ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Միտումնաւո՞ր են արդեօք պաշտօնական կառոյցներէն հաղորդոուղ հակասական տեղեկութիւնները, թէ՞ պատահականութիւն…: Այս ծանր հիասթափութիւնը ապրեցանք 44-օրեայ ճակատամարտի օրերուն: Կ’երեւի չկրցինք դասեր քաղել մօտիկ անցեալէն…
Մտահոգիչ եւ միաժամանակ մշուշապատ կացութիւն կը տիրէ հայրենի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի տարածութիւններուն մէջ: Սակայն, տարօրինակօրէն հակասական տեղեկութիւններ կը հաղորդուին նոյնիսկ ամենաբարձր կառոյցներէն: Ի՞նչու այս ապատեղեկատուութիւնը: Առաւե՞լ մոլորեցնելու հայրենի ժողովուրդը, Սփիւռքը…
Երէկ ուրբաթ, պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէր՝ « Ադրբեջանական ուժերը մայիսին 13-ից հետո ոչ միայն առաջ չեն եկել, այլև ստիպված են եղել հեռանալ որոշ տարածքներից»:
Ողջունելի աւետիս:
Պիտի շարունակեմ՝ «…. Եվս մեկ անգամ կոչ ենք անում ձեռնպահ մնալ չստուգված, առավել ևս կեղծ տեղեկություններ տարածելուց, մանավանդ այսպիսի զգայուն խնդիրների շուրջ: Իրադրության ցանկացած զարգացման դեպքում Պաշտպանության նախարարությունը հանդես կգա համապատասխան հայտարարությամբ»:
Պաշտպանութեան նախարարութեան կոչը ի սպառ կը փարատէ բոլորիս մտահոգութիւնը՝ մանաւանդ, որ թշնամին ոչ միայն մուտք չէ գործած Հայաստանի տարածութիւններէն ներս, այլեւ որոշ տարածաթիւններէ հեռացած:
Նոյն օրը, Մ. Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը կ’ընդգծէ, թէ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի զարգացումներուն եւ յոյս կը յայտնէ, որ Ազրպէյճան անյապաղ Հայաստանի տարածաշրջաններէն հեռացնէ իր ուժերը եւ կը դադրեցնէ հետագայ սադրանքները….: Պետական քարտուղարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ ազերի բանակի 250 միաւորներ թափանցած են Հայաստանի սահմաններէն ներս:
….. Նոյն օրը երեկոյեան, արտակարգ նիստի մը ընթացքին, Հայաստանի Ազգային Ժողովը միաձայնութեամբ կը դատապարտէ Հայաստանի հանրապետութեան ամբողջականութեան դէմ Ազրպէյճանի ոտնձգութիւնները…. եւ կը սպառնայ՝ «Ձեռնարկվելու են վճռական կոշտ գործողություններ՝ Ադրբեջանի ռազմական ագրեսիան կասեցնելու, ՀՀ ժողովրդին և ինքնիշխան տարածքը պահպանելու նպատակով»:
Ազգային Ժողովի նիստին ընացքին, անդրադառնալով սահմանային իրավիճակին, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտնէ, թէ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ: Վերջինս խոստացած է անհրաժեշտութեան պարագային ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին:
Ան միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնած է, մինչեւ իսկ ՄԱԿ-ի Անվտանգուեան խորհուրդ տեղափոխել հարցին քննարկումը: Հայաստանի Վարչապետը հաւանաբար ծանօթ չէ Կիլիկիոյ Հաճըն քաղաքի իննամսեայ ինքնապաշտպանութեան…: Օժանդակուեան բազում հաւաստիքներուն, Ֆրանսական քանի մը օդանաւ օգնութեան հասան հերոս հաճընցնիներուն, սակայն օժանդակութիւնը թրքական բանակին բաժին ինկաւ «անգիտակցաբար»…. (Օդանաւ եկաւ մե՜ծ աւետիսով….):
Փաշինեան նաեւ իրազեկեց, թէ պաշտօնական նամակով ռազմական աջակցութիւն խնդրած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն:
Որու՞ն հաւատալ. թշնամին կարգ մը տարածութիւններէ հեռացած ըլլալու պաշտպանութեան նախարարութեան հաւաստիքներուն, թէ՞ ի տես մտահոգիչ զարգացումներուն, Ազգային Ժողովին մէջ միաձայնութեամբ քուէարկուած որոշումներուն:
Մոռնանք, բայց չկրկնենք ապատեղեկատուական այս անմիօրինակութիւնը:
Այս բոլորէն կարելի է հետեւցնել, թէ ծանր եւ խիստ պայթիւնավտանգ իրավիճակ կը տիրէ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ: Բոլորովին պատահական չէին քանի մը օրեր առաջ Սիւնիքի ճանապարհով Նախիջեւանին միանալու Ալիւեւի սպառնալիքները:
Աթոռակռիւը մոռնալու, հաւաքական գիտակցուեամբ, խոհեմ քայլերով շարժելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք բոլորս:
Սիւնիքը եղած է հայկական տարածութիւն, ինչպէ’ս Արցախը: Բոլորս մէ’կ բազուկ, մէ’կ ոգի հայրենիքի հողային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը սպառնացողներուն դէմ: Չապաւինինք ռուսական, ֆրանսական, ամերիկեան երազային խոստումներուն:
Ապաւինինք մեր սեփական ուժին, մի’այն Հայոց բանակին: