Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Ազատ օր, 16-4-21
***Թուրքոյ իշխանութիւններու գործուն աջակցութեամբ կը շարունակուին ջնջուիլ հայկական հետքերը:
—Գովելի երեւոյթ, որ գործուն ածականը մուտք գործած է՝ փոխանակ գործօն սխալ ձեւին, որ գոյական է:
—Չ’ըսուրիր «կը շարունակուին ջնջուիլ». առաջին կրաւորականը սխալ է, պէտք է ըսել՝ «կը շարունակեն ջնջուիլ»: Կը շարունակեն ջնջել, ջնջուիլ, ջնջել տալ եւ այլն:
***քանդած է … հայկական բոլոր տուները, մէկուն բացառութեամբ:
—Սխալ է կէտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ շարադասութիւնը: Պէտք է ըլլայ «Քանդած է հայկական բոլոր տուները՝ բացառութեամբ մէկին:
Մէկուն-ը անորոշ դերանուն է, մէկին-ը պարզապէս մէկ թիւին սեռականն է:
***«Ոչ ոք չընդդիմացաւ TOK-ին: Մեզ ըսին՝ վերցուցէք ձեր հագուստը եւ դուրս եկէք:
—Սխալ է «ոչ ոք չընդդիմացաւ». երկու ժխտական չ’ընդունիր լեզուն. պէտք է ըլլայ՝ «ոչ ոք ընդդիմացաւ»:
— Միւս կողմէ՝ մեզ հայցականին փոխարէն պէտք է մեզի տրականը՝ «մեզի ըսին»:
***Ալիեւ կը յայտարարէ, որ որոշ երկիրներու մէջ զինք գահընկէց ընելու ծրագիր մշակուած է:
—Որ որոշ…որ-ի կրկնութենէն խուսափելու համար պարտինք գրել՝ «թէ որոշ…»:
—Գահընկէց-ը կը պատշաճի թագաւորին, կայսրին. Ալիեւը ոչ մէկն է, ոչ միւսը: Պէտք է ըսուէր պաշտօնազրկել, պաշտօնանկ հռչակել-րձնել, տապալել եւ նման բաներ:
***Արդէն նարնջագոյն թեւակապեր կապած էին…
—Կապեր կապած էին…կրկնաբանութիւնը լեզուական ամենազզուելի թերութիւնն է, որմէ պէտք է խուսափիլ արթուն պահակի մը պէս. ուրեմն ըսենք՝ «թեւակապեր կը կրէին»:
***Վերջին մէկ տարին այս, լաւ էր արդէն։
—Այստեղ եւս կէտադրական եւ շարադասական սխալներ գործուած են:
Պարտէինք գրել. «Այս վերջին մէկ տարին լաւ էր արդէն»:
***Պապը…անակնկալ կերպով մուտք գործած է «Լեւոնեան» վարժարանէն ներս:
—Ոճական յաջորդ արատն է աւելորդաբանութիւնը. աւելորդ են կերպով եւ ներս: Կը բաւէր ըսել. «Պապը…անակնկալ մուտք գործեց Լեւոնեան վարժարան»:
***«Այս հանգամանքները թոյլ չտուեցին մեզ որպէս պետութիւն կայանալ, եւ դիմակայել
այն մարտահրաւէրներին»:
—կայանալ, եւ դիմակայել… Դժուար է հաւաալ, որ արեւելահայ յօդուածագիրը ստորակէտ դրած ըլլայ այս երկուքին միջեւ: Արեւելահայերը շատ լաւ գիտեն, որ եւ-էն առաջ ստորակէտ չի դրուիր, երբ ան բառեր կը կապէ:
«Ազդակ», 16-4-21
***«Մարդկութիւնը աւարտած է, եթէ չկարողանայ յարմարիլ յետքորոնային հանգրուա- նին»:
—Հասկնալի է, որ լրագրողը աւարտած ըսելով կը հասկնայ…վերջ գտած, բնաջնջուած, անհետացած: Սակայն ճիշդ բառը չէ ընտրուած, քանի որ աւարտած-ը այդ բացասական նշանակութիւնը չունի արդի հայերէնի մէջ: Աւարտել-ով կը բնորոշենք առ հասարակ վաստակ մը՝ աւարտել գործը, ուսումը, պարտականութիւնը: Ուրեմն այս պարագային աւելի պատշաճ էր՝ սպառիլ, կորսուիլ, անհետանալ, վերջ գտնել, շիջիլ եւ այլն:
—յետքորոնային կաառոյցը իր կարգին թերի է. արդարեւ, տարբաղադրենք զայն՝ քորոնա-յին: Արդ, հայերէնը ածական կազմող «յին» ածանց չունի, ունի «ային»՝ մարդկ-ային, լեռն-ային, դաշտ-ային: Իսկ եթէ այս վերջին հիմամբ տարբաղադրենք, կը ստանանք քորոն-ային. այս պարագային ալ քորոն անունով բառ մը չունինք, ունինք քորոնա:
Քորոնային՝ փնտռուած ածականը չէ, քանի ածական չէ: Քորոնա գոյականի սեռական հոլովն է՝ քորոնա-քորոնային-քորոնայէն-քորոնայով, ճիշդ ինչպէս՝ Լարա-Լարային, Մարմարա-Մարմարային, Տորա-Տորային եւ այլն: Ինչպէ՞ս լուծել այս թնճուկը: Պարզ է, պիտի դիմենք հոմանիշի մը, որ կրնայ ածական մը տալ մեզի. օրինակ՝ ժահր-ժահրային, վարակ-վարակային, համավարակ-համավարակային:
—Քորոնային՝ հանգրուան մը չէ որ ենթադրուած է յաջորդել, այլ առնուազն փուլ մը, ամբողջ շրջան մը, ժամանակաշրջան մը. ուրեմն՝ յետժահրային կամ յետվարակային փուլին կամ շրջանին եւ այլն:
«Արարատ», 29-4-21
***«Եկեղեցին թիրախ դարձաւ անձնասպանական ահաբեկչական յարձակումի մը»:
—Կրկնաբանութիւնը միշտ նոյն բառի կրկնումը չէ, այլ նաեւ կիրարկումը այնպիսի բառի, որուն նշանակութիւնը արդէն լռելեայն կ’իմացուի ուրիշով մը եւ ատով ալ աւելորդ կը դառնայ զայն կիրարկել. այդպսին է այստեղ ահաբեկչական ածականը: Ինչո՞ւ: Երբ տեղի ունեցածը անձնասպանական գործողութիւն մըն է, արդէն լռելեայն կ’իմացուի, որ ան ահաբեկչական բնոյթ ունի, եւ բարեսիրական կամ ասպետական կամ բարեգործական արարք մը չէր կրնար ըլլալ:
***«Մարզպետը յանձնախումբ մը կազմեց, քննելու համար փլած շէնքին մօտիկ շէնքերու վիճակը»:
—Շէնքին մօտիկ շէնքերու…կարելի էր ըսել՝ շէնքին մօտիկ կառոյցներու, շինութիւններու եւ այլն, ու խուսափիլ այսքան հասարակ կրկնաբանութենէ:
***Արմավիրի մարզ
—Արմավիր-ը վ-ով գրելու պէտք չունինք: Եկրու հազար տարի գրած ենք Արմաւիր:
***Հաւատացեալները բաժանուեցան օրհնուած ուռենիի ճիւղերը:
—Մեր բարբառը այս պարագային բաժանուիլ չ’ըսերյ, այլ կ’ըսէ բաժնուիլ: