ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Ընտանիքին անդրանիկ զաւակն էր. իրմէ յետոյ եկած էին երկու մանչ եւ մէկ աղջիկ:Եւ բոլոր առջինեկ զաւակներուն նման, Ֆապիան ստացած էր անհուն սէր եւ միաժամանակ խիստ դաստիարակութիւն:
Տասը տարի վայելած էր մէկ հատիկ զաւկի մենաշնորհը , մինչեւ, որ օր մըն ալ դարձաւ մեծ եղբայր փոքրիկ Լուքային. ապա իրարու ետեւէ լոյս աշխարհ եկան միւս եղբայրը եւ փոքրիկ քոյրիկը:
Թէ՛տարիքի տարբերութիւնը եւ թէ՛իր խառնուածքը, ձեւով մը պատճառ հանդիսացան, որպէսզի ինք իր եղբայրներէն քիչ մը մեկուսած ըլլար եւ շատ բնական էր,որ չմասնակցէր անոնց խաղերուն, կռիւներուն: Ինք արդէն երկրորդականի աշակերտ էր, մինչդեռ անոնք տակաւին մանկապարտէզ կը յաճախէին: Անկախ տարիքի տարբերութենէն, Ֆապիան երբեք չէր ախորժած մանուկներու յատուկ խաղերէ, չարաճճիութիւններէ . տարիքէն առաջ հասունցած մանչ մըն էր.կը սիրէր կարդալ վէպեր, դիտել հետաքրքրական ժապաւէններ. մօտակայ հանրային պարտէզին մէջ հեծանիւով պտըտիլ: Երբեմն, ալ մօրը կ’ընկերանար, երբ ան փոքրիկները սինեմա, կամ խաղավայր տանէր:
Հիմա տարիներ անց՝եղբայրներն ու քոյրը ամուսնացած էին, ունէին զաւակներ, իսկ ինք տակաւին ամուրի էր: Իրենց տան մօտ գնած էր յարկաբաժին մը, եւ յաճախ հօրենական տունը կ’երթար, երբ եղբայրներն ու քոյրը իրենց ընտանիքներով Կիրակի, կամ տօնական օրերուն հաւաքուէին: Ինք շատ կ’ուրախանար փոքրիկները տեսնելով եւ աոիթ չէր կորսնցներ զանոնք նուէրներով լեցնելու:
-Քու զաւակներդ ալ տեսնելու բախտը պիտի ունենա՞նք օր մը, – կը հարցնէր մայրը, տեսնելով մեծ տղուն սէրն ու գուրգուրանքը անոնց հանդէպ:
Օր մը կ’ըլլայ, – կը պատասխանէր անտարբեր:
Այո՛- փոխանակ հայր ըլլալու մեծ –հայրիկ պիտի ըլլաս ,- կ’ըսէր մայրը ժպտելով:
Ինք արժէքաւոր իրերու հնավաճառ էր: Հայրը արդէն գործէն քաշուած էր եւ իրեն ձգած էր մեծ խանութը, քաղաքին պատմական Սան Թելմօ շրջանին մէջ, կառուցուած՝ սպանական գաղութատիրական օրերուն, ուր տակաւին կը վերապրին այդ ոճով շինուած տուներ, ժեզուիթներու կառուցած եկեղեցիներ: Իսկ փոքրիկ հրապարակը,ուր կան տասնեակ մը կրպակներ, կը շրջապատուին խանդավառ անցորդներով եւ զբօսաշրջիկներով, երբ արժանթինեան նշանաւոր«Թանկօ» պարող զոյգերը կ’երեւին, յաւելեալ փայլ տալով այդ ինքնատիպ թաղամասին: Անկախ Ճաշարաններէ, սրճարաններէ եւ այլ պատմական շէնքերէ, Սան Թելմօ նշանաւոր է, որպէս կեդրոն՝ հին, արժէքաւոր կահոյքներու, կամ այլ իրերու եւ ժամադրավայր է թէ՛տեղացիներու եւ թէ՛զբօսաշրջիկներու, որոնք կը փնտռեն հազուագիւտ, թանկարժէք, կամ պատմական իրեր, արուեստի գործեր, արծաթեայ, կամ ոսկիէ զարդեր, սեղանի յախճապակեայ, կամ բիւրեղեայ սպասներ, ափսէներ, պզտիկ արձաններ:
Ահա այս աւանդական թաղին մէջ, ամէն առտու, երբ իր խանութը մտնէր, Ֆապիանին սիրտը ուրախութեամբ կը յորդէր, որովհետեւ տարբեր ժամանակներու ,տարբեր ժողովուրդներու եւ քաղաքակրթութիւններու կնիքը կրող ստեղծագործութիւններ, պատմութիւն , արուեստ, արհեստ , անցեալ, ներկայ, բոլորը իրարու հետ հաշտօրէն կը գոյակցէին:
Իր ուսանողական տարիներուն, Ֆապիան երբեմն կ’ընկերանար իր հօր՝« Տօն» Միկէլին, վարպետ հնագէտ, պատկառելի եւ ծանօթ անձնաւորութիւն մը: Օր մը սակայն, երբ խանութ գնաց, աչքին զարկաւ յախճապակիէ շինուած միջակ չափով արձան մը, որ անմիջապէս զինք կախարդեց : Հայրը զայն վերջերս գնած էր աճուրդի մը ընթացքին եւ տեղաւորած ցուցասեղանին վրայ: Արձանը կը ներկայացնէր որսորդ մը եւ իր երկու ճերմակ շուները սրճագոյն բիծերով: Որսորդը հագուած էր կարմիր բաճկոն մը, բաց սրճագոյն տաբատ մը, գլուխը դրած կարմիր գդակ մը եւ ոտքերուն ալ սրճագոյն մոյկեր. ուսէն ալ կախուած էր հրացանը: Այնքան գեղեցիկ էր, այնքան գրաւիչ, այնքան նուրբ, որ Ֆապիան զմայլած՝ կեցաւ եւ երկար ատեն դիտեց. Որսորդին դէմքին արտայայտութիւնը այնքան մարդկային էր, բարի, հարազատ եւ ջերմ,որ կարծես պիտի սկսէր խօսելու: Հաւանաբար այս որսորդը, մանկութեան լսած, կամ կարդացած հեքիաթի մը,իր ենթագիտակցութեան մէջ դրոշմուած տիպարի մը վերարտադրութիւնն էր, որ յանկարծ յարութիւն առաւ: Իսկ շուները այնքան սիրուն էին, որքան կը նմանէին իրենց Թօթի շունիկին:
Կ Այս մոգական արձանը Ֆապիանի գլխուն մէջ լոյս մը վառեց, որ իր կեանքի ուղին շեղեց եւ իր ապագայի ծրագիրը մէկդի շպրտեց: Ինք արձանագրուած էր Պետական Համալսարանի Իրաւաբանական ճիւղին եւ կը պատրաստուէր մուտքի քննութեան ներկայանալու:
Գիշերը՝ երկար ատեն խոր մտածումներու մէջ ինկաւ:
Եւ եթէ փոխանա՞կ իրաւաբանութիւն ուսանելու, շարունակէր իր հօրը գործը:Իբրեւ փաստաբան՝ դատարաններուն մէջ թափառելու, դատեր պաշտպանելու տեղ, նախընտրելի պիտի չըլլա՞ր իր հօրը խանութը աշխատիլ հաճելի շրջապատի մը մէջ, բարդութիւններէ խուսափիլ, ոեւէ մէկէն կախում չունենալ:Անշուշտ՝ որպէս փաստաբան՝ աւելի հաւանական էր, որ լաւ եկամուտ ունենար. իսկ հոս, պիտի սպասէր յաճախորդներու :Արդեօք ծնողքը պիտի հաւանէ՞ր, որ իր ինք ձգէր համալսարանական ուսումը:
Առտուն նախաճաշի ատեն, երբ հայրը թերթը աչքէ կ’անցընէր եւ մայրը ձուազեղ կը պատրաստէր, առանց նախաբանի յայտարարեց.
– Ես համալսարան պիտի չերթամ:
– Ի՞նչ ըսիր -բացագանչեցին հայրն ու մայրը միասին:
– Համալսարան պիտի չերթամ, պապային գործը պիտի շարունակեմ:
Հայրը թեթեւօրէն ժպտեցաւ. ներքուստ ուրախ էր, որ զաւակը յանձն պիտի առնէր իր գործը շարունակել . չորս զաւակներէն ամենայարմարն էր: Մայրը կը փափաքէր, որ տղան անպայման բարձրագոյն ուսում ստանար, բայց խոհեմութիւն սեպեց կարծիքը չյայտնել:
Ֆապիան ժամանակ չկորսնցուց. յաջորդ օրն իսկ սկսաւ հետաքրքրուիլ, թէ ինչ դասընթացքներու պէտք է հետեւէր կարենալ մասնագէտ հնավաճառ մը ըլլալու համար. թէեւ ամենամեծ ուսուցիչը իր հայրն էր:
Սկսաւ թանգարաններ, գեղանկարչական ցուցասրահներ աւելի յաճախ այցելել, արուեստի յատուկ գրքեր գնել, եւ հօրը հետ աճուրդներու երթալ: Իրենք կը ծախէին շատ հազուագիւտ իրեր, կամ զարդեր, արուեստի գործեր, նաեւ շատ նրբաճաշակ արծաթեայ կամ բիւրեղեայ սեղանի սպասներ: Մեծ համբաւ կը վայելէին շրջանին մէջ: Բայց որսորդին արձանը ծախու չէր. անիկա իր սիրելին էր, իր հմայակն էր:
Օր մըն ալ, կէսօրուան մօտ, երբ Ֆապիան կը պատրաստուէր ճաշի երթալու, խանութ մտաւ երիտասարդ , ուշագրաւ արտաքինով կին մը եւ սկսաւ մեծ հետաքրքութեամբ դիտել ցուցադրուած առարկաները: Ի վերջոյ հաւնեցաւ տասնութերորդ դարու սպանացի կառավարիչի մը սուրճի ճերմակ ըմպանակը պնակով միասին, ոսկեգոյն նուրբ գծագրութիւններով զարդարուած: Վճարելու ժամանակ ուշադրութիւնը գրաւեց որսորդին արձանը:Ֆապիանի նկատողութենէն չվրիպեցաւ ատիկա, ժպտեցաւ եւ ըսաւ ,որ ծախու չէր:Արձանը խօսակցութեան կապը քակեց իրենց միջեւ:Կնոջ
առաջին այցելութիւնն էր մայրաքաղաքը եւ իրեն գլխապտոյտ պատճառած էր այս ընդարձակ եւ գեղեցիկ քաղաքը: Ֆապիանի հարցումին ,թէ ուրկէ էր, Հարաւէն պատասախանեց:
Ցամաքամասին եւ միաժամանակ երկրին ամենահարաւը, ձիւնամրրիկ փոթորիկներու եւ քամիներու, բայց նաեւ հիանալի Փերիթօ Մօրենօ սառցադաշտին (glaciar ) հայրենիքը :
Երիտասարդուհին հազիւ դուրս ելած, Ֆապիան խանութը գոցեց եւ գնաց մօտակայ ճաշարանը: Մուտքին՝ անոր հանդիպեցաւ:
-Ի՜նչ զուգադիպութիւն- ըսաւ խնդալով: Առ ի քաղաքավարութիւն, զինք հրաւիրեց, որ միասին ճաշեն: Աղջիկը անկնկալի եկաւ.բայց չմերժեց. գոնէ խօսակից մը կ’ունենար:
Քիչ յետոյ, հեզասահ կերպով կ’ընթանային ճաշն ու խօսակցութիւնը: Աղջիկը դիւրահաղորդ մէկն էր, բոլոր ներքին գաւառի բնակիչներուն նման եւ համակրելի:
Ֆապիան ուշադրութեամբ կը դիտէր անոր ձուաձեւ դէմքին նուրբ գիծերը, մեղրագոյն աչքերը, առատ, սեւ մազերը, գեղեցիկ ժպիտը:Իրեն հաճոյք պատճառած էր, որ ան ալ հաւնած ըլլար որսորդին արձանը:
Երբ սուրճը խմեցին եւ իրարմէ հրաժեշտ պիտի առնէին, Ֆապիան հարցուց, թէ պիտի ուզէ՞ր գիշերը ինքնաշարժով շրջիլ քաղաքին մէջ:
Կինը պատախանեց, թէ յաջորդ օր երեկոյեան, պիտի վերադառնար.բայց այս անգամ ալ հաւանեցաւ: Առանց զիրար ճանչնալու, կարծես իրարմէ սկսած էին ախորժիլ:Ֆապիանին զարմանք կը պատճառէր իր այս մօտիկութիւն ցոյց տալու աննախընթաց կեցուածքը անծանօթ կնոջ մը հանդէպ: Արդեօք արձանի՞ն մատը կար մէջը:
Գիշերը, պտոյտէն յետոյ, ճաշարանի մը մէջ, երկուքն ալ բաւական տեղեկութիւն տուինիրենց մասին եւ անկեղծ կերպով պատմեցին իրենց կեանքի նշանակալից դրուագները : Պատանիներ չէին. պէտք չունէին աւելորդաբանութիւններու: Լաուրա, ըսաւ, թէ անշարժ գոյքի գրասենեակի մը պատասխանատուն էր եւ պահ մը կենալէ յետոյ, յուզուած ձայնով աւելցուց, որ երկու տարի առաջ ամուսինը կոսնցուցած էր ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով. բայց կեանքը վերստին իր բնական ընթացքին սկսած էր վերադառնալ. աչքերը լեցուած էին:
Իսկ Ֆապիան իր կարգին, յայտնեց թէ սիրային կեանքի մէջ շատ բախտաւոր չէր եղած, մի քանի աղջիկներու հետ ելած էր, բայց թերաւարտ ուսանողի վախճանը ունեցած էր:
Ուշ էր արդէն, երբ ելան:
Յաջորդ առաւօտ՝ Լաուրա զարմացաւ, երբ տեսաւ, որ Ֆապիան եկած էր օդակայն,զինք ճամբու դնելու:
Այնուհետեւ բջիջայինով շարունակեցին իրենց գրեթէ ամենօրեայ զրոյցները: Տօնական օրերուն, երբեմն Ֆապիան օդանաւով կը ճամբորդէր Հարաւ, իսկ մէկ երկու անգամ ալ Լաուրան եկաւ:
Ֆապիան զինք պաշտօնապէս ներկայացուց իր ծնողքին:
Երկու տարի յետոյ, արդէն կազմած էին իրենց սիրոյ բոյնը:
Տարին չամբողջացած՝ Ֆապիանին մայրը ուրախութենէն կը թռչկոտէր, նոր թոռնիկիմը ծնունդին աւետիսը նորապսակ ամոլէն: