Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ 222
Հայասպանութեան Նկատմամբ Իրանցի Պատմաբաններու Որոշ Մօտեցումներ
Հայրենի պարսկագէտ Էմմա Բեգիջանեան իր «Իրանական Տեսակէտները Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» խորագրեալ գիրքին (խմբագիր ՀՀ ԳԱԱ-ի թղթակից անդամ դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Էտիթ Պրինթ տպարան, Երեւան, 2011, միջին չափի 163 էջ) 81-86րդ էջերուն մէջ կը վկայակոչէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրանցի կարգ մը պատմաբաններու եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններու տեսակէտները:
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի պարսկերէն յայտագիրէն 26 Ապրիլ 2001-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած բազմաձայն զրոյցի մը կայացումը սփռուած է, որուն մասնակցած են չորս մասնագէտներ, որոնցմէ երկուքը պարսկահայ, մէկը իրանցի իսկ չորրորդը՝ Պոլսոյ Համալսարանի թուրք դասախօս մը: Այդ զրոյցին մասնակից Միջին Ասիոյ եւ Թուրքիոյ հարցերու փորձագէտ, Սթոքհոլմի Համալսարանի դասախօս իրանցի Թուրաջ Աթաբաքիի տեսակէտները կը ներկայացուին գիրքին վերոնշեալ էջերուն մէջ: Հեղինակը զանց կ’առնէ հայերու եւ թուրքերու հակոտնեայ կարծիքները ներկյացնելը, որոնք ընդհանուր առմամբ ծանօթ են, կ’ըսէ ան:
Իրանցի փորձագէտը առաջին հերթին կը յայտնէ, թէ Օսմանեան Պետութեան մէջ ապրող քրիստոնեաները 19-րդ դարու կէսերուն կը սկսին հանդէս գալ իբրեւ անկախութեան ձգտող ժողովուրդներ: Այդ ձգտումները եւ ազատագրական շարժումները հետզհետէ կը զօրանային եւ կը ղեկավարուէին մտաւորականութեան կողմէ, կ’ըսէ ան: Արեւելեան Անատոլուի հայերը այս իմաստով սպառնալիք էին Օսմանեան Պետութեան, կ’աւելցնէ Թուրաջ Աթաբաքին:
Երկրորդ կէտը որ իրանցի պատմաբանը կը շեշտէ այն է, թէ հայերը մեծ դեր խաղցած էին 1915-ին Սարիղամիշի ճակատամարտին՝ թուրքերուն դէմ Ռուսիոյ տարած յաղթանակին մէջ: Աթաբաքին կ’ըսէ թէ Օսմանեան բանակի հայ զինուորները անցած էին ռուսական բանակի կողմը, ընդհանրացնելով այս երեւոյթը:
Աթաբաքիի նշած կէտերէն առաջինը թիւրամացութեան դուռ կրնայ բանալ՝ եթէ անոր մասին հարկաւոր բացատրութիւններ չտրուին: Հայոց հակազդեցութիւնը օսմանցիներու դէմ կը բխէր այն իրողութենէն, որ վերջիններս նախայարձակ ըլլալով կը ձերբակալէին, կը բանտարկէին, կը սպաննէին ու տեղահան կ’ընէին հայերը, որոնք միայն ինքնապաշտպանութեան մղուով է որ զէնք վերցուցած կը պայքարէին անարդարութեան դէմ, եւ ոչ թէ անկախութեան ոեւէ ծրագիրով մը:
Երկրորդ կէտը՝ Աթաբաքիի շեշտած հայոց կոտորածներուն իբր պատճառ, ճիշդ հակառակն է, քանի որ հայ զինուորները զանգուածային կերպով լքելով օսմանեան բանակը ռուսերուն չեն միացած, այլ այդ մէկը միայն անհատականօրէն պտահած է: Ուստի ճիշդ չէ այդ երեւոյթը ընդհանրացնել եւ ըսել, թէ թուրքերը այդ պատճառով հայերը կոտորեցին:
Այլ կէտ մը, որ Աթաբաքի կը շեշտէ եւ որեւէ թիւրիմացութիւն գոյութիւն չունի անոր շուրջ, բացի թրքական կողմի անյաջող ուրացումէն, այդ ալ Հայոց Ցեղասպանութեան կանխամտածուած բնոյթն է: Բեգիջանեան այս հարցին մասին հետեւեալը կ’ըսէ. «Թուրաջ Աթաբաքին, ի պատասխան Թուրքիայի պաշտօնական այն տեսակէտին, թէ ջարդերը նախապէս պետականօրէն ծրագրուած չէին, ընդգծել է, որ Պահաէտտին Շաքիրի գլխաւորած կայսրութեան գաղտնի ծառայութիւնների կազմակերպութեան գործունէութեան վերաբերեալ առկայ փաստաթուղթերն ու փաստարկներն ապացուցում են, որ հայերի ցեղասպանութիւնն ու բռնի տեղահանումը ծրագրուել են Ստամպոլում: Եւ եթէ անգամ կառավարութիւնն իրազեկ չի եղել այդ ծրագրի մասին, ապա, անկասկած, նրա երիտթուրք անդամները քաջատեղեակ են եղել» (էջ 82):
Այլ իրանցի քաղաքագէտ եւ պատմաբան մը՝ Քավէ Բայաթ, Թեհրանի «Հուր» հետազօտական ու թարգմանչական կեդրոնի պարսկալեզու «Բէյման» (հայերէն՝ Պայման- Էմմա Բեգիջանեան) եռամսեայ պարբերաթերթի հետ հարցազրոյցին մէջ կ’ըսէ, թէ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք աշխարհի վրայ ցեղասպանութիւնները վերածուած են սովորական երեւոյթի:
Զրուցավարը հետեւեալ հարցադրումը կ’ընէ պատմաբան Քավէ Բայաթի. «Հայերի դէմ Թուրքիայի կատարած յանցագործութիւնները վերջին երեք տասնամեակների ընթացքում ինչ որ ձեւով ճանաչուել է բազմաթիւ երկրներում՝ կառավարութւնների եւ խորհրդարանների մակարդակով, միջազգային ատեաններում, սակայն որոշ խոշոր տէրութիւնները, այդ թւում Մեծ Բրիտանիան եւ ԱՄՆ-ը խնդրի վերաբերեալ երկակի քաղաքականութիւն են վարում: Ի՞նչն է պատճառը» (էջ 84):
Այս կարեւոր հարցումին պատասխանելով պատմաբան Քավէ Բայաթ կ’ըսէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու պատճառները անկասկած քաղաքական են: Այդ երկիրներու՝ Մեծն Բրիտանիոյ եւ ԱՄՆ-ի (Անցեալ տարի՝ 2020-ին ԱՄՆ-ի Քոնկրէսը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը-Յ.Ի.) յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ թէեւ զգայուն՝ բայց մեծ կարեւորութիւն ունին իրենց համար: Թուրքիան միշտ պատրաստ է պայքոթել կարգ մը քաղաքական եւ ռազմական կենսական անհրաժեշտութիւններ, որոնք շատ կարեւոր են այդ երկրներուն համար: Սակայն այս ընթացքը դուռ կը բանայ աշխարհի տարածքին ցեղասպանութիւններու կրկնուելուն, որ մարդկային աղէտներու պատահման առիթները կ’աւելցնէ:
Այս հարցին մասին պատմաբան Քավէ Բայաթի կեցուածքէն անկախ ու համաձայն գտնուելով հանդերձ անոր տուած բացատրութեան, կ’արժէ աւելցնել թէ այսօր կացութիւնը շատ նպաստաւոր է Թուրքիոյ համար՝ պատեհ առիթներու ստեղծմամբ, նկատի առնելով իր ռազմավարական ու աշխարհագրական դիրքը: 19-րդ դարու վերջերը Ռուսիա եւ Անգլիա դէմ էին Բանթուրքիզմի ծրագրի գործադրման ու այդ ուղղութեամբ կը պայքարէին: Սակայն երբ Բանթուրքիզմի ծրագիրը կրկին կը յառնէ այսօր եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան այդ հրէշային ծրագիրը գործադրութեան մէջ դնելու կը ջանայ, Անգլիա ոչ միայն դէմ չէ անոր այլ այդ ծրագրի վերականգնումին եւ գործադրութեան ետին կը կանգնի իրեն դաշնակից Ա. Մ. Ն.-ի եւ Իսրայէլի հետ՝ ելլելով հակառուսական դիրքորոշումէ: Այս երեքը կը կազմեն անկլօսաքսոն-սիոնական առանցքը, որ իրեն գործիք ընտրած է Թուրքիան՝ յատկապէս Էրտողանի գլխաւորութեամբ: Վերոյիշեալ պետութիւնները պատասխանատու են հայոց վերջին ողբերգութեան, որ 2020-ի վերջերը պատահեցաւ Արցախի երկրորդ պատերազմով:
Անգլիական հակահայ եւ հակառուսական կեցուածքները կը տեսնենք նաեւ պատմութեան մէջ: Արդարեւ, Մեծն Բրիտանիա պարտուած Օսմանեան Պետութեան՝ յետագային քեմալական Թուրքիոյ հետ Ազրպէյճան անունով երկիր մը ստեղծեց Հայաստանի արեւելքը: Այս մասին դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» վերնագրեալ իր հեղինակած անգլերէն գիրքին (Armenia 1915, Austro-Hungarian Diplomatic Reports Prove the Genocide, «Բաւիղ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2011, 322 էջ) էջ 293-ի մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմը վերջ գտաւ, բրիտանացիները Ազրպէյճան մտան. զօրավար Թոմսըն Պաքուի մէջ թրքական Մուսավաթ կուսակցութեան խոստացաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի նահանգները Ազրպէյճանի տալ»: Ոչ միայն այսքան, այլ՝ անգլիական ոյժերու առաջնորդութեամբ Զօրավար Անդրանիկի ջոկատը զինաթափուեցաւ եւ անգլիացիներու հաշտ աչքերուն առջեւ, ազերիները Շուշիի եւ շրջակայքի հայոց կոտորածները կատարեցին, կ’աւելցնէ դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան: Ահա այս է մօտիկ անցեալի պատմական դրսեւորումը հայոց դէմ անգլիական ոճրագործ քաղաքականութեան, որուն կրկնութիւնը տեսանք 2020-ի վերջերը Արցախի երկրորդ պատերազմով:
Եթէ երբեք 1915-ին Թուրքիոյ ետին կեցողն ու զայն շարժողը Գերմանիան էր, այսօր անոր դերը ստանձնած է անկլօսաքսոն-սիոնական բեւեռը, որ կազմուած է Բրիտանիոյ, Ա.Մ.Ն.-ի եւ Իսրայէլի վերնախաւերէն, իբր գործիք ունենալով Էրտողանի Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Քաթարը, Փաքիստանը, Ուքրանիան, հիւսիսային Սուրիոյ վարձկան ահաբեկիչները եւայլն:
Վերադառնալով իրանցի պատմաբան Քավէ Բայաթի կեցուածքին, ան յոյս կը յայտնէ, թէ վերջապէս Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը մօտ ատենէն այլեւս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասապանութիւնը, ըսելով. «Շատ չի մնացել մինչեւ Թուրքիայի կողմից Եղեռնի պաշտօնական ճանաչումը» (էջ 86): Այս ակնկալութեան դիմաց հայկական թէ օտար շրջանակներ վերապահութեամբ կը մօտենան այդ հարցին, որովհետեւ ճանաչումը յատուկ չէ թուրք նեղմիտ ազգայնամոլ վերնախաւին, այլ՝ քաղաքակրթուած ազգերու կամ հաւաքականութիւններու եւ անոնց ղեկավարութեանց՝ ինչպէս Գերմանիան, որոնք կ՛ընդունին ոճիրի ճանաչման հետեւող պարտաւորութիւնները եւ անոր հատուցման կը գիտակցին: