Շաբաթ, 29 մայիս առաւօտեան Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները:
Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ հանդիսապետութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընդհանուր կառավարիչ, Բերիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի: Յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, մարոնի եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի պատրիարքը, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքներ ներկայացնող հոգեւորականներ: Վերջին օծման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր ուրբաթ, 28 մայիսին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Աւետման եկեղեցւոյ մէջ:
Երջանկայիշատակ հոգեւոր տիրոջ թաղումը կատարուեցաւ Զմմառու վանքի պատրիարքներու յատուկ դամբարանին մէջ:
Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի յուղարկաւորութեան աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք հետագային: