ԹԱՐՄ ՀՈՂԱԿՈՅՏԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ[1]100 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ` ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԱՄՈՒԼՆ ՈՒ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐԸ[2]
ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Ա. ՄԱՍ
ՀԱՄԻՏԵԱՆ ՋԱՐԴԵՐԸ ԵՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԱԾ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ 1894 – 1897 ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
Զուիցերիացի ժողովուրդը շատ զգայուն եղած է հայոց դաժան ճակատագրին նկատմամբ: Յատկապէս Ժընեւի եւ ընդհանրապէս ֆրանսախօս Զուիցերիոյ[3] շրջանին մէջ բնակչութիւնը, ըլլալով 1685 թուականէն սկսեալ Ֆրանսայէն վտարանդի դարձած եւ Զուիցերիոյ սահմաններէն ներս ապաստան գտած Հուգենոտներու ժառանգորդ, գիտակցած եւ մօտէն զգացած է օսմանեան բռնակալութեան տակ հեծող հայ ժողովուրդի զաւակներուն կրած անլուր տառապանքը:
1894–96 թուականներէն սկսեալ, արեւմտահայութեան դէմ ծաւալած համիտեան հալածանքներուն եւ կոտորածներուն առթիւ, եւրոպական ժողովուրդներու ընտանիքին մէջ զուիցերիացի ժողովուրդը ցուցաբերած է մարդասիրական օգնութիւններու եզակի կեցուածք մը, զօրակցելով ոչ թէ ուժեղին` տիրապետող օսմանեան իշխանութեան, այլ անոր զոհին` հայ ժողովուրդին հետ, Զուիցերիոյ շատ մը քաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ կազմակերպելով բողոքի ցոյցեր, ստորագրահաւաքներ, նիւթական հսկայական հանգանակութիւններ` Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին հաստատելով դարմանատուներ, որբանոցներ եւ կրթութեան օճախներ:
Կ’արժէ այստեղ հպանցիկ մը նաեւ յուշել, որ 1895–96 թուականներուն յատկապէս Սասունի, Զէյթունի, Կ.Պոլսոյ, Ակնի եւ շրջակայից մէջ հայոց դէմ կազմակերպուած համիտեան կոտորածներուն[4] առթիւ, «Հայանպաստ Օգնութիւններու Զուիցերիական Համագումար»-ը[5] Զուիցերիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ հայ ժողովուրդին զօրակցելու նպատակով հսկայական ստորագրահաւաքներ կը կազմակերպէ եւ, 4 Մարտ 1897-ին, 430.000[6] քաղաքացիներու ստորագրութիւններով լիազօրուած պատուիրակութեամբ մը կը ներկայանայ Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահ Ատոլֆ Տոյխերին ու անոր կը յանձնէ, յիրաւի՛, պատմական խնդրագիր[7] մը: Սոյն փաստաթուղթը կը նկարագրէ Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն ներս հայ ազգաբնակչութեան դէմ իրականացուող հալածանքներն ու բռնութիւնները, հարիւր հազարաւոր հայերու` մանուկներու, կանանց, այր մարդոց եւ ծերերու գազանաբարոյ վայրագութիւններով ջարդուիլը, հիմնայատակ կործանումը հայաբնակ բազմաթիւ գիւղերու եւ աւաններու: Խնդրագիրը կու գայ միաժամանակ արտայայտելու զուիցերիացի ժողովուրդին զօրեղ կամքը այն մասին, որ Զուիցերիոյ պետութիւնը միջոցներու ձեռնարկէ դիմելու մեծ պետութիւններուն, որպէսզի անոնք ուղղակի միջամտութեամբ ճնշում բանեցնեն օսմանեան իշխանութեան վրայ` դադրեցնելու համար քրիստոնեայ հայ ազգաբնակչութեան դէմ սանձազերծուած բռնարարքները:
Ապտիւլ Համիտ Բ. (1842-1918), Սուլթան Օսմանեան Կայսրութեան (1876-1909), հրապարակային հազուադէպ ելոյթի մը առթիւ՝ 1908 թուականին
Անշուշտ առկայ յօդուածը նպատակ չունի Հնչակեան Քսան Կախաղաններու տխուր իրադարձութեան ձօնուած այս ուսումնասիրութեան մէջ ներկայացնել հայանպաստ այն օգնութիւններուն պատմութեան նկարագրութիւնը, որ իրագործուած է զուիցերիական մարդասիրական կազմակերպութիւններուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Այս մասին համառօտ յօդուածաշարք[8] մը տպագրած եմ յառաջագոյն: Բայց նախքան իմ բուն նիւթին անդրադառնալը, որ, ինչպէս յօդուածին խորագիրը կը յուշէ, Հնչակեան Քսան Կախաղաններու վերաբերեալ եղած արձագանգն է շուրջ դար մը առաջ Զուիցերիոյ ընկերվարական մամուլի էջերուն մէջ, նպատակայարմար կը գտնեմ տալու պատմական ենթահող մը այդ ժամանակուան Զուիցերիոյ մամուլի դրուածքին, Օսմանեան Կայսրութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած դիրքորոշումին, Երիտթուրքերու յեղափոխութեան, եւ ընդհանրապէս օսմանեան բռնատիրութեան տակ հեծող հայութեան ու անոր իրավիճակին հետ կապուած գնահատականի մասին:
ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀ՝ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՆ
1928 թուականին Քէօլնի մէջ կայացած մամուլի եւ լրագրութեան միջազգային ցուցահանդէսին Զուիցերիա կը ներկայանար թիւով «աշխարհի ամենահարուստ մամուլ ունեցող երկիրը»[9]: Այդ տարիներուն Զուիցերիոյ մէջ տպագրուած են 406 թերթեր, որոնցմէ 116-ը օրաթերթեր էին, իսկ անոնց մէջ ոմանք լոյս տեսած են օրական երկու, նոյնիսկ երեք[10] հրատարակութիւններով:
Սովորաբար գրաքննութիւն գոյութիւն ունեցած չէ Զուիցերիոյ մէջ: Բայց պետական մակարդակով որոշ սահմանափակումներ նկատի առնուած են, յատկապէս Ա. Համաշխարհային Պատերազմին սկիզբը, երբ Զուիցերիոյ «Ազգային Ժողով»-ը, իր 4 Օգոստոս 1914 թուականի նիստին, պետութիւնը կը լիազօրէ «Անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով պահպանելու Զուիցերիոյ ապահովութիւնը, ամբողջութիւնն ու չէզոքութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին վարկն ու տնտեսական հետաքրքրութիւնները»: Այս պարագային պետութիւնը իրաւունք կ’ունենար միջամտելու եւ անհրաժեշտ միջոցներու դիմելու, երբ թերթ մը իր յօդուածներով կը վտանգէր Զուիցերիոյ քաղաքական չէզոքութիւնը կամ պետութեան մը հետ մշակած լաւ յարաբերութիւնները: Այս ընթացքին, մամուլի ազատութեան սկզբունքին հանդէպ պետութեան կողմէ արձանագրուած է ընդամէնը մէկ միջամտութիւն, երբ պետական համապատասխան մարմին մը` Guguss անունով, երգիծական թերթի մը տնօրէնութիւնը հինգ անգամ նախազգուշացնելէ ետք, զայն մինչեւ պատերազմին աւարտը փակելու վճիռ տուած է` օտար ազգեր, երկիրներու ղեկավարներ, պետութիւններ եւ բանակներ անարգելու, Զուիցերիոյ դիւանագիտական փոխյարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն հետ պահպանած քաղաքական չէզոքութիւնը վտանգելու պատճառով:
ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ
1900–1925 թուականներու ժամանակահատուածի ընթացքին, այսինքն` Ա. Համաշխարհային Պատերազմի նախաշրջանին եւ յետոյ, Զուիցերիոյ ընկերային-քաղաքական կեանքը գերազանցապէս կը ներկայանար աջակողմեան եւ ձախակողմեան միաւորումներու ուղղութիւններով:
Առաջին մեծ միաւորումը Զուիցերիոյ Լիպերալ-Դեմոկրատ կուսակցութիւնն[11] էր, որ փաստօրէն կը ներկայացնէր երկրին պետական կուսակցութիւնը, իսկ ընդդիմութիւնը կազմուած էր երկրին աշխատաւոր տարրերէն, որուն մէջ գերակայող ներկայութիւն էին սոցիալ-դեմոկրատները կամ ընկերվարականները:
Զիուիցերիոյ մէջ բանուորական շարժումին աշխուժացումը 19-րդ դարու վերջաւորութեան` սուր պահանջքը ստեղծեց աշխատաւորական միութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութեանց միջեւ փոխադարձ կապերու սերտացման: Սոյնը հանդիսացաւ հիմնական պատճառը բանուորական թերթերու զօրեղ ցանցի մը ստեղծումին` նպատակ ունենալով սեփական մամուլի էջերուն ընդմէջէն հետեւողաբար ջատագովել սոցիալիզմի յաղթանակը: Բնականաբար, նման նուաճում մը պիտի ուզէր միաժամանակ իր գաղափարախօսական ազդեցութիւնը ունենալ երկրի քաղաքական կեանքին վրայ:
Սկզբնական քանի մը տպագրական անյաջող փորձեր կատարելէ ետք[12], Զուիցերիոյ ընկերվարական մամուլի առաջին հրատարակութիւնը կ’իրականանայ 1865 թուականին, երբ Ցիւրիխ եւ Վինթերթուր քաղաքներուն մէջ կը տպագրուի «Տէր Ունապհէնկիկէ»[13] (Der Unabängige) թերթը, որ կը կրէր յատկանշական «Օրկան Սոցիալ-Դեմոկրատ Կուսակցութեան»[14] ենթախորագիրը:
1881 թուականէն սկսեալ, Զուիցերիոյ աշխատաւորական միութիւններու համախոհները, մասնաւորաբար 1889 թուականին Փարիզի մէջ գումարուած Բ. Ինտերնացիոնալէն[15] ետք, «աշխատաւոր ժողովուրդին համար» կը հրատարակեն «Արպայթրշթիմմէ»[16] (Arbeiterstimme) անունով շաբաթաթերթ մը: 1892-ին, Պեռնի մէջ լոյս կը տեսնէ ընկերվարականներու «Պեռներ Թակվախթ»[17] (Berner Tagwacht) անունով թերթը: Ցիւրիխի ընկերվարական շարքերուն մէջ 1894-էն սկսեալ ներքին խօսակցութիւնները հետզհետէ կը կեդրոնանան այն ուղղութեամբ, որ հիմնուի ազգային կուսակցական պաշտօնաթերթ մը: Արդարեւ, քանի մը տարի անց այս ծրագիրը կ’իրականանայ եւ 1898-ին լոյս կը տեսնէ «Ֆոլքսրեխթ»-ը[18] (Volksrecht), որ կը կրէր «սոցիալ-դեմոկրատներու օրաթերթ» ենթախորագիրը:
Զուիցերիոյ առաջին ընկերվարական թերթերը
20-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ 20-ական թուականները, Զուիցերիոյ ընկերվարական թերթերը կ’ունենան հսկայական վերելք եւ երկրին քաղաքական կեանքին վրայ կը գործեն պատկառելի ազդեցութիւն մը: Փաստօրէն, 1835–1923 թուականներու ընթացքին, Զուիցերիոյ մէջ արձանագրուած են սոցիալ-դեմոկրատական ուղղութիւն ունեցող 113 անուն թերթեր, որոնց մէկ մասը տակաւին մինչեւ մեր օրերը, երբեմն որոշ անուանափոխումներով, կը շարունակեն իրենց ընկերային, քաղաքական եւ գաղափարախօսական երթը:
Ի դէպ, այստեղ պիտի ուզեմ ընդգծել, որ առկայ ուսումնասիրութիւնը պատրաստելու առթիւ ուշադրութիւնս մասնաւորապէս կեդրոնացած է ընկերվարական այն թերթերուն[19] վրայ, որոնք ուղղակի անդրադարձած են 19-րդ դարու վերջին տասնամեակին եւ 20-րդ դարու սկիզբին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած քաղաքական կարեւոր եղելութիւններուն: Նշուած իրադարձութիւններուն մէջ յաճախ գերակշռող դեր ունեցած են արեւմտահայութեան հետ պատահած դէպքերը, որոնց շարքին մասնաւոր կարեւորութիւն ընծայուած է Քսան Կախաղաններու իրադարձութեան:
Զուիցերիոյ գրեթէ բոլոր թերթերը, նաեւ վերոյիշեալ ընկերվարական մամուլի զգալի մասը, վերապահութիւն ցուցաբերած են Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի վարած քաղաքականութեան նկատմամբ: Անոնք չեն զլացած իրենց էջերուն մէջ լայն տեղ տրամադրելու այն բոլոր խժդժութիւններուն եւ կոտորածներուն, որոնք Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին կ’իրագործուէին արիւնարբու Սուլթանին հրահանգով` քրիստոնեայ ազգային փոքրամասնութիւններուն, ի մասնաւորի հայոց դէմ: Զուիցերիոյ հանրութիւնը, շնորհիւ իր մամուլին, օրը-օրին իրազեկ դարձած է շատ մը մանրամասնութիւններու, հակառակ այն փաստին, որ օսմանեան կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ դրած է եղելութիւնները թաքցնելու կամ դիւանագիտական մարտավարութիւններով զանոնք խեղաթիւրելու: Միեւնոյն է, անհերքելի իրողութիւնն այն էր, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը թեւակոխած էր իր հոգեվարքը ու ստոյգ կը գտնուէր վերջնական փլուզման սեմին: Հետեւաբար, այսպէս յորջորջուած Արեւելեան կամ Հայկական Հարցը Զիուիցերիոյ ընկերվարական թերթերու մեկնաբանութեամբ` այս շղթային վերջին օղակը կը կազմէր, ու հետեւանքն էր Օսմանեան Կայսրութեան տկարութեան, Սուլթանի բռնատիրութեան եւ Թուրքիոյ արեւելեան տարածաշրջանին մէջ ռուսական գործողութիւններուն, նաեւ եւրոպական մեծ տէրութիւններու հետապնդած շահերուն:
ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼՆ ՈՒ ԵՐԻՏԹՈՒՐՔԵՐԸ
1900-ական թուականներուն, հետզհետէ ակներեւ կը դառնար Զուիցերիոյ մամուլին մէջ համակրանքը Երիտթուրքերու շարժումին նկատմամբ, որ իբրեւ քաղաքական ընդդիմադիր ուժ` սուլթանական հալածանքներուն ենթարկուելով` վտարանդի իր կեդրոնները հաստատած էր Լոնտոնի, Փարիզի եւ Ժընեւի մէջ: 4 Փետրուար 1902-ին, Երիտթուրքերու Փարիզի մէջ գումարուած Ա. համագումարին, որուն կը մասնակցէին նաեւ հայ յեղափոխական կուսակցութեանց[20] ներկայացուցիչները, կ’աշխատէին համաձայնութեան գալ` միասնական ընդհանուր ճակատով պայքարելու սուլթանական վարչակարգին դէմ: Նշուած այս ժամանակահատուածին մէջ Երիտթուրքերը, առնուազն իրենց շարժումին կարեւոր հատուածը, դեռեւս կը հետապնդէր Սուլթանի գահընկէցութեան եւ 1876 թուականի Միդհատեան[21] Սահմանադրութեան գործադրութեան ծրագիրը: Ապտիւլ Համիտ, 1878-ի Փետրուարին, ոչ միայն խափանած էր խորհրդարանին գործունէութիւնը, այլեւ այսպիսով հեղինակազրկած էր նաեւ երկրին Սահմանադրութիւնը եւ, աւելի քան երեսուն տարիներու ընթացքին, ինքզինքին վերապահած բացարձակ միապետի մը գերիշխանութիւնը: Այստեղ պէտք է նշել, որ Երիտթուրքերու Փարիզի Ա. համագումարին կային նաեւ համոզումներու տարբերութիւններ շարժումին ազդեցիկ ղեկավարներուն միջեւ: Ահմէտ Ռիզա կը մեկնէր ցեղային հայեցակէտով ու կը մերժէր համագործակցիլ Եւրոպայի տէրութիւններուն հետ: Մինչդեռ իր տեսակէտներով ազատախոհ նկատուող Իշխան Սապահէտտին[22] կ’առաջնորդուէր Եւրոպայի հետ համագործակցելու անհրաժեշտութեան համոզումով եւ Օսմանեան Կայսրութեան ապագան կը տեսնէր իրաւահաւասար ազգերէ ու կրօնքներէ կազմուած համադաշնային պետութեան մը ստեղծումին մէջ:
Միդհատեան կամ Օսմանեան 1876 թուականի Սահմանադրութիւնը
ԵՐԻՏԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ 1907 – 1908 ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
Այս ընթացքին, Զուիցերիոյ մամուլը իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Օսմանեան Կայսրութեան հետզհետէ աւելի ակներեւ դարձող տկարացումին վրայ: Հրապարակուած իրարայաջորդ յօդուածները կը մեկնաբանեն Օսմանեան Կայսրութեան սնանկացումը, տնտեսութեան քայքայումը, աշխատաւոր դասակարգին դժգոհութեան հետեւանքով յառաջացող տարատեսակ գործադուլները, երկրին մէջ պակսող կայունութիւն եւ իրաւունք հասկացութիւնները: Ընդհակառակը, քաղաքական ընդդիմադիր ուժերուն հետ համագործակցելու եւ ժամանակի մարտահրաւէրները դիմակայելու փոխարէն, Սուլթանը կը ճնշէ երկրին ժողովրդավար տարրերը եւ ընդդիմադիր գործիչները կը հալածէ մինչեւ Զուիցերիոյ հեռաւոր սահմանները:
Այս առնչութեամբ Զուիցերիոյ ընկերվարական թերթերուն մէջ լոյս տեսնող յօդուածները միանշանակ իրենց բարոյական զօրակցութիւնը կը ցուցաբերեն մասնաւորաբար Երիտթուրքերու յեղափոխական շարժումին հետ, որ կը միտի Օսմ. Կայսրութեան մէջ տապալել միջնադարէն մնացած միապետական խունացած վարչակարգը` փոխարէնը ստեղծելով ժողովրդավարական արդար եւ իրաւահաւասար սկզբունքներու վրայ հիմնուած պետութիւն մը:
Հետեւելով Եւրոպայի ընկերվարական գաղափարախօսութեան հիմնադիրներուն` Քարլ Մարքսի, Ֆրիդրիխ Էնկելսի եւ անոնց կարկառուն հետեւորդներուն` Էդուարդ Պեռնշթայնի եւ Ռոզա Լուքսենպուրկի ուղղութեան, Զուիցերիոյ վերոյիշեալ թերթերուն առաջնորդող յօդուածները միաժամանակ կը ձաղկէին Եւրոպայի հզօր տէրութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը, որ, հիմնուելով միայն սեփական շահերու վրայ, կը հետապնդէր իր քաղաքական ազդեցութեան ոլորտը ստեղծել Օսմ. Կայսրութեան տարածքէն ներս: Կը քննադատուէր նաեւ Զուիցերիոյ պետութիւնը, որ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ հետ տնտեսական առաւելութիւններ ապահովելու համար` կրաւորական վերաբերմունք մը կը ցուցաբերէր Ժընեւի եւ Զուիցերիոյ այլ քաղաքներուն մէջ Սուլթանին ստեղծած լրտեսական ցանցին նկատմամբ[23]:
1907 թուականի Դեկտեմբերին, Փարիզի մէջ կը կայանայ Երիտթուրքերու Բ. համագումարը, որուն կը մասնակցէին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հեղինակաւոր ներկայացուցիչներէն Ակնունի[24] եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ յոյներ, պուլկարներ եւ հրեաներ: Ի դէպ, Հնչակեան Կուսակցութեան ղեկավարները կը մերժեն Փարիզի համագումարին մասնակցելու առաջարկը` նկատի ունենալով գաղափարական անհաշտելի թուող տարբերութիւնները իրենց եւ Երիտթուրքերու հետապնդած քաղաքականութեան միջեւ: Հնչակեաններու մերժողական դիրքորոշումը կը հիմնուէր այն փաստով, որ անոնց համար պարզուած էր Երիտթուրքերու քաղաքականութեան հակահայկական էութիւնը: Մինչդեռ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները, մեկնելով տրուած իրավիճակէն, թրքական ընդդիմադիր այս ուժերուն հետ համագործակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէին` յուսալով Սուլթանին բռնատիրութիւնը յեղաշրջելէ ետք նպաստաւոր ելք մը գտնել հայ ժողովուրդին համար[25]: Բոլոր պարագաներուն, Երիտթուրքերու Փարիզի Բ. համագումարին մասնակցող բոլոր ընդդիմադիրները կը համատեղէր հիմնական նպատակ մը` վերջ դնել Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի բռնատիրութեան, իսլամազրկել երկրին վարչակարգը, իրաւահաւասարութիւն հաստատել տարբեր ազգերու եւ բոլոր կրօնքներուն միջեւ: Արդարեւ, 1908 թուականի Յուլիսին, Երիտթուրքեր վերջնականապէս կը սպառնան Սուլթանին` իսկոյն վերահաստատել 1876 թուականի Միդհատեան Սահմանադրութեան հեղինակութիւնը եւ իր կողմէ 1878-ին արձակուած խորհրդարանին գործունէութիւնը: Կ.Պոլսոյ վրայ երիտթրքական ջոկատներու ներխուժումի սպառնալիքէն սարսափած` Ապտիւլ Համիտ 17 Դեկտեմբեր 1908-ի հրամանով ստիպուած կ’ըլլայ անմիջապէս վերահաստատելու վերոյիշեալ սահմանադրութիւնն ու խորհրդարանին գործունէութիւնը: Այս միջոցին, Պուլկարիա կ’անկախանայ օսմանեան տիրապետութենէն, Կրետէ կղզին կը վերամիանայ Յունաստանի, իսկ Պոսնիա կը միացուի Աւստրիական Կայսրութեան:
ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1-Այս խօսուն խորագիրը փոխ կ’առնեմ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու մասին Զուիցերիոյ ընկերվարական «Ֆոլքսրեխթ» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածէն:
2-Առկայ ուսումնասիրութեան մէջ պիտի նախընտրեմ ընդհանրապէս Հնչակեան Քսան Կախաղաններ անուանումը եւ, մասնաւորաբար, կախաղան բարձրացած նահատակներուն թիւը նշել միշտ մեծատառով եւ ոչ թէ արաբական թուանշանով: Ինծի համար անոնք, նոյնիսկ արտայայտուելու ձեւին ու միջոցին մէջ, երբեք թիւ մը չեն, այլ` ազգի ազատագրութեան եւ բիւրեղ գաղափարախօսութեան սրբազան զոհասեղանին իրենց կեանքը զոհաբերած անմահ հերոսներ, որոնց սուրբ յիշատակին հանդէպ ունիմ ճշմարիտ յարգանք եւ համակ նուիրում:
3-Suisse Romande.
4- «Համիտեան կոտորած»-ներ կամ «Հայկական կոտորած»-ներ ըմբռնումը նկատի ունի հայկական զանգուածային այն ջարդերը, որոնք տեղի ունեցան Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հայաբնակ զանազան վայրերու մէջ, 1894 և 1896 թուականներուն, թրքական կառավարութեան կազմակերպութեամբ եւ Համիտիէ հեծելագունդերու իրագործումով: Հայկական զանգուածային կոտորածները կը ներկայացնեն հետեւեալ մօտաւոր ժամանակագրութիւնը. 1894-ի ամառը` Սասուն, 1895 Սեպտեմբեր` Կ.Պոլիս, Տրապիզոն եւ Բաբերդ, 1895 Հոկտեմբեր` Դերջան, Երզնկա, Չարսանճագ, Քղի, Բաղէշ, Կիւմիշխանէ, Եդեսիա, Շապին -Գարահիսար, Էրզրում, Մալաթիա, Խարբերդ, Ակն, Տիգրանակերտ, Մարզուան, Սեբաստիա, Զիլէ, Ուրֆա, Զէյթուն եւ Վան: 1896-ի Օգոստոսին` Կ.Պոլիս: Նշուած զանգուածային ջարդերուն սպաննուած են շուրջ 300 հազար հայեր, շուրջ 100 հազար հայեր բռնի մահմետականացած են, իսկ նոյնքան եւ թերեւս աւելի մեծ թիւ մը ստիպուած եղած է լքելու իր պապենական հայրենիքը: Հմմտ., «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան», Զ., Երեւան, 1980, էջ 183–184:
5- Conferenz der schweizerischen Hulfs-Comite’s fur Armenier – Confe’rence du Comite’ d’Aide Suisse aux Arme’nienes.
6- Հուսկ ստորագրութիւններու թիւը բարձրացած է մինչեւ 430.081-ի:
7- Petition.
8- Տե՛ս, «Արարատ» օրաթերթ, 8–10 Մարտ 2013:
9- Հաւանաբար սոյն գնահատականը նկատի ունի այն երկիրները, որոնք մասնակցած են այս ցուցահանդէսին: Վստահաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կամ Խորհրդային Միութեան մէջ այդ ժամանակաշրջանին լոյս պիտի տեսնէր աւելի մեծաթիւ թերթերու տպաքանակ մը: Բայց այս գնահատականը կրնար նաեւ հիմնուած ըլլալ վիճակագրական համեմատականի մը վրայ՝ մեկնելով այն փաստէն, որ Զուիցերիա փոքրիկ երկիր մը ըլլալով՝ թերեւս հազիւ ունենար հինգ միլիոն բնակչութեան թիւ մը:
10- Ցիւրիխի մէջ տպագրուող Neue Zuricher Zeitung (NZZ) թերթը օրական կ’ունենար ընդհուպ մինչեւ երեք հրատարակութիւն:
11- Freisinnig-Demokratische Partei (FDP), Parti radical-démocratique suisse (PRD), Partito liberale radicale svizzero (PLR).
12- Ընկերվարական անդրանիկ թերթերէն մին կը համարուի նաեւ «Կրիւթլիանր» (Grutlianer) թերթը, նոյնպէս տպագրուած 1865 թթ.:
13- Der Unabhangige, գերմաներէն կը նշանակէ` «Անկախը»:
14- Organ der sozial demokratischen Partei.
15- Բ. Ինտերնացիոնալը գումարելու համար մասնաւոր նախընտրութիւն տրուած է 14 Յուլիս 1889-ին, քանի որ այդ թուականը կը զուգադիպէր Ֆրանսական Յեղափոխութեան 100-ամեակին:
16- Arbeiterstimme, իմա` «Աշխատաւորներուն Ձայնը»:
1 7- Die Berner Tagwacht, իմա` «Պեռնի Արթնացում»:
18- Volksrecht, իմա` «Ժողովուրդի Իրաւունք»:
19- Այս առնչութեամբ աչքի առաջ ունեցած եմ մասնաւորաբար հետեւեալ թերթերը. Arbeiterstimme (AS). Wochenblatt fur das arbeitende Volk in der Schweiz, Zurich, 1895–1896; Droit du Peuple, Le (DP), Quotidien socialiste et Organe officiel du Parti Socialiste Suisse, Lausanne, 1922–1923; Neue Wege (NW), Blatter fur religiose Arbeit. Zentralorgan der religios-sozialen Bewegung. Basel, 1910–1916; Sentinelle, La (SE), Journal d’Information et d’Annonces et Organe des Socialiste du Jura. La-Chaux-de-Fonds, 1915–1916; Berner Tagewacht (BT). Organ der sozialdemokratischen Partei des Kantons Bern. Herausgegeben von der Arbeiterunion Bern. Bern, 1896–1915; Volksrecht (VR), Sozialdemokratisches Tagblatt. Offizielles Organ der Sozialdemokratischen Partei der Schweiz und des Kantons Zurich sowie der Arbeiterunion Zurich. Zurich, 1898–1925.
20- Համագումարին մասնակցած են վերակազմեալ հնչակեաններ եւ դաշնակցականներ: Տե՛ս, «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան», Գ., Երեւան, 1977, էջ 591:
21- Օսմանեան 1876-ի Սահմանադրութիւնը «Միդհատեան» կը կոչուի, որովհետեւ անոր հեղինակը Ահմէտ Շեֆիք Միդհատ Փաշան կը նկատուի: Մշակութային եւրոպական կողմնորոշում ունեցող այս թուրք բարեկարգիչը վարած է Օսմ. Կայսրութեան մեծ վեզիրի պաշտօն, սակայն հալածանքի ենթարկուած է Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի բռնակալութեան կողմէ: 1881-ին դատապարտուած է մահուան, սակայն անգլիացիներու ազդու միջամտութիւններով մահապատիժը փոխուած է աքսորի: 8 Մայիս 1884-ին, Սէուտական Արաբիոյ աքսորավայրին մէջ ան խեղդամահ գտնուած է` հաւանաբար Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի կողմէ տնօրինուած սադրանքով:
22- Իշխան Սապահէտտին կը սերէր Օսմանի ազնուական տոհմէն եւ զարմիկն էր Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի: Տրուած ըլլալով, որ ան օսմանեան ազնուական ընտանիքին կը պատկանէր մայրական գիծով, իրաւունք չունէր սուլթանական գահուն, քանի որ այդ ապահովուած էր բացառաբար հայրական ուղիղ գիծի ժառան-գորդներուն: Իր ազատախոհ համոզումներուն համար ատելի դարձաւ Սուլթանէն, ուստի 1899-ին ստիպուած եղաւ փախչելու Փարիզ եւ հոն ներկայացնելու Երիտթուրքերու, տեսակ մը, ազատախոհ թեւը: Ի տարբերութիւն իթթիհատական պարագլուներու` Նազըմի, Թալէաթի, Պէհաէտտինի եւ այլոց, Սապահէտտին կողմ-նակից էր Օսմ. Կայսրութեան ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ընդլայնման եւ պետական իշխանութեան ապակեդրոնացման:
23- Տե՛ս, Spitzelrecht, VR, 134, 13.07.1902.
24-Տե՛ս, Հովհաննիսյան, Գ., «Հնչակյան Կուսակցության Պատմություն (1887–1915 թթ.)», Երեւան, 2012, էջ 191:
25- Տե՛ս, անդ, էջ 191 եւ 192: Ըստ Ջ. Թորոսեանի «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»-ին մէջ տպագրած յօդուածին, Երիտթուրքերուն հետ հայկական կուսակցութիւններու փոխյարաբերութեան վերջնական խզումը տեղի կ’ունենայ հետեւեալ պատճառներով. «Պանթյուրքիզմի մեծապետական դոկտրինան, որ 1908-ի հեղափոխությունից հետո դարձել էր պաշտօնական գաղափարախոսություն, հակառակ էր հայերի` ինքնավար Արեւմտեան Հայաստան ստեղծելու ընբռնմանը: Հայերի և երիտթուրքերի փոխհարաբերությունները գնալով սրվեցին, որին հետևեցին Ադանայի ողբերգական դեպքերը: Անհաջողության մատնվեց նաև երիտթուրքերի «բարենորոգչական» գործունեությունը հայկ. վիլայեթներում, որը հանգեցրեց հայկ. կազմակերպությունների հետ վերջնական խզման»: Տե՛ս, «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան», Գ., Երեւան, էջ, 591: Մեզի այնպէս կը թուի, թէ 1914-էն վերջ կ’իրականանայ ՀՅԴ-ի եւ Երիտթուրքերու փոխյարաբերութեանց վերջնական խզումը: ՀՅԴ-ի 1911 թուականին գումարուած Ե. համագումարին մէջ որոշում կ’ընդունուի, այսուհետեւ, վերապահ մօտեցում ցուցաբերել Երիտթուրքերուն նկատմամբ` Հայկական Հարցին մէջ սկզբունքային տարբերութիւններու պատճառով: Էրզրումի մէջ գումարած 1914-ի Ը. համագումարով Դաշնակցութիւնը կը մերժէ իրականացնել Երիտթուրքերուն առաջարկը` Կովկասեան ճակատի թիկունքը խռովութիւններ ստեղծելու վերաբերեալ: Ան հայկական կողմերուն համար կ’որդեգրէ պահպանել հաւատարմութեան սկզբունքը` արեւմտահայ հատուածը ի նպաստ Թուրքիոյ, իսկ արեւելահայ հատուածը ի նպաստ իր երկրի իշխանութիւններուն, այսինքն` Ցարական Ռուսիոյ: 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին Կ.Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած հարիւրաւոր մտաւորականներու եւ երեւելիներու շարքին զոհ կը դառնան նաեւ Դաշնակցութեան կարկառուն դէմքերէն շատերը: Տե՛ս, Yves Ternon, «Le genocide de Turqie et la guerre (1914–1923)», dans: «Histoire des Armeniens», Toulouse, 1982, p. 486–489.