապ-մտահոգութիւններն ու լուծումներուն, ծննդավայր Հալէպի հանդէպ իր դրսեւորած սիրոյ եւ կարօտի զգացումներուն առընթեր, մայրենիի մաքուր բանալիներով, մերթ ցնծութեամբ, մերթ յուզմունքի, տաքուկ յիշատակներու, դէպքերու միատեղուած, խայտաբղէտ հաւաքածոյ մըն է։
Նաեւ պէտք է, ըսել, որ Գէորգ Պետիկեան, մեր գրականութեան մէջ ունի իր որոշակի հասցէն, պարզ, բարձր, մատչելի փոքրին ու մեծին: Այդ արդէն առաւելութիւն է, որուն կը ձգտին բոլոր գրողները:
Գէորգ Պետիկեան ուսուցիչ, մտաւորական, կրթական մշակ ու գրող` կը պատկանի Հալէպահայերու այն փաղանգին, որոնք երկար տարիներ թէեւ մարմնով հեռու, բայց մտքով, սրտով առնչուած կը մնացին իրենց ծննդավայրին: Առաւել՝ որեւէ ազգային հարցի շուրջ Պետիկեան մտաւորականին քննադատութիւնները, խօսքերը, խոհական հայեցողութեամբ իմացական հարցերը, իր արծարծած իմացապաշտ խառնուածքով միտումներն ու մտահոգութիւնները ունին կշիռք եւ արժէք, որոնք իրենց իւրայատկութեամբ՝ կը ներարկեն աւիշ եւ ուժականութիւն մեր առօրեայ կեանքին եւ կենցաղական մտորումներուն։
Այս պատճառով, պէտք է սիրել ու յարգել:
Այս հատորը, որ լոյս տեսած է Քալիֆորնիոյ KASL հայկական տպարանէն, կը պարունակէ 44 արձակ կտորներ եւ 2 բանաստեղծութիւններ։
Ամփոփ ծաղկաքաղ ընելով կը նկատենք,- Աւարտին պարտք է յիշել, որ սոյն հատորը Պետիկեան նուիրած է իր երկու սիրելի թոռներուն 14-ամեայ՝ Վանա-Լիզային, եւ 10 տարեկան Հայկին:
Կողքի ձեւայղացքը կը պատկանի տպարանատէր՝ Յակոբ Գարապիպէրճեանի՝ արեւամուտը խորհրդանշող լուսանկարով:
Խորին շնորհակալութիւն եւ շնորհաւորութիւններ նոր երկունքի առթիւ, սիրելի ուսուցիչ մտաւորական Պետիկեանին, որ անգամ մը եւս սփիւռքեան գորշ մթնոլորտը աշխուժացուց իր «Տարին, որ Անցաւ» ով։
Գիրքը ստանալու համար դիմել` Ել-հասցէ (E.mail) [email protected]
Cellphone / Mobile # 818-852-1595 California Los Angeles
Հասցէ՝ 552 Spencer street, Glendale, CA 91202 U.S.A
Շաքէ Մանկասարեան