ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ
Գ ՄԱՍ
Երիտթրքական կառավարութեան կողմէ հայ ազգաբնակչութեան դէմ կազմակերպուած համատարած ցեղասպանութեան սահմռկեցուցիչ տեղեկութիւնները Զուիցերիա կը հասնին համեմատաբար շատ աւելի ուշ, քան եղած էր պարագան Կիլիկիոյ համիտեան ջարդերու 1895–96-ի եւ ապա 1909-ի Ատանայի եւ շրջակայից մէջ տեղի ունեցած կոտորածներուն:
Պատճառը` Երիտթուրք դահիճներու բոլոր մանրամասնութեանց մէջ բծախնդրօրէն ծրագրած եւ, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, գաղտնաբար մեկնարկած տարագրութիւնները, մահու աքսորներն ու նախճիր-եղեռններն էին Արեւմտեան Հայաստանի ամբողջ տարածքով, մինչեւ Կիլիկիոյ ու Սուրիոյ մահահոտ աւազուտները` Տէր Զօր, վերջին հանգրուանը ցեղասպանուող հայութեան:
Համատարած տարագրութիւններու եւ ջարդերու մասին եւրոպական մամուլին մէջ տեղեկութիւններու ուշացումին հիմնական պատճառներէն մին էր նաեւ գերմանական դիւանագիտութեան թրքանպաստ գործունէութիւնը, որ Ա. Համաշխարհային Պատերազմին Օսմ. Կայսրութեան հետ իբրեւ ռազմական դաշնակից պետութիւն` բոլոր միջոցներով արգելք հանդիսացած էր հայ ազգաբնակչութեան դէմ համատարած տեղահանութիւններու եւ սպանդի վերաբերեալ լուրերու ճիշդ ժամանակին տարածումին:
Ա. Աշխարհամարտին սկիզբը, Օսմ. Կայսրութեան քաղաքական գործունէութիւնը արտաքնապէս այն տպաւորութիւնը կը թողուր, որ որդեգրած է համեմատաբար չէզոք դիրքորոշում մը: Սոյնը սակայն իր վտանգաւոր ուղին ընդունեց, երբ Երիտթուրքերը 2 Օգոստոս 1914-ին Գերմանիոյ հետ ստորագրելով գաղտնի պայմանագիր մը` պարտաւորուեցան հուսկ ներգրաւուելու Ա. Համաշխարհային Պատերազմին մէջ ի նպաստ միջին ուժերուն` գերմանա-աւստրիական խմբաւորումին: Բռնկած այս աշխարհամարտը Երիտթուրքերու համաթուրանական գաղափարախօսութեան իրագործումին լաւագոյն առիթը կ’ընձեռէր` զաւթելով Անդրկովկասը` հասնիլ մինչեւ Կեդրոնական Ասիա:
Բաց աստի, կը ստեղծուէր երկրորդ պատեհութիւն մը եւս պատերազմի ընդհանուր աղմուկին մէջ, մեծ տէրութիւններու ուշադրութենէն հեռու, վերջնականապէս լուծել Հայկական Հարցը` ընդմիշտ վերացնելով ենթական կամ հարցին դրդապատճառը, որ հայ ազգաբնակչութիւնն էր:
Մինչ այդ, 22 Յունուար 1913-ին, Երիտթուրքերը յաջողած էին պետական հարուածով մը տապալել Մահմէտ Քամիլ Փաշայի ազատախոհ նկատուող կառավարութիւնը, որուն տեղ նշանակուած էր երիտթրքական նոր կառավարութիւն մը` Շեւքեթ Փաշայի գլխաւորութեամբ: 11 Յունիս 1913-ին, վերջինիս դէմ կատարուած ահաբեկչական սպանութենէն ետք, ստեղծուած էր եռապետութիւն[1] մը եւ իշխանութեան գլուխ անցած էին Երիտթուրքերու ծայրայեղական վտանգաւոր պարագլուխներէն Իսմայիլ Էնվէր`[2] ռազմական նախարարի, Մահմէտ Թալէաթ`[3] ներքին գործոց նախարարի, իսկ Ահմէտ Ճեմալ`[4] ծովակալութեան նախարարի պաշտօններով:
Հակառակ այն փաստին, որ վերոյիշեալ երրորդութեան կողմէ սահմանուած էր ռազմական իշխանութիւն մը, դեռ եւս Կ.Պոլսոյ մէջ մինչեւ 13 Մարտ 1915 թուականը իր գործունէութիւնը կը շարունակէր այսպէս յորջորջուած Օսմ. Խորհրդարանը: Վերջինիս բարձումով արդէն իր մահահանգոյն սկիզբը կ’առնէր Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին փուլը: Առանց ներքին ընդդիմութեան, եւ պատերազմին բերումով արտաքին աշխարհէն «կտրուած», երիտթրքական կառավարութիւնը կ’իրագործէ թերեւս տարիներ առաջ իր ազգայնապաշտական մտածումներուն մէջ սաղմնաւորուած հայ ազգաբնակչութեան ոչնչացման ծրագիրը:
Երիտթրքական եռապետութեան ներկայացուցիներն ու հայ ազգի դահիճները՝ Իսմայիլ Էնվէր, Մահմէտ Թալէաթ եւ Ահմէտ Ճեմալ
24 Ապրիլին եւ հետեւեալ օրերուն, Կ.Պոլսոյ մէջ կը ձերբակալուի հայ մտաւորականութեան եւ ազգի երեւելիներուն մեծ մասը, ու աքսորուելով Թուրքիոյ խորերը` հետզհետէ վայրագաբար կ’ոչնչացուի Երիտթուրք պարագլուխներու հրահանգով: Մինչեւ Մայիսի վերջն արդէն իր համատարած եւ կործանարար ընթացքը վերցուցած էր հայ ազգաբնակչութեան տեղահանումներու, մահու աքսորի եւ կոտորածներու լայն թափը: Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որ սկիզբը նաեւ Զուիցերիոյ մամուլին մէջ, թրքական քարոզչութեան հետեւանքով, պետութեան դէմ ընբոստութիւն մը որակուած էր, շուտով կը պարզուի եւ ճշմարտութեան լոյսին տակ կը յայտնուին մէկ կողմէ մարդկային ողբերգութեան մը ահաւոր պատկերը, իսկ միւս կողմէ` անթաքոյց եւ մութ ծալքերը Երիտթուրքերու իրագործած ծրագրին, հակառակ Զուիցերիոյ մէջ Օսմ. Կայսրութեան գլխաւոր հիւպատոս Զիա Պէյի ոճիրը հերքող յայտարարութիւններուն[5]:
«Լա Սանթինէլ», թիւ 120, 28 Մայիս 1915
Իրողութիւնն այն էր, որ Վանի եւ շրջակայից մէջ ապրող հայութեան ուրիշ ոչ մէկ ելք մնացած էր, քան դիմել ինքնապաշտպանութեան անձնազոհ մարտերու թրքական գերակշռող ուժերու դէմ` սեփական կեանքը, հարազատները, գոյքը եւ պատիւը փրկելու համար: Այլապէս, ինչպէս արեւմտահայութեան ճնշող մեծամասնութեան ճակատագիրն եղաւ, պիտի ենթարկուէր տեղահանութեան, տարատեսակ խժդժութիւններու եւ սպանդի: Բնականաբար, Կ.Պոլսոյ մէջ դարանակալած Երիտթուրք ոճրագործները նախապատրաստուած էին առիթն օգտագործելով տեղահանութիւններն արդարացնել` պետական բռնազբօսիկ օրէնքներու սահմանումով: Զոր օրինակ` Վանի ինքնապաշտպանական մարտերուն անմիջապէս հետեւող օրերուն` 27 Մայիս 1915-ին ընդունուած օրէնքը. «Ժամանակաւոր օրէնք բանակին կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումներու բոլոր անոնց դէմ, որոնք պատերազմի ժամանակամիջոցին կ’ընդդիմանան կառավարութեան հրահանգներուն»:
«Կացութիւնը Հայաստանի Մէջ», « Լա Սանթինէլ», թիւ 120, 28 Մայիս 1915
«Ֆոլքսրեխթ» կը հանդիսանայ Զուիցերիոյ ընկերվարական առաջին թերթը, որ 10 Մայիս 1915-ի տեղեկագրութեամբ կ’անդրադառնայ Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան: Ապա ամբողջ ամիս մը ոչ մէկ արձագանգ կը գտնենք Հայկական Հարցին վերաբերեալ: Ընդհակառակը, «Սանթինէլ» Մայիսի վերջաւորութեան, այսինքն «Ֆոլքսրեխթ»-էն երկու շաբաթ ետք, կը խօսի հայկական համատարած կոտորածներու մասին: Ան կը հաղորդէ Երիտթուրք կառավարութեան հայոց դէմ կազմակերպած բռնի տեղահանութիւններու եւ կոտորածներու մասին, որոնք իրագործելու մէջ նաեւ կը մասնակցէին տեղի եւ շրջակայից քիւրտերն ու մահմետական բնակչութիւնը: Հայ մնացորդացին ուրիշ ոչ մէկ հնարաւորութիւն մնացած է, քան դիմելու ինքնապաշտպանութեան. «Exaspérés, les jeunes gens et hommes valides […] ont pris les armes, résolus à défendre l’honneur et la vie des leurs familles des leurs compatriotes» ¨ Ճարահատած երիտասարդ տղաք եւ ունակ մարդիկ զէնք վերցուցած են` պաշտպանելու համար իրենց պատիւը, կեանքը, ընտանիքն ու հայրենակիցները»[6]: Բայց կառավարութիւնը Ճեմալ Փաշայի ղեկավարութեամբ Անաթոլիա ուղարկած է պատժային բանակ մը. «L’extermination d’une race est imminente – Ցեղի մը բնաջնջումը մօտալուտ է»:
«Journal de Geneve » թիւ 188, 10 Յուլիս 1915
«Ֆոլքսրեխթ» իր 9 Յունիս 1915-ի թիւով կը հաղորդէ, թէ Օսմ. Նախարարներու Խորհուրդը տեղական հրամանատարները կը լիազօրէ. «Ապստամբութիւններու կամ զինեալ դիմադրութիւններու հանդիպելու պարագային` […] իրենց տրամադրուած զէնքի ուժով դիմելու խիստ միջոցներու»: Սոյն տեղեկութիւնը թերթը կը թողու առանց մեկնաբանութեան` հաւանաբար նկատի ունենալով այն փաստը, որ Մայիս 10-ին արդէն հաղորդած էր Ճեմալ Փաշայի ղեկավարութեամբ դէպի Արեւմտեան Հայաստան արշաւող պատժային բանակին մասին: Բայց դեռ նկատելի է, որ, հակառակ հաղորդուած լուրերուն, թերթին խմբագրութիւնը համարձակութիւնը չունի մտածելու արեւմտահայութեան համատարած բնաջնջումին մասին:
«Խեղճ Հայերը», «Journal de Geneve», թիւ 188, 10 Յուլիս 1915
Հիմնուելով ականատեսի մը տուած վկայութեան վրայ, որ հրապարակուած էր Journal de Genève թերթին մէջ, «Լա Սանթինէլ», Յուլիսի կիսուն, կը տպագրէ տեղեկագրութիւն մը` հաղորդելով Կիլիկիոյ մէջ տեղի ունեցած մասսայական կոտորածներու մասին, որու համաձայն 40.000 մարդ սպաննուած էր:
«Լա Սանթինէլ», 153, 12 Յուլիս 1915
Երիտթուրքերու կառավարութիւնը ծրագրած է բռնի տեղահանումներու միջոցով անմարդաբնակ դարձնել ամբողջ տարածաշրջաններ, իսկ տեղահանուածները բնաջնջել, զանոնք կողոպուտի, սովի եւ տարատեսակ հիւանդութիւններու ենթարկելով` դէպի հեռաւոր անապատ տանող մահուան ճամբաներուն վրայ: Այս առնչութեամբ ականատես մը կը վկայէ. «Ականատես եղայ անասելի տեսարաններու»: «Լա Սանթինէլ» կը մեղադրէ ոչ միայն երիտթրքական կառավարութիւնը, այլեւ այս ոճրագործութեան պատասխանատու կը համարէ նաեւ անոնց զինակից գերմանական եւ աւստրիական պետութիւնները: Այստեղ է, որ «Լա Սանթինէլ» առաջին անգամ «La terreur en Turquie ¨ Ահաբեկչութիւնը Թուրքիոյ մէջ» խորագիրը կրող յօդուածով կ’անդրադառնայ Կ.Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Հնչակեան Քսան Կախաղաններու ողբերգական եղելութեան: Թերթին սոյն անդրադարձը ունի միաժամանակ հետեւեալ ենթախորագիրը. «Vingt Arméniens pendus à Constantinople ¨ Des milliers massacrés en Arménie ¨ Քսան հայեր կախաղան հանուած են Կ.Պոլսոյ մէջ ¨ Հազարաւորներ ջարդուած են Հայաստանի մէջ»:
«Խեղճ Հայերը», « Լա Սանթինէլ», թիւ 153, 12 Յուլիս 1915
Բայց այս նիւթը ներկայացնելէ առաջ, կ’արժէ այստեղ համառօտ գիծերու մէջ հանգամանօրէն անդրադառնալ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու իրադարձութեան: Այդ, իր տեսակին մէջ եզակի հաւաքական նահատակութիւնը մեր կեանքին մէջ միշտ ներկայ պահելու եւ լուսապսակ մարտիրոսներուն նուիրական յիշատակը, -դէպքէն թէկուզ աւելի քան հարիւր տարի ետք, – հոգիի անկեղծ եւ անվերապահ խոնարհումով յարգած ըլլալու համար:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1- Triumvirat.
2- Ismail Enver Paşa (1881–1922), կը սպաննուի Տուշանպէի մօտերը` Տաճիկիստանի մէջ, թիւրքմէններու հետ սովետական Կարմիր Բանակին դէմ մղած մարտերու ընթացքին:
3- Mehmed Talat Paşa (1874–1921), սպաննուած Պերլինի մէջ՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի վրիժառու գնդակով:
4- Ahmet Cemal Paşa (1872–1922), կը սպաննուի Թիֆլիսի մէջ՝ «Նեմեսիս գործողութիւն»-ը իրականացնող Ստեփան Ծաղիկեանի, Արտաշէս Գէորգեանի, Պետրոս Տէր Պօղոսեանի եւ Զարեհ Մելիք-Շահնազարեանցի վրիժառու գնդակով:
5- Հետեւելով իր կառավարութեան թելադրանքին՝ Զիա Պէյ, 27 Օգոստոս 1915-ին, տուած էր համատարած կոտորածներու իրողութիւնը հերքող յայտարարութիւն մը: Տես այս մասին` Johannes Lepsius, «Der Todesgang des Armenischen Volkes, Bericht uber das Schicksal des armenischen Volkes in der Turkei wahrend des Weltkrieges», 1919, S. 163–165.
6- SE, 284, 6.12.1915.