Հինգշաբթի, 24 Յունիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10-֊ին, Պրն. Հրայր Տանձիկեան, ներկայացնելով #WAUHE-ը այցելութիւն մը տուաւ #ՔԱՀԼ Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց, ուր զինք դիմաւորեց ծերանոցի տնօրէն Պատուելի Սեպուհ Թէրզեանը։
# WAUHE, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը գործակցութեամբ #RCBD, Rotary Club Beirut District-ին, երկու OXYGEN Producer մեքենաներ նուիրեց Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոցին։
Պրն. Հրայր Տանձիկեան մեծապէս գնահատեց տնօրէնութեան, աշխատակազմին ճիգը, որուն շնորհիւ ազգային ծերանոցը կը վերածուի սիրոյ ու հոգածութեան կեդրոն մեր հայ մամիկներուն և պապիկներուն։