Իւղաբեր կանայք Յիսուսի թափուր գերեզմանին քով, Սիմոն Պետրոս, յարութեան աւետաբեր հրեշտակը եւ գերեզմանի պահապանները։
Ճաշոց Հեթում Բ. թագաւորի, Կիլիկիա, 1286 թ., Մատենադարան ձեռ. թիւ 979, թերթ 210բ
Ս. ԶԱՏԻԿԸ՝ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ԵՐԱՇԽԻՔ
Ընդունինք թէ ոչ՝ խաչը քրիստոնէութեան մեծագոյն խորհրդանիշն է։ Այսօրուան կեանքի համատեքստին մէջ շուկայավարման որեւէ փորձագէտ եկեղեցիին խորհուրդ պիտի չտար զայն գործածելու իբրեւ իր դաւանած կրօնին գերազանց խորհրդանիշը։ Ինչպէ՞ս կարելի է մահապատիժի սարսափազդու գործիքը կրօնի մը ցուցանիշ դարձնել, կամ բռնութիւնը՝ սիրոյ եւ խաղաղութեան ինքնութիւն։
Այնուհանդերձ, արդէն առաջին դարերուն քրիստոնեաներուն համար խաչը դարձաւ մարդոց հանդէպ Աստուծոյ ցուցաբերած սիրոյ նշանը եւ կեանքի հանդէպ յոյսի սկզբունքը։
Արդարեւ, մեր մարդկային բանականութիւնը եւ կեանքի նկատմամբ փորձապաշտ մօտեցումը մեզի կը թելադրեն, որ մահէն բացի վերջնական ոչինչ գոյութիւն ունի։ Ան, որ կորսնցուցած է իր հարազատը, իր ընտանիքին սիրելի մէկ անդամը, շատ լաւ գիտէ, թէ մահացողն այլեւս այստեղ չէ ու երբեք չի կրնար մարմնապէս յայտնուիլ իր միջավայրին մէջ։ Մնացած ամէն ինչ պատրանք ու ցանկալի երազներ են միայն։ Սակայն քրիստոնէական հաւատքը մեզի կը հաւաստիացնէ Յիսուսի հրաշափառ յարութեան մասին։ Եկեղեցին դարեր շարունակ իր սուրբերուն եւ բազմաթիւ մարտիրոսներուն միջոցաւ կը վկայէ, որ թէեւ Յիսուս ճշմարտապէս մահացաւ խաչին վրայ, բայց Ան իր մահէն երեք օր ետք յարութիւն առաւ եւ մարմնապէս երեւցաւ իր առաքեալներուն։
Բայց հակառակ պատմութեան արձանագրած բոլոր վկայութիւններուն, միեւնոյն է, Յիսուսի յարութիւնը իրականութեան մէջ ոչ ոք կ’ըմբռնէ։ Աւետարանները մանրամասնօրէն չեն նկարագրեր յարութեան փաստը։ Անոնք նոյնպէս չեն նշեր վկաներու մասին, որոնք ուղղակի ականատես ըլլային յարութեան դէպքին։ Նոր Կտակարանը այս եզակի իրադարձութիւնը ընդամէնը անուղղակիօրէն կը ներկայացնէ. Յիսուսի հետեւող քանի մը կիներ եւ Անոր աշակերտները կը պատմեն այս մասին՝ աւանդելով, թէ Տիրոջ գերեզմանը դատարկ գտած են, ապա վերնատան մէջ Ան մարմնապէս ներկայացած է իրենց՝ Գալիլեայի ծովափին եւ Էմմաուսի ճամբուն վրայ։
Աննախադէպ եղելութիւնը ապշահարող զարմանքի եւ ընդարմացած տրամաբանութեան մը ազդեցութիւնը գործած էր առաքեալներուն վրայ։ Ուրախութեան կամ ոգեւորութեան ոչ մէկ նշոյլ կը նշմարուի անոնց մօտ, այլ միանշանակ՝ վախի, տարակոյսի, անճրկութեան եւ անել կացութեան մը մատնուած ըլլալու ծանր հոգեվիճակ։
Արդարեւ, այս առնչութեամբ թերեւս աւելի կարեւոր է այն փաստը, որ երբեմնի յուսալքուած, թերահաւատութեան ամենասոսկալի անկումի մը մէջ գտնուող Յիսուսի հետեւորդներու այս երկչոտ ու փոքրիկ խումբը Յարուցեալին հետ հանդիպելէ ետք՝ կը դառնայ անսպասելիօրէն համարձակ եւ հզօր վկայ, հակառակ բոլոր տարաձայնութիւններուն եւ իրենց սպառնացող տարատեսակ վտանգներուն՝ անվեհեր յայտարարելով. «Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոս, որ խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ»։
Սոյնը, ահաւասիկ, կը հանդիսանայ քրիստոնէական կրօնի հիմնական ուղերձը։ Յիրաւի՛ Յիսուս մեղսածին եւ մահկանացու մարդուն փրկութեան սիրոյն յօժարակամ մահացաւ խաչին վրայ, բայց մեռելներէն յարութիւն առաւ՝ շնորհ ի վերայ շնորհաց, կեանք եւ առաւել եւս կեանք պարգեւելով անոր։ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը մեզի կը պատգամէ, թէ կեանքը աւելի զօրեղ է քան մահը, բարին միշտ կը յաղթէ չարի ներհակ ուժերուն։
Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան հաւատքը մեզ կը ներշնչէ այն աներկբայ յոյսով, որ այժմէն իսկ մեզի շնորհուած է կեանքի նոր սկիզբ մը ունենալու հաւաստիքը՝ թէկուզ իւրաքանչիւրիս մահուան ընդմէջէն եւ գերազանցապէս մահուընէ ալ այն կողմ։
Ս. Զատիկը մեզի համար քրիստոնէական ինքնութեան, աշխարհահայեացքի, մշակութային յստակ արեւելումի, նաեւ անհատական ու հաւաքական հոգեւոր համոզումներու մշտանորոգ ամրակայում է. ան մի՛շտ մեզի ուղղուած յիշեցում մըն է, թէ մահը Քրիստոսով ոչ թէ վախճանի, այլ անվախճանի ու յաւերժականի մը սկիզբն է միայն։ Աւելին՝ մեզ մխիթարողը Ս. Յարութեան յղած այն պատգամն է, որ այսուհետեւ մահը ոչնչութեան մէջ իյնալու անյեղլի վիճակ մը չէ, այլ տունդարձի ճամբայ մըն է՝ հասնելու հոն, ուրկէ սկիզբ առած էր մեր բուն գոյութիւնը, անբաժանելիօրէն միանալ կարենալու համար մեզ արարողին՝ Աստուծոյ հետ։ Այս համոզումով՝ անձնապէս ձեզի եւ ձեր բոլոր սիրելիներուն կը մաղթեմ օրհնեալ եւ ուրախ Ս. Զատիկ մը՝ աւետաբեր հրեշտակներուն, իւղաբեր կանանց եւ առաքեալներուն հետ ոգեւին ձայնարկելով Փրկչին յարութեան կենարար աւետիսը.
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. Նմա փառք յաւիտեանս. ամէն։
Զատկական ջերմ շնորհաւորանքներով՝
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան Ժընեւ, Ս. Զատիկ 2021