Տոքթոր Նորայր Մանճեան
Երեւան ժամանումիս երկրորդ շաբաթն է: Ամէն արշալոյսին ողջունելով Արարատին ու իր ճառագայթներով լիցքաւորուելով կը շարունակեմ կեանքի ռիթմը:
Դիմատետրս (Յիշողութիւններ) բաժինի մէջ. Լաթաքիաբնակ Հայաստանի Համալսարանի շրջանաւարտներու հետ, 1987-ին, Լաթաքիա այցելութեան յիշատակելի ու պատմական հանդիպումի լուսանկարը Հայաստանէն ժամանած Հայաստանի Բարձրագոյն եւ Միջնակարգ Մասնագիտական Կրթութեան նախարար Փրոֆ. Լյուդվիգ Ղարիպջանեան:
Մեծ հայրենասէրը ծնած է Երեւան, 24 Օգոստոս 1922 ին: Ուսանած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան կաճառը: 1960-ին, պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւնը: Կէս դար մը զբաղուեր է մանկավարժական գործունէութեամբ:
Եղած է կուսակցական գործիչ: Դասաւանդեր է Երեւանի Բժշկական հիմնարկի ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի մէջ: 1975 -1988 թուականներուն եղած է Բարձրագոյն եւ Մասնագիտական Նախարար:
Եղած է ԵՊՀի թանգարանի հիմնադիր: Հեղինակ է աւելի քան 40 գիտական աշխատանք:
Հեղինակային աշխատանքներն են՝ «Հայաստանի Պատմութիւն» 1999: «Երեւանի Համալսարանի Ռեկտորները» 1999: «Մեր անուանի դասախօսները» 2006, 3 հատոր:
Ան կը մահանայ 13 Դեկտեմբեր 2011-ին:
Նշեմ նաեւ, որ Երեւանի ԵՊՀ ի հիմնադրման 100 ամեակին՝ 2019 ին, ԵՊՀ ի Պատմութեան թանգարանը կ’անուանակոչուի Փրոֆ. Լյուդվիգ Ղարիպջանեան: Իր մահուան 10-րդ տարելիցին, կ’ըսեմ ԼՈՅՍ ՀՈԳԻԻԴ:
Երեւան, Ապրիլ 2021