Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ- ՊԱՅՔԱՐ 219
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իրանեան Տեսանկիւնէ-թիւ 6
Հայրենի իրանագէտ Էմմա Բեգիջանեանի հեղինակած՝ «Իրանական Տեսակէտները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» գիրքը (խմբագիր ՀՀ ԳԱԱ-ի թղթակից անդամ դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, լոյս տեսած հեղինակային հրատարակութեամբ Էտիթ Պրինթ տպարանէն, Երեւան, 2011, 163 էջ միջին չափի), գիտական մօտեցումով լոյս կը սփռէ Իրանի Թուրքիոյ հետ ունեցած յարաբերութեան ու քաղաքական զարգացման փուլերուն վրայ, նաեւ անոր ազդեցութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նշման եւ ճանաչման գծով:
Էմմա Բեգիջանեան մօտէն հետեւած է Թուրքիոյ առընչուող Իրանի քաղաքական եւ զինուորական դէպքերուն եւ անոնց լոյսին տակ վերլուծած՝ Իրանի հակազդեցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթի ընթացքին վրայ: Երուսաղէմի փրկութեան յիշատակի օրուան՝ 3 Փետրուար 1997-ին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ Իրանի դեսպան Մուհամմէտ Ռիզա Բաղերը «իր դիւանագիտական գործունէութեան անհարիր» (էջ 71) Թուրքիոյ մէջ շարիաթի օրէնքները կիրառելու կոչ կ՛ընէ: Օրուան վարչապետը՝ Նէժմէտտին Էրպաքան կառավարութենէն կը պահանջէ անյապաղ երկրէն հեռացնել Իրանի դեսպանը: Շաբաթ մը ետք Թուրքիա կը վտարէ Անգարայի մէջ Իրանի դեսպանն ու Կ. Պոլսոյ Իրանի հիւպատոսը: «Իրանը դարձաւ Թուրքիայի քաղաքական ոյժերի եւ բանակի մեղադրանքների ու սուր քննադատութիւնների թիրախ» (էջ 71), կ՛ըսէ Բեգիջանեան:
Այսպիսով 1997-ին Թուրքիա-Իրան յարաբերութիւնները կը վատթարանան: Այս պայմաններուն տակ, Իրանի մէջ հրատարակուող պարսկերէն «Իրան» օրաթերթը 9 Յունիս 1998-ին կը հրատարակէ «Հայերի Ջարդերը» խորագիրով յօդուածը, որ նուիրուած էր Հայասպանութեան: Սոյն յօդուածին մէջ գերմանացի եւ եւրոպացի ականատես վկաներ ու այդ ժամանակի ամերիկացի դիւանագէտներ կը վկայակոչեն եւ իրենց տեսակէտները կը յայտնեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Բեգիջանեան կ՛ըսէ. «Յօդուածը պարսկալեզու ամենէն առարկայական գնահատական պարունակող տպագիր նիւթերից է» (էջ 72) Հայասպանութեան մասին: Հոն կը շեշտուի թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն բանթրքական նպատակներ կը հետապնդէր:
Յօդուածին մէջ յատկանշական է որ կը նշուի, թէ Հայասպանութեան գործադրութեան ընթացքին թուրքերը այդ գծով նախապէս մտադրուած ծրագիրներ կը կիրառեն: Հո՛ս շեշտը կը դրուի Թալաաթի եւ էնվերի միասնաբար տուած որոշումին՝ բոլոր հայ զինուորները զինաթափելու, որպէսզի անոնք չկարենան ինքնապաշտպանութեան դիմել անողոք ոճիրներով սպաննուելու ատեն: Կը յիշուի նաեւ թէ ինչպէս թուրքերը հայ զանգուածները գնացքով, հետիոտն կամ փոխադրամիջոցներով կը քշեն դէպի Սուրիոյ եւ Իրաքի անապատները եւ հոն անօթի ու ծարաւ կը թողուն որ մահանան: Այս կարաւաններուն կ՛ընկերանան թուրք, չէրքէզ եւ քիւրտ զինեալներ անմեղ հայերը սպաննելու առաջադրանքներով:
Այլ կարեւոր կէտ մըն ալ հոն կը նշուի, որ 17 Յունիս 1915-ին Կ. Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հանս ֆոն Վանկենհայմ հեռագիրով մը իր կառավարութեան կը տեղեկացնէ հայոց զանգուածային բռնագաղթերուն մասին, բայց «Գերմանիայի դեսպանն իր հեռագրի պատասխանն այդպէս էլ չստացաւ» (էջ 73): Յօդուածագիրը կը շարունակէ նշելով, թէ այլ եւրոպական երկիրներ ալ Օսմանեան Պետութեան բողոք ներկայացուցին հայոց դէմ անոր վայրագ վերաբերմունքին համար, սակայն այդ ոճրագործութիւնները կանխելու ուղղութեամբ ոչ մէկ քայլ առնուեցաւ:
Յօդուածին մէջ ուշագրաւ է յիշատակումը ԱՄՆ-ի Կ. Պոլսոյ դեսպան Հենրի Մորկընթաուի 1915 Յունիսին Ամերիկայի Արտաքին Գործերու նախարարին ուղղուած հեռագրին բովանդակութիւնը: Անոր մէջ Մորկընթաու կ՛ըսէ, որ եթէ խօսքը կը վերաբերի հայոց սոսկ տեղափոխման, այդ տանելի կ՛ըլլայ, սակայն ամէն մարդ գիտէ թէ հայերը քշուեցան դէպի սպանդանոց, ոչ թէ հազար կամ տասնեակ հազարներով, այլ հարիւր հազարներով ու մահուան դատապարտուեցան: Յօդուածին մէջ նշուած է, որ ԱՄՆ բողոքեց Օսմանեան Պետութեան այս հարցին նկատմամբ սակայն թուրքերուն ուշադրութեան չարժանացաւ այդ բողոքը, որովհետեւ անոնք հետամուտ էին բնաջնջել հայերը:
Այդ յօդուածին մէջ կը հանդիպինք հատուածի մը որ կը նկարագրէ հայոց տառապանքներն ու կոտորուիլը Սուրիոյ եւ Իրաքի անապատներուն մէջ: Թուրքերն ու քիւրտերը հայերը կը քշէին աղտոտ ջուրով լեցուած փոսերու առջեւ եւ անոնց վրայ կը կրակէին, նախքան որ անոնք կարենան խմել: Հազարաւոր դիակներ կը տեսնուին ճամբաներու եզերքները: Հայ մանուկներն ու փոքր աղջիկները ճիչ ու վայնասուն կը բարձրացնէին: Հիւանդները կիզիչ արեւուն տակ կը մահանային: Զինուած թուրքերն ու քիւրտերը փամփուշտ խնայելու համար հայոց գլուխները մանգաղով կամ դաշոյնով կը կտրէին: Հազուադէպ կը պատահէր որ հազարներ հաշուող կարաւանէն քանի մը հայեր միայն կարենային փախուստ տալ: Յօդուածին մէջ կայ ֆրանսացի յայտնի պատմաբան Միշել Էրբենի հետեւեալ վկայութիւնը. «Աւելի քան մէկ միլիոն հայեր Սիրիայի եւ Իրաքի անապատների այրող արեւի տակ ոչխարների հօտի ու կովերի նախրի պէս քշւում էին առաջ: Թուրք եւ Քիւրտ զինուած տղամարդիկ նրանց 100-200 խմբերի էին բաժանում եւ քշում անապատի խորքերը» (էջ 74): Յօդուածը կ՛ընդգրկէ վկայութիւններ ֆրանսացի եւ այլ եւրոպացի ականատեսներէ ալ:
Յօդուածին մէջ կը տեսնենք նաեւ բանթուրքիստ քաղաքական դէմքերու եւ անոնց ի պատիւ թուրք ազգայնականներու կողմէ կատարուած մեծարանքի գործունէութեան նկարագրութիւնը: Այդ բանթուրքիստ դէմքերէն են Թալաաթ եւ Մութաֆա Քեմալ, որոնք թուրանականութեան առաջադրողները եղած են: Այս պատճառով «Այսօր Թալաաթի դիակը Ստամպոլում շքեղ դամբարանում է՝ Լրադիի բլուրի վրայ, իսկ Անգարայի մեծ փողոցներից մէկը նրա անունով է կոչւում, սա խայտառակութիւն է մարդկային հասարակութեան համար», կ՛ըսէ բրիտանացի գրող-պատմաբան մը 1972-ին (էջ 75, յօդուածագիրը հաւանաբար նկատի ունի Տէյվիտ Մարշըլ Լէնկը,- Յ.Ի.):
ՄԱԿը հայոց դէմ գործուած ոճրագործութեան հարցը ներառած է Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի հասարակական-տնտեսական նիստի օրակարգին մէջ (խօսքը անցեալ դարու եօթանասունականներու սկիզբի մասին է,- Յ.Ի.): Այդ նիստին Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Վալաքայը նշած է թէ հայոց զոհուելու պատճառը պատերազմը եղած է: Հայերը ապստամբած են Օսմանեան Պետութեան դէմ եւ այդ պատճառով տեղափոխուած են կայսրութեան այլ հատուածներ: Այս նախադասութիւնը արտասանելէ անմիջապէս ետք Վալաքայ նիստէն հեռացած է: Բրիտանացի պատմաբանը գրած է. «Իրականում Օսմանեան Կայսրութիւնը մշտապէս ջանքեր է գործադրել Միջին Ասիայի թուրքական ցեղերից թուրանական կայսրութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ» (էջ 75):
Ուրիշ պատմաբան մը (անունը չի նշուիր,-Յ.Ի.) կ՛ըսէ. «Եթէ Ազգերի Լիկան 1920-ին դատապարտեր թուրք առաջնորդների անմարդկային արարքները, ապա Քեմալ փաշայի գլխաւորած իշխանութիւնը (1925-1940) Թուրքիայի քրտերի 1/3-ին չէր ոչնչացնի» (էջ 75): «Այնուամենայնիւ, Միացեալ Նահանգներն ու Գերմանիան միշտ էլ հովանաւորում են Թուրքիային» (էջ 75) կ՛աւելցնէ ան:
Այլ օտար հեղինակներ, ինչպէս Հայնրիխ, իր «Հայաստանը 1915-ին, Թէ Ինչ Է Թաքցրել Կայսերական Կառավարութիւնը Գերմանահպատակներից, Հին Մշակոյթ Ունեցող Ժողովրդի Կոտորածը Թուրքերի Կողմից» խորագրեալ գիրքով, (Պերլին 1930, գերմաներենէ հայերէնի թարգմանած է Յունան Ղուկասեան, Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատ., 2000, 112 էջ), նաեւ Հայասպանութեան առընչուող թրքական կայսերապաշտութեան մասին իրենց կարծիքները յայտնած են: Ֆիրպիւխեր կ՛ըսէ թէ այսերապշատական գաղափարները համակած էին Երիտթուրք ղեկավարներու միտքերը: 19-րդ դարու վերջաւորութեան աֆղանիստանցի ղեկավար մը՝ Ճեմալէտտին անունով, սուլթան Ապտիւլ Համիտի հետ զրոյցի մը ընթացքին անոր յուշած էր Օսմանեան Պետութիւնը ղեկավարել Բանիսլամական սկզբունքով՝ կարենալ դէմ դնելու համար Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ: Աւելի ուշ Երիտթուրքերը իրենց ծաւալապաշտական ծրագիրներու իբրեւ լծակ եւ միջոց որսացին այս միտքը եւ ձեւափոխեցին Բանթուրքիզմի գաղափարով: Օսմանեան Պետութեան մէջ զգալի թիւ կազմող հայ ժողովուրդը ինքնաբերաբար արգելք էր բանթուրքիզմի գործադրութեան ճամբուն վրայ, կ’ըսէ Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր եւ կ’աւելցնէ. «Երիտթուրքերը ուզում էին ստեղծել ազգային պետութիւն, որն անողոքաբար կը մերժի մէն մի զիջում փոքրամասնութիւններին» (էջ 48): Երիտթուրքերը 1914-ին սկսան վճռական միջոցներ կիրարկել ամէն բանի դէմ, որ թրքական չէր: Այս ուղղութեամբ հայերը անպաշտպան ըլլալով, Երիտթուրքերու վայրագ ոճիրներու առաջին եւ կարեւոր թիրախը դարձան: Անշուշտ թուրքերը այս գործին մէջ առանձին չէին, այլ Գերմանիա անոնց կողքին էր: Ասոր մասին Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր կը հաստատէ. «Գերմանիան պատերազմում թուրքերի նկատմամբ լաւ էր տրամադրուած՝ պահելու համար այն վարագոյրը, որի հետեւում կոտորուեցին աւելի քան մէկ միլիոն անմեղ տղամարդիկ, կանայք ու երեխաներ» (էջ 49):