Նուարդ Տարագճեան – Մատոյեան – ՊԱՅՔԱՐ 227
Փաստավաւերական Հաստատագիր
20- դարու պատմութեան ամենամռայլ էջերէն մէկն է 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Երբ թուրք բռնակալ պետութիւնը կը գործադրէր հայ ժողովուրդին զագուածային տեղահանութիւնն ու կոտորածը, իրականացնելու հայութիւնը ի սպառ բնաջնջելու իր ծրագիրը։
Օսմանեան կայսրութեան դարաւոր լուծին տակ վախի ու սարսափի մէջ ապրող Արեւմտայաստանի բնակչութիւը կ՛ենթարկուէր թուրք բռնակալներու հալածանքներուն։
19- դարու վերջին՝ 1894-1896 հայ ժողովուրդի զանգուածային ոչնչացումը դարձած էր թուրք իշխանութիւններուն հետապնդած քաղաքականութիւնը։
Հայոց Ցեղասպանութեան նախորդող տարիներու ջարդերն ու կետորածները , փաստացի ապացոյցն են ծրագրուած Եղեռնին։ Այդ մասին կ՛անդրադառնայ Արման Կիրակոսեանի անգլերէն արժեքաւոր աշխատութիւնը՝ «Հայկական Ջարդերը (1894-1896) « խորագրին տակ։
Փատավաւերական արժէք ունեցող աշխատութիւն մը, ուր կը բացայայտուի թրքական հայահալած քաղաքականութեան իսկական պատկերը։ Հեղինակը պատմագիտական եզրայանգումներով ու քաղաքական վերլուծումներով , ցոյց կու տայ եւրոպական դիւանագիտութեան դիրքը Հայկական Հարցին նկատմամբ։
Գիրքին նախաբանը կը նեկայացնէ անգլիացի քաղաքագէտ, Անգլօ-հայկական խորհրդարանական ընկերութեան առաջին նախագահ՝ Լորտ Ռիչըրտ Պէնդինք Պոյլ։ Իր ուշագրաւ տեսակէտները ցոյց կու տան, թէ ան մօտէն հետեւած է երկար ժամանակներու Անգլիոյ ստանձնած յանձնառութիւններուն հայ ժողովուրդին նկատմամբ։
« Հետեւելով Հայաստանի եւ հայկական հարցի մասին այս գիրքին մէջ տեղ գտած յօդուածներուն, որոնք աւելի քան մէկ դար առաջ լոյս տեսած են անգլիական հանդէսներուն ու պարբերականներուն մէջ»,- կ՛ըսէ Ռ․ Պոյլ իր նախաբանին մէջ,- հաճոյքով կը նկատեմ այստեղ զետեղուած անգլիացի ժողովուրդին մասին տրուած վկայութիւնները, անոնց ցուցաբերած հոգատարութիւնն ու հետաքրքրութիւնը օտար երկիրներու մէջ ճնշուած փոքրամասնութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներուն նկատմամբ։ Այս պարագային՝ հայկական ջարդերուն հանդէպ, որ տեղի ունեցան 1894-1896 թթ Օսմանեան կայսրութեան մէջ»։
«Անգլիացի ժողովուրդը խորապէս մտահոգ էր կեանքի բոլոր ասպարէզներէն ներս հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուող անիրաւութիւններուն եւ հալածանքներուն համար»։
«Այստեղ նկատելի են Անգլիացի ժողովուրդին մարդասիրական եւ արդարադատութեան խոր զգացումները, որ զիրենք մղած է իրենց կառավարութենէն պահանջելու որպէսզի գործի անցնի»։
«Որքան տխուր է ընդունիլ, երբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն երազները՝ իրենց պապենական հողերուն վրայ ապրելու առանց վախի ու հալածանքի, կը դատապարտուին կորստեան, Օսմանական կայսրոթեան գործադրած ցեղասպանութեամբ»։
« Առաջին Համաշխարհային պատերազմի պատրուակին տակ, թուրքերը ջնջեցին հայ ժողովուրդին ներկայութիւնը իրենց պատմական հողերուն վրայ»։
« Ոչ միայն հայկական ողբերգութիւն մըն էր այդ, այլ ողբերգութիւն մըն էր ողջ մարդկութեան նկատմամբ, եւ նախընթաց ոճիր մըն էր ապագային համար»։
Վերլուծելով հայ ժողովուրդի արեւմտեան հատուածի օրհասական տարիններու պատմութիւնը, հեղինակը իր կատարած ուսումնասիրութիւնները զետեղած է հիմնական չորս խորագիրներու տակ։ Այսպէս՝
Ա—Մեծն Բրիտանիոյ Քաղաքականութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան նկատմամբ 1830-1870 թթ.
(Policy of Great Britain Toward the Ottoman Empire , 1830s- 70s)
18-դարու վերջերը Մեծն Բրիտանիան կը հանդիսանար աշխարհի գաղութատիրական հսկայ պետութիւններէն մէկը։ Այդ ժամանակ կ՛աշխատէր իր քաղաքական ուժի հաւասարակշռութիւնը պահպանել Եւրոպական երկիրներուն հետ։ Պատրաստ էր մրցակցելու եւ դաշնակցելու որեւէ երկրի հետ չկորսնցնելու համար իր ամբողջատիրական ազդեցութիւնը։
1830-ականներուն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Պալքանեան երկիրներու մէջ զարգացող անկախութեան պայքարին զուգահեռ կ՛ընթանային Եւրոպական տէրութիւններու քաղաքական եւ տնտեսական տիրապետութեան ձգտումները։
1838-ին Անգլօ-թրքական տնտեսական պայմանագիրը անկինադարձային նշանակութիւն ունեցաւ Բրիտանական դիւանագիտութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան համար։ Այդ պայմանագիրով Բրիտանիան կը հանդիսանար Եւրոպական առաջին երկիրը, որ իրաւասութիւն պիտի ունենար իր ապրանքները արտածելու Օսմանեան կայսրութենէն ներս։
19-դարու կիսուն, գաղափարական կարեւոր զարգացումներ տեղի կ՛ունենային Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն մօտ։ Երկրին փոքրամասնութիւնները առաջնորդուելով անկախութեան գաղափարախօսութեամբ, ազգային ազատագրական շարժումներու կը մղէին կայսրութեան ոչ-թուրք ժողովուրդները։
«Արեւելեան հարցը « զարգանալով կը հասնի Խրիմի պատերազմին (1853- 1856) դառնալով Եւրոպական տէրութիւններու քաղաքականութեան գլխաւոր առանցքը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։
Դիւանագիտական լեզուով «Արեւելեան Հարցը» կապուած է Օսմանեան կայսրութեան, Եւրոպական տէրութիւններուն եւ կայսրութեան մէջ ճնշուած փոքրամասնութիւններուն ազատագրական շարժումներուն հետ։
Բ․-—Մեծն Բրիտանիան եւ Հայկական Հարցը 1870-1890 թթ․
(Great Britain and the Armenian Question, 1870s-1890s)
Ռուս-թրքական պստերազմի աւարտին Հայաստանը կը բաժնուի Օսմանեան կայսրութեան եւ Ռուսաստանի միջեւ։
Այդ օրերէն պատմական Հայաստանի արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածները իրենց հայկական բնակչութեամբ, պատմական անուանումով կը սկսին կոչուիլ Արեւմտահայաստան եւ Արեւելահայաստան։
1870 -ականներու կէսերուն Բրիտանիոյ արտաքին գործերու գրասենեակի ուշադրութիւնը ուղղուած էր Արեւմտահայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին։ Պատմական իրադարձութիւննրը կը ներկայացնեն թուրք բռնատէրերուն եւ եւ քիւրտ աւատապետերուն գործադրած ջարդերն ու կոտորածները, կատարուած խժդժութիւնները հայ ժողովուրդին հանդէպ։
Գ․—Մեծն Բրիտանիան եւ Հայկական Ջարդերը 1894-1896( Great Britain and the Armenian Massacres, 1894-1896)
1894- Օգոստոս եւ Սեպտեմբեր ամիսներուն երբ տեղի կ՛ունենան Սասունի Սասունի ջարդերը, Կ․ Պոլսոյ մօտ Անգլիոյ դեսպան Ֆիլիփ Քերի 2 Նոյեմբերին զեկուցագիր մը կը ներկայացնէ Սուլթանին հայկական ջարդերուն մասին։ Սուլթանը ոչ միայն կը հերքէ այդ փաստերը, այլեւ Անգլիացի պաշտօնեաները կը մեղադրէ Օսմանեան պետութեան դէմ ուղղուած անիշխանական շարժումներուն համար։
Սակայն երբ զեկուցագրին ճշդութիւնը կը հաստատուի Սուլթանին նշանակած քննիչ յանձնախումբին կողմէ, դէպքերուն պատասխանատու կը նկատուի Պիթլիսի Նահանգապետ Հուսէյն Թահսին փաշան։
Այդ օրերուն հայկական ջարդերուն մասին տարածուած լուրերը, պատճառ կը դառնան Անգլիացի ժողովուրդին մօտ համակրական ալիքներ բարձրացնելու Հայկական Հարցին նկատմամբ։
Անգլիոյ հասարակական կարծիքը իր կառավարութեան առջեւ պահանջ կը դնէ աւելի մեծ պատասխանադուութիւն ստանձնելու ՝ բարենորոգումներու ծրագիրը գործադրելու համար։ Օսմանեան կառավարութիւնը ստիպուած կը կնքէ Անգլօ-Թրքական համաձայնագիրը, բարենորոգումներ կատարելու Հայկական նահանգներուն մէջ։
Այս անգամ ալ Թուրքիոյ լարախաղաց քաղաքականութիւնը կը հերքէ ջարդերուն իրողութիւնը, կազմելով յանձնախումբ մը որպէսզի հետապնդէր « Հայ աւազակախումբերու դաժան գործողութիւնները»։
Այստեղ վաւերական փաստերով կը ներկայացուի Անգլիոյ յայտնի քաղաքագէտներու՝ Սալզպէրիի Կլատսթոնի, Վիքթորիա թագուհիին եւ այլ հեղինակաւոր դէմքերուն դիրքորոշումը Հայկական Հարցին նկատմամբ , եւ յատկապէս անգլիացի հասարակութեան համակրանքը հայ ժողովուրդին հանդէպ։
Այդ օրերուն տեղի ունեցող դէպքերուն ընթացքը ցոյց կուտար, թէ 1830-1914 թուականներու Բրիտանական դիւանագիտութիւնը յաջորդաբար կը գործադրէր իր կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը, թոյլ չտալու Ռուսաստանին տիրանալու Արեւմտահայաստանին։ Եւ միաժամանակ ապացոյցն է, որ Բրիտանիան չկրցաւ Օսմանեան հեղինակութիւններուն պարտադրել բարենորոգումներ կատարելու ծրագիրը, չյաջողեցաւ Թուրքիոյ տարածքին ապահովութեան երաշխիքներ ստեղծել հայ բնակչութեան համար։
Եւ այս բոլորին արդիւնքը եղաւ Երիտթուրքերու գործադրած Ցեղասպանութիւնը։ Երբ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, Օսմանեան կայսրութեան ոճրագործ արարքները, զանգուածային ջարդերն ու հայ բնակչութեան բռնագաղթը յանգեցան Արեւմտահայաստանը պարպելու իր հայ բնակիչներէն։
Դ․—Բրիտանական Հասարակական Կարծիքը եւ Հայկական Ջարդերը. ( British Public Opinion and the Armenian Massacres)
19-րդ դարուն Անգլիոյ մէջ հասարակական կարծիքը կը ձեւաւորուէր միջին դասակարգին մօտ եւ ներքին քաղաքական ոլորտներէն ներս։ Մամուլի մէջ երեւցող զեկոյցներու եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տիրող անկարգութիւններու ազդեցութեամբ։ Անգլիոյ երկու կուսակցութիւններու՝ Պահպանողականներու եւ Ազատականներու միասնական քննադատութիւնները ուղղուած էին Սուլթանին եւ անոր կառավարութեան դէմ։ Հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ, հայ բնակչութիւնը կը պաշտպանէին, իրենց կառավարութիւններէն կը պահանջէին գործնական քայլեր։
Այդ օրերուն Անգլիոյ մէջ հայկական ընկերութիւններուն գոյութիւնը կարեւոր ազդակ մը կը հանդիսանար հայութեան հանդէպ դրական կարծիք մը ստեղծելու։ 1890 -ական թուականներուն անգլիացի երեւելի հասարակական , քաղաքական գործիչներ եւ կղերականներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Անգլօ-Հայկական ընկերակցութիւններուն, որոնք մեծապէս նպաստեցին Անգլիոյ հասարակութեան ծանօթացնելու Հայկական Հարցը, լոյս սփռելու Թուրքոյ հայկական շրջաններու մէջ տեղի ունեցող վայրագութւններուն եւ ջարդերուն վրայ։
Ե․—Անգլիական Միջամտութեան Վկայութիւններ, ( British Media Testimony)
Այստեղ կը ներկայացուի անգլիացի յայտնի հասարակական դէմքերու գիտնականներու․ քաղաքագէտներու , կղերականներու , լրագրողներու , խորհրարանի անդամներու վերլուծական հետազօտութիւններն ու տեսակէտները, որոնք լոյս տեսած են քաղաքական եւ հասարակական տարբեր ընկերութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հանդէսներուն մէջ։Յօդուածները կը բացայայտեն Հայկական Հարցի տարբեր մօտեցումներ եւ դիրքորոշումներ, որ հնարաւորութիւն կու տայ ընթերցողին , հասկնալու եւ իրազեկ դառնալու տուեալ ժժամանակածրջանի իրադարձութիւններուն։ Եւ յատկապէս ըմբռնելու 19- դարու վերջաւորութեան տեղի ունեցած պատմական իրականութիւնները, ընդարձակ առարկայական եւ անկողմնակալ տարողութեամբ ։
Այս գիրքին մէջ Արման Կիրակոսեան օտար գրականութեան աղբիւրերու, մամուլի եւ արխիւային նիւթերու հիման վրայ, գիտական բարեխղճութեամբ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի Արեւմտեան հատուածին օրհասական տաիներու պատմութեան ամբողջական պատկերը, եւ անգլիացի ժողովուրդին խոր համակրանքը հայերուն նկատմամբ։
Հեղինակը կը բացայայտէ 19-րդ դարու 80-90-ական թուականներուն Օսմանեան պետութեան ներքին քաղաքականութեան առանցքը դարձած հակահայկականութիւնը, որ կը հետապնդէր խեղդել Արեւմտահայութեան ազգային ազատագրական պայքարը։
Շարունակելով իր հօր յանդուգն պատմաբան՝ Ճոն Կիրակոսեանի թողած աւանդը, Դիւանագէտ Արման Կիրակոսեան՝ պատմական գիտութիւններու Դոկտոր, այդ տարիներուն ՀՀ Արտաքին գործոց Նախարարի տեղակալ, կը ձգտի լուսաբանել հայոց պատմութեան մութ ծալքերը, նոր լոյս սփռելով պատմական որոշ տեսակէտներու վրայ, պարզելով քաղաքական զանազան երեւոյթներ։ Իր արդարացի եւ համարձակ դատողութիւններն ու միտքերը կը միտին բացայայտել պատմութեան զեղծարարներուն խեղաթիւրումները, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին հայ ժողովուրդի պատմութեան համար։
Հայրենի պատմաբանին այս հրատարակութիւնը վաւերական հաստատագիր մընէ, զոր կարելի է նկատել իբրեւ պահանջատիրական իրագործում։ Մանաւանդ այս պարագային, պետական գործիչի դիւանագիտութիւնը ճշմարտութեան յայտնաբերումն է։
Գիրք մը, որ կը պահանջէ հայ ժողովուրդի արդար դատին պաշտպանութիւնը։ Կը պահանջէ՝ հետապնդել ու հանրութեան ներկայացնել հայ ժողովուրդին չբաւարարուած, անժամանցելի պահանջը՝ յագեցնելու հայութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան ծարաւը․․․։
Նուարդ Մատոյեան
Հալէպ