Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

June 22, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ  ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

ԵԱ. ՄԱՍ

 ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ ԵՒ «ԼԱ ՍԱՆԹԻՆԷԼ» ԹԵՐԹԸ

Քիչ մը վերը արդէն հպանցիկ նշեցինք, որ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու վերաբեր­եալ առաջին տեղեկու­թիւ­­նը կը հաղորդուի արեւմտեան Զուիցերիոյ ընկերվա­րա­կան­ներու «Լա Սանթինէլ» թերթի 6 Օգոստոս 1915-ի թի­ւին մէջ: Տեղեկագրութիւնը կը սկսի հաղորդելով ուղ­ղակի Քսան Կախաղաններու գոյժը, որ Կ.Պոլսոյ մէջ ե­րիտ­թր­քա­կան կառավարութեան կողմէ հրապարակաւ կա­խաղան բարձրացած են Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսա­կցու­թեան անդամներէն քսան անմեղ հայեր` ամբաս­տա­նուե­լով ազատ Հայաստան մը հիմնելու ցանկու­թեան մէջ[1]:

Թերթը միաժամանակ կը տեղեկացնէ, թէ մինչ այդ ո­րոշակի թիւ մը հայ յեղափոխական այլ կուսակցու­թիւն­ներէն, մտաւորականներէն եւ ազգի երեւելիներէն ձեր­բակալուելով` աքսոր­ուած է Թուրքիոյ խորերը` դէպի Գո­նիա, ուր բոլորը սպաննուած կամ «անձնասպան» եղած են: Հետաքրքրական է, որ տեղեկագրութիւնը «suicidés» (անձնասպան ըլլալ) բայը չակերտներու մէջ առած է` ընդ­գծելու համար այս առնչութեամբ թրքական սուտա­կասպաս քարոզչութիւնը:

Եւ այս բոլորը, – կը շարունակէ թերթը, – քրիս­տո­նեաներու հին ջարդարարները, Գեր­մա­նիոյ Վիլհելմ Բ. Կայսեր հովանաւորութեան տակ, ինքզինքնին ամբողջա­պէս ազատ եւ անպա­տասխանատու կը զգան` կրկնելու հա­մար 1894–1896 թուականներու կոտորածները: Միայն Պիթլիսի շրջանին մէջ, բոլոր այրերը ջարդելէ ետք, թուր­քերը 9.000 կանայք, երեխաներ եւ ծերեր հաւաքելով` տա­րած են Տիգրիսի ափը, ուր զանոնք գնդակահարած եւ ապա դիակները նետած են գետը:

Կիլիկիոյ հայութեան դէմ պատահած կոտորածներուն անդրադառնալով` «Լա Սանթինէլ» անգամ մը եւս կը հաս­­տատէ արդէն Յուլիսի կիսուն հաղորդած տեղեկու­թիւ­նը, ո­րուն համա­ձայն 40.000 հայեր սպաննուած են, բնակ­չու­թիւնը ունեցուածքէ կողոպտուած եւ բոկոտն աք­սորուած է դէպի անապատ` հոն անջրդի եւ սովամահ դառնալու հա­մար:

Սակայն հակառակ այս սահմռկեցուցիչ փաստերուն` «Լա Սանթինէլ» լիայոյս է, որ ի վերջոյ արդարութեան ժամը հնչած է եւ Հայաստան կը գտնուի իր ազատա­գրու­թեան ճամբուն վրայ: Վանի եւ շրջակայից հայութիւնը, բոլոր հայ յեղափոխական կուսակցութեանց զօրա­կցու­թեամբ ու ղեկավարութեամբ, զէնք բարձրացնելով` կրցած է ետ մղել իր կեղեքիչները եւ, հինգ դարերու ստոր­նա­ցու­ցիչ ստրկութենէ վերջ, հայոց դրօշը վերստին սկսած է ծա­ծանիլ Հայաստանի ամրոցին վրայ:

Բնականաբար, որքան գնահատելի է թերթին խրա­խու­սիչ լաւատեսութիւնը, դժբախտաբար, սակայն, կը գտնուի իրական ըլլալէ շատ հեռու: Թրքական կանո­նա­ւոր բանակներուն դէմ եւ անհաւասար մարտերու մէջ հե­տըզհետէ պիտի նահանջէր Վանի հայութիւնն ալ` ո­մանք են­թար­կուելով ցեղասպանուող իրենց եղբայր­ներու եւ քոյրերու ճակատագրին, իսկ ուրիշներ իրենց ծննդա­վայ­րէն հեռանալով` դժուարին պայմաններու մէջ ապաստա­նա­րան պիտի գտնէին Արե­ւելեան Հայաս­տանի սահ­ման­նե­րէն ներս:

 

«Լա  Սանթինէլ», թիւ  180, 6 Օգոստոս 1915

Ինքնաբերաբար այստեղ մեր միտքը կը խուժէ ան­լու­ծելի հարցումներու տարափ մը. եթէ չըլլային մեր պատ­մութեան մէջ Վասակ­նե­րը, արդեօ՞ք մեր ժո­ղո­վուր­դը պի­տի ունե­նար աւելի բա­րե­բաս­տիկ ճա­կատագիր մը: Ար­­դեօ՞ք մեր կեանքին փո­թոր­կա­յոյզ ընթացքը պի­տի առ­նէր նուազ դժխեմ ու ա­րիւնալի ուղ­­ղութիւն մը: Այս պարա­գա­յին, եթէ չըլ­­լար Արթիւր Եասեան վատ­անուն հայը, եւ ե­թէ եր­բեք թուրք ոստի­կա­նու­թեան չմատնէր ան Ե­րիտ­­­թուրք պարա­գլուխ­ները` ցե­ղաս­պան Թալէաթնե­րը եւ Էն­վէր­ները վերացնելու Կոս­տանցայի ժո­ղովին ծ­րա­գի­րը, ար­դեօ՞ք կարելի պիտի ըլլար 1914-ին կան­խար­գի­լել չարու­թեան ժահր ստինքէն հա­յու­թեան դէմ դիե­ցուած ո­ճի­րին իրակա­նա­ցումը: Հե­տեւաբար, պի­տի կարե­նա­յի՞նք պահ­­պա­նել մեր դա­րա­ւոր հայրե­նիքը` Ա­րեւմտեան Հայաս­տանն ու չքնաղ Կի­լիկիան:

Արհաւիրք Թուրքիոյ Մէջ. Քսան հայեր կախաղան հանուած են Կ.Պոլսոյ մէջ, հազարաւորներ ջարդուած Հայաստանի մէջ»։ «Լա Սանթինէլ», թիւ 180, 6 Օգոստոս 1915

Հարցադրումները կը մնան ենթադրութիւններու սահ­մանին մէջ, երազները կը փշրուին` բախելով կա­տարուած դառն իրականութեան ժայռին, բայց վառ յոյսը մեր չի՛ մա­րիր երբեք, արդարութեան համար պայ­քարը մեր մէջ պիտի չնահանջէ՛ երբեք, ու պահանջատի­րութիւնը պիտի՛ մնայ մնայուն առանց­քը հայու գոյերթին:

 

[1] Անհաւանական չէ կարծել, որ «Լա Սանթինէլ» թերթի խմբագրութիւնը թերեւս ստացած ըլլալու էր Զուրաբովի կողմէ ստորա­գրուած Հնչակեան Քսան Կա­խա­ղաններու վերաբերեալ յօդուածը: Սակայն զայն ֆրանսերէնի վերածելով ամբողջութեամբ տպե­լու փոխարէն՝ նախընտրած էր բաւարարուիլ ամ­փոփ հա­­ղորդելով կատարուած ոճիրին լուրը, միաժամանակ անոր կցելով հայ ժո­ղովուրդին դէմ թուրք բարբարոսներու իրագործած Եղեռնի եւ Վանի հերոսա­կան ինքնապաշտպանութեան լուրերը: Զուրաբո­վի նշուած յօդուածին հան­գա­մանօրէն պիտի անդրադառնանք յաջորդ էջերուն մէջ:

Previous Post

Slain Journo Khashoggi Covered Afghan Mujahideen With ‘Good Friend’ Osama Bin Laden

Next Post

101 Տարիքին Շիջեցաւ Չերչեան Ընտանիքի Նահապետ՝ Տիգրան Չերչեանը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.