ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Զ ՄԱՍ
«ԴԱՀԻՃԸ Կ’ԻՇԽԷ» ԵՒ «ԹԱՐՄ ՀՈՂԱԿՈՅՏԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ»
ԽՈՐԱԳՐԵՐՈՎ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐԸ`
«ՊԵՌՆԵՐ ԹԱԿՎԱԽԹ» ԵՒ «ՖՈԼՔՍՐԵԽԹ» ԹԵՐԹԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն վերաբերեալ հրապարակած «Լա Սանթինէլ»-ի տեղեկագրութեան յաջորդ օրն իսկ, 7 Օգոստոս 1915-ին, «Պեռներ Թակվախթ» ընդարձակ յօդուածով[1] մը, որ «Der Henker Herrscht – Դահիճը Կ’իշխէ» խորագիրրը կը կրէ, հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն: Նոյնը առաջնորդող յօդուածի[2] մը հանգամանքով, բայց աւելի ամբողջական տարբերակ մը, կը տպէ «Ֆոլքսրեխթ» իր 13 Օգոստոս 1915 թիւին մէջ: Սակայն Հնչակեան Քսան Կախաղաններու վերաբերեալ այս լայն անդրադարձին «Ֆոլքսրեխթ» կու տայ ուրիշ` աւելի յուզիչ «Vor frischen Gräbern. Zur Hinrichtung zwanzig türkischer[3] Genossen – Թարմ Հողակոյտերուն Առջեւ – Քսան Թրքահպատակ Ընկերներու Սպանութեան» խորագիրը:
Այս զոյգ յօդուածները համեմատելով իրարու հետ` կը հաստատենք, որ առաջինը, այսինքն` «Պեռներ Թակվախթ»-ի տպագրած յօդուածը վերախմբագրուած եւ կրճատուած տարբերակ մըն է խմբագրութեան կողմէ, մինչդեռ «Ֆոլքսրեխթ»-ինը, հակառակ նախորդէն շաբաթ մը աւելի ուշ տպուած ըլլալուն, բնագրին մէջ պահպանած է ամբողջ հատուածներ, որոնք, ինչպէս ըսինք, կը պակսին կամ կրճատուած են առաջինին մէջ:
«Դահիճը Կ’իշխէ»
«Պեռներ Թակվախթ», թիւ 182, 7 Օգոստոս 1915
Վերոյիշեալ «Պեռներ Թակվախթ» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածին հեղինակն է «Arscheff Suracow, der Abgeordnete der 2. Reichsduma – Բ. Պետական Դումայի Պատգամաւոր` Արշեֆֆ Սուրագով»-ը, իսկ «Ֆոլքսրեխթ»-ինը կը կրէ «Surabow, Abgeordneter der II Reichsduma – Բ. Պետական Դումայի Պատգամաւոր` Սուրաբով» ստորագրութիւնը: Հեղինակին ինքնութեան վերաբերեալ կատարած մեր հետազօտութիւնները պարզեցին, որ երկու պարագաներուն ալ խօսքը միեւնոյն անձին մասին է, եւ ուրիշ կերպ չէր ալ կրնար ըլլալ, քանի վերնագրերու տարբերութենէն բացի` յօդուածը իր հիմնական կառոյցին մէջ նոյնն է[4]: Հետեւաբար, Արշեֆֆ Սուրագով կամ Սուրաբով ուրիշ անձ մը չէ, եթէ ոչ մին մեր յեղափոխական պատմութեան մէջ յայտնի գործիչներէն` Ռուսիոյ Բ. Դումայի Թիֆլիսի պատգամաւոր, Մենշեւիկ (փոքրամասնական) կուսակցութեան անդամ Արշակ Գերասիմի Զուրաբովը (Զուրաբեան կամ Զոհրաբեան):
Ո՞վ է վերոյիշեալ յօդուածին հեղինակը եւ ի՞նչ եղած է իր կապը Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն հետ. կ’արժէ համառօտակի անդրադառնալ` իր գրութիւնը վերլուծելէ կամ զայն ներկայացնելէ առաջ:
ՅՕԴՈՒԱԾԻ ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ
Արշակ Գերասիմի Զուրաբով (Զուրաբեան կամ Զոհրաբեան) ծնած է Թիֆլիս 1873-ին, մահացած է Երեւան, հուսկ` թաղուած է Թիֆլիս, 1920 թուականին: Ծագումով ազնուական ընտանիքէ ըլլալով հանդերձ, 1890-ական թուականներուն սկիզբը կը ներգրաւուի յեղափոխական շարժումին մէջ ու կը դառնայ Ռուսիոյ, մասնաւորաբար սակայն Անդրկովկասի յեղափոխական ականաւոր գործիչներէն մին: Բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Խարքովի ճարտարագիտական, ապա` Փեթերպուրկի ինստիտուտներուն մէջ, բայց դուրս կը մնայ թէ՛ առաջին եւ թէ՛ երկրորդ ուսումնական հաստատութիւններէն: Կը մասնագիտանայ լրագրութեան ասպարէզին մէջ[5]: 1899-ի սկիզբը, յեղափոխական գործունէութիւն ծաւալելու մեղադրանքով ան կ’աքսորուի Փեթերպուրկէն, բայց գալով կը հաստատուի Թիֆլիս, ուր կապեր կը հաստատէ Ստ. Շահումեանի, Բ. Կնունեանցի, ինչպէս նաեւ այլ յեղափոխական գործիչներու հետ, ու համագործակցելով անոնց հետ` 1902-ին կը հիմնէ «Հայ Սոցիալ-Դեմոկրատներու Միութիւն»-ը եւ անոր տպագիր «Պրոլետարիատ» պաշտօնաթերթը[6]:
Արշակ Գերասիմի Զուրաբով ( Զուրաբեան կամ Զոհրաբեան) 1873-1920
Արշակ Զուրաբով կը դառնայ անդամ Ռուսիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատական Բանուորական Կուսակցութեան (ՌՍԴԲԿ) եւ բոլշեւիկեան խմբաւորումին կողմէ կը ներկայանայ որպէս պատգամաւոր 1903 թուականին գումարուած ՌՍԴԲԿ երկրորդ համագումարին: Դեռեւս սոյն համագումարի կայացումէն առաջ, ան անձամբ կը ծանօթանայ Վ. Ի. Լենինի հետ ու կը կատարէ անոր շարք մը յանձնարարականները[7]: Ապօրինի գրականութիւն ունենալու պատճառով` անոր կ’արգիլուի բնակութիւն հաստատել Կովկասի մէջ, կ’արտաքսուի Աստրախան` մինչեւ 1904 թուականը: Նոյն տարին ան կը գործուղուի Թաշքենթ, ուր կը խմբագրէ «Новый путь» եւ «Работник» թերթերը: 1905-ին կրկին կը կալանաւորուի: Թիֆլիս վերադառնալէ ետք, հայերէն լեզուով կը հրատարակէ սոցիալ-դեմոկրատներու «Հոսանք» թերթը, նաեւ կը թղթակցի «Տարազ» ամսագրին: 1906 թուականէն սկսեալ կը յարի Մենշեւիկներուն (փոքրամասնականներ) եւ կը դառնայ Ռուսական Բ. Պետական Դումայի անդամ[8]: 1917 թուականի Փետրուարեան Յեղափոխութենէն ետք, Ապրիլին, Արշակ Զուրաբով կը վերադառնայ Ռուսիա եւ կը մտնէ բանուորի եւ զինուորի պատգամաւորներու Փեթրոկրատի սովետի կազմին մէջ: 1917 թուականի Հոկտեմբերեան Յեղափոխութենէն ետք կ’ընտրուի Սահմանադիր Ժողովի պատգամաւոր, իսկ անոր ցրւումէն վերջ` 1918-ի սկիզբը, կը վերադառնայ Թիֆլիս: Ան կը համարուի հայ սոցիալ-դեմոկրատ ինտերնացիոնալիստներու պատկառելի ղեկավարներէն մին:
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման շրջանին` 1918 թուականի Մայիսի վերջը, գերմանական օժանդակութիւն ստանալու յոյսով Հայոց Ազգային Խորհուրդը դաշնակցական Համօ Օհանջանեանն ու սոցիալ-դեմոկրատ Արշակ Զուրաբովը կ’ուղարկէ Պերլին[9], առաջադրելով գերմանացիներու օժանդակութեամբ ազդել թուրքերու վրայ` ընդլայնելու համար Հայաստանի սահմանները: Համօ Օհանջանեան եւ Արշակ Զուրաբով Պերլինի եւ Վիեննայի մէջ կը բանակցին գերմանական եւ աւստրիական իշխանութիւններուն հետ: 1918 թուականի Սեպտեմբերին անոնք Պերլինի մէջ կը հանդիպին այդ օրերուն այնտեղ ժամանած Թուրքիոյ վարչապետ (մեծ վէզիր) Թալէաթ փաշային եւ կը քննարկեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու ընդարձակման հարցը:
1918 թուականի Օգոստոսին, Համօ Օհանջանեան Պերլինէն կը մեկնի Վիեննա` աւստրօ-հունգարական իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ վարելու նպատակով, իսկ Արշակ Զուրաբով կը շարունակէ մնալ Պերլին, ուր հանդիպումներ կ’ունենայ գերմանական իշխանութիւններուն, նաեւ Պերլին գտնուող Խորհրդային Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Ա. Իոֆֆէի հետ: Արշակ Զուրաբով ունէր այն կարծիքը, որ Խորհրդային Ռուսիոյ կողմէ 1918 թուականի Օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը չճանչնալու փաստը կրնար աւելի օգտակար դառնալ հայերուն, քանի որ այդպէս հայերը կրկին կապուած պիտի մնային Ռուսիոյ` մտնելով անոր հովանաւորութեան եւ պաշտպանութեան տակ: Արշակ Զուրաբովի այս մօտեցումը կը հակասէր ՀՀ կառավարութեան եւ իշխող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեսակէտին, որուն համար ալ ան կը նախազգուշացուի Կ.Պոլիս գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանդր Խատիսեանի կողմէ:
Արշակ Ջամալեան իր յուշերուն մէջ («Հայ-Վրացական Կնճիռը») կը վկայէ, որ 1918 թուականին, վրաց-հայկական պատերազմի շրջանին, երբ Վրաստանի մէջ հայեր յաճախ միայն ազգային պատկանելիութեան համար կը հալածուէին, Թիֆլիսի նահանգապետը խումբ մը յայտնի հայերու շարքին նաեւ Արշակ Զուրաբովին անցաթուղթ կու տայ, որ ան, իբրեւ հայ, իրաւունք ունենայ անկաշկանդ երթեւեկելու Թիֆլիսի մէջ եւ ազատիլ ձերբակալութենէ: Զուրաբով իրեն տրուած այս անցաթուղթը կը վերադարձնէ վրացական կառավարութեան` դատապարտելով անոր վարմունքը եւ միաժամանակ յայտարարելով, որ ինք պատրաստ է կիսելու հայ ժողովուրդին ճակատագիրը, միեւնոյն է, որքան ալ որ ան ծանր ըլլայ իրեն համար:
1919 թուականին, Արշակ Զուրաբով կը տեղափոխուի Երեւան, ուր եւ 1920 թուականի 6 Յունուարին կը կնքէ իր մահկանացուն` «բծաւոր տիֆ» հիւանդութեան պատճառով:
Անդրադառնալով Զուրաբովի Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն հետ ունեցած կապին` մեծ հաւանականութեամբ պիտի ըսենք, որ այդ եղած ըլլալու էր սերտ բարեկամութիւնը իր եւ հնչակեան «Կայծ» թերթի խմբագիր Գեղամ Վանիկեանի միջեւ: Վանիկեան «Կայծ» թերթին մէջ Քարլ Մարքսի մահուան 30-ամեակին առթիւ ստորագրած էր յօդուած[10] մը, որուն ընդմէջէն կը վերլուծէր այն համոզումը, թէ հայութեան կալուածէն ներս Մարքսիզմը իր լայն տարածումը ունեցած էր հնչակեան քարոզչութեան շնորհիւ: Վանիկեանի սոյն գրութեան երկարաշունչ նամակով[11] մը կը պատասխանէր Զուրաբով` հակասելով Վանիկեանի արծարծած ինչ-ինչ հայեցակէտերուն: Վանիկեան մեծահոգութիւնը կ’ունենար «Կայծ»-ի մէջ ամբողջութեամբ տպագրելու Զուրաբովի վերոյիշեալ նամակը, բայց չէր զլանար «Կայծ»-ի յաջորդական երեք թիւերուն մէջ «Սօցիալ-Դեմօկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը[12]» խորագիրը կրող յօդուածաշարքով անդրադառնալու Զուրաբովի գրութեան` վերստին լուսաբանելով եւ խորացնելով իր առաջին յօդուածին մէջ արծարծած մտքերը:
Արշակ Զուրաբովի ինքնութեան վերաբերեալ վերոյիշեալ «Երկրորդ Դումա» խորագրով յօդուածին[13] մէջ հեղինակը կը հաղորդէ, թէ «Ապրիլ 16-ին, (Զուրաբովը) ելոյթ ունենալով նորակոչիկների բանակին նուիրուած (Դումայի) փակ նիստում, յայտարարել է. ‘Բանակը շատ լաւ կը կռուի մեզ հետ ու կը քշի ձեզ, պարոնայք, եւ կը պարտուի արեւելքում’»: Այս ելոյթն աջերը դիմաւորեցին «Ռուսաստանը վիրաւորուած է, բանակը վիրաւորուած է, դո՛ւրս արէք դրան» բացագանչութիւններով[14]: Արդարեւ, Զուրաբովի նման արտայայտութիւնը ռուսական բանակի հասցէին կ’ընկալուի իբրեւ ծանր վիրաւորանք մը, հետեւաբար 17 Ապրիլին Դումայի նախագահը կը ստիպուի Զուրաբովի ելոյթին համար Դումայի անունով ներողութիւն խնդրել ռազմական նախարարէն: Իսկ «Յունիս 3-ին` Դուման ցրելու[15] եւ նոր ընտրական իրաւունքի վերաբերեալ մանիֆեստի հրապարակման օրը, սոցիալ դեմոկրատների խմբակցութեան անդամները կալանաւորուեցին ու աքսորուեցին տաժանավայր: Բնականաբար, նրանց թւում էր նաեւ Զուրաբովը»[16]:
Հակառակ այս եզրակացութեան, Երեւան հրատարակուած «Յառաջ»[17] թերթի 6 Յունուար 1920 թիւին մէջ Արշակ Զուրաբովի մահուան կապակցութեամբ տպագրուած մահախօսականէն, իսկ աւելի ուշ` այս յեղափոխական ականաւոր գործիչի մահուան 45-ամեակին նուիրուած «Սովետական Հայաստան» թերթի 5 Յունուար 1965 թիւին մէջ Փրոֆ. Գէորգ Ղարիբջանեանի հրապարակած յօդուածէն[18] հաւաստի կը տեղեկանանք, որ Արշակ Զուրաբովը, այո, կալանաւորուելով տաժանավայր աքսորուած է, սակայն փաստօրէն կրցած է Սիպերիայէն փախուստի դիմել եւ ապաստանիլ նախ Կ.Պոլիս, ապա` Եւրոպա: Կ.Պոլիս կեցութեան շրջանին ան սերտ կապեր հաստատած եւ համագործակցած է Հնչակեան Կուսակցութեան հետ: Ահաւասիկ մեր նիւթին առնչութեամբ այն արժէքաւոր տեղեկութիւնները, զորս կը քաղենք իր վերոյիշեալ մահախօսականէն. «Իբրեւ գործօն անդամը Ռուս[աստանի] Սօց[իալ] Դեմ[ոկրատական] Բանւ[որական] կուսակցութեան` նա գտնուել է այդ կուսակցութեան առաջին շարքերում, խաղացել է կարեւոր դեր եւ, իբրեւ այդպիսին, ընտրուել Պետական Դումայի անդամ, որտեղ նա (Արշակ Զուրաբովը) արտասանեց ժամանակին այնքան աղմուկ հանած իր այդ ճառը ռուս զօրքի դէմ: Բռնապետութեան ճանկերից ազատուելու համար նա շուտով անցաւ Տաճկաստան, ապա Եւրոպա: Պոլսում գործում էր Հնչակեանների հետ, գրելով նրանց թերթերում[19] եւ կարդալով դասախօսութիւններ»[20]:
Արդարեւ, Արշակ Զուրաբով 1915 թուականի Յունիսին մեծ հաւանականութեամբ կը գտնուէր Եւրոպա: Հայկական աղբիւրներէ ան ստոյգ տեղեկացած էր Երիտթուրք կառավարութեան հայոց դէմ իրագործած համատարած կոտորածներուն, ազգի ընտրանիի եւ հայ մտաւորականութեան դէմ սանձազերծուած ձերբակալութիւններուն, ինչպէս նաեւ աքսորներուն մասին: Անմիջականօրէն հետեւած էր Հնչակեան Քսաններու դատավարութեան եւ, ի վերջոյ, օսմանեան ռազմական ատեանին կողմէ կախաղանի մահուան դատապարտուելու եղելութեան, ուստի ցաւի եւ ցասումի, ընդվզումի ու բողոքի իր արդար ձայնը բարձրացուցած էր ակնարկուած այդ կուռ յօդուածով, որ լայն արձագանգ գտած էր Զուիցերիոյ ընկերվարական, նաեւ իտալական մամուլի էջերուն մէջ:
Անշուշտ պիտի չզարմանյինք, եթէ յօդուածին բնագիրը ըլլար շարադրուած ռուսերէն լեզուով, եւ թերեւս ալ տպագրուած ռուս ընկերվարական թերթերուն մէջ, որոնցմէ թարգմանաբար արտատպած ըլլար զուիցերիական մամուլը: Սոյնը ընդամէնը ենթադրութիւն մըն է: Բայց շատ աւելի հաւանական է համոզուած ըլլալ այն փաստով, որ Զուրաբով Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն վերաբերեալ իր յօդուածը ուղղակի շարադրած ըլլար գերմաներէն լեզուով` փոխանցելով զայն Զուիցերիոյ ընկերվարական մամուլին` հրատարակելու նպատակով: Անհաւանական չէ կարծել, թէ Զուրաբով պահ մը գտնուէր նաեւ Զուիցերիա[21], այլապէս` Գերմանիա, ուր Թուրքիոյ հետ ռազմական դաշնակցութեան եւ համապատասխան գրաքննութեան պատճառով տեղւոյն թերթերուն մէջ անկարելի կը դարձնէր նման յօդուածի մը հրապարակումը, ուստի զայն կը տրամադրէր չէզոք երկրի մը պայմաններուն մէջ խօսքի ազատութիւն վայելող Զուիցերիոյ ընկերվարական մամուլին:
Զուրաբովի կենսագրութեան վերաբերեալ տուեալներու ժլատութեան պատճառով մեզի, առ այժմ, կարելի չեղաւ համապատասխան վկայութիւններով հաստատել իր ստացած գերմանական կրթութեան կամ գերմաներէն լեզուին քաջատեղեակ ըլլալու մասին: Բայց նկատի ունենալով, որ հակառակ իր համոզումներով հակադաշնակցական[22] մը ըլլալուն, ինչպէս այս մասին կը վկայէ նաեւ «Յառաջ»-ի մէջ տպագրուած իր մահախօսականը, Հայոց Ազգային Խորհուրդը 1918-ին Համօ Օհանջանեանին հետ ուղղակի զինք նշանակած էր դիմելու գերմանական եւ աւստրիական կառավարութեանց հեղինակաւոր մարմիններուն` Հայկական Հարցով բանակցութիւններ վարելու նպատակով: Ուստի միանգամայն տրամաբանական կը թուի, որ Արշակ Զուրաբով հայերէնին, վրացերէնին, ռուսերէնին հետ կը տիրապետէր նաեւ գերմաներէն լեզուին:
Հիմնուելով «Պեռներ Թակվախթ» թերթի յայտարարութեան վրայ, ուր կ’ըսուի թէ «Բ. Դումայի պատգամաւոր Արշեֆֆ Սուրաքով մեզի կը գրէ», աւելի հաւանական կը դարձնէ ենթադրելը, որ ան իր սոյն յօդուածը առաքած է մէկէ աւելի թերթերու: Նկատի ունենալով նաեւ այն փաստը, որ «Ֆոլքսրեխթ» շաբաթ մը ետք կը հրատարակէր նոյն յօդուածը, ի դէպ ամբողջական տարբերակով, ուստի չէր կրնար ըլլալ «Պեռներ Թակվախթ»-էն վերցուած արտատպում մը:
Առաջին հարցադրումն այստեղ, որ մեր մտքին մէջ կը յառաջանայ, այն է, թէ ինչո՞ւ համար Զուիցերիոյ թերթերը մէկ եւ նոյն յօդուածը տպագրած են տարբեր վերնագրերով: Բնականաբար, հեղինակին ձեռագիրը մեր տրամադրութեան տակ չունենալու պատճառով գրեթէ անկարելի կը դառնայ վերահաստատել բնագրային բուն վերնագիրը, այլապէս ստիպուած պիտի ըլլանք հաւանական ենթադրութիւններ ընել` ըսելով, թէ գուցէ հեղինակը ինքն իր յօդուածին տուած է երկու կամ մէկէ աւելի վերնագրեր` առաքելով զանոնք տարբեր հասցէներու, եւ կամ նշուած թերթերուն խմբագրութիւնները, մեկնելով յօդուածին բովանդակութենէն, իրաւունք վերապահած են տալու անոր համապատասխան վերնագիր մը: Այնպէս կը թուի, թէ ենթախորագիրը` «Քսան Թրքահպատակ Ընկերներու Սպանութեան [Առթիւ]», հեղինակին կողմէ տրուած ըլլայ իբրեւ ընդհանուր վերնագիր մը, բայց նկատի ունենալով, որ նշուած թերթերու ընթերցողներու շրջանակները ֆրանսախօս Զուիցերիոյ, գերմանախօս Պեռնի եւ Ցիւրիխի մէջ տարբեր են, իսկ «Ֆոլքսրեխթ»-ի յօդուածն ալ ստոյգ «Պեռներ Թակվախթ»-էն եղած արտատպում մըն էր, խմբագրական իրաւունքով յարմար տեսնուած է աւելցընելու այլ վերնագիր մը` ընթերցողին մօտ կրկնութեան կամ արտատպումի մը տպաւորութիւնը չփոխանցելու նըպատակով: Բոլոր պարագաներուն, սոյնը այնքան ալ հետաքրքրական հարց մը չէ, որքան ամբողջ յօդուածին տպագրուելու փաստը եւ մեզի համար ներկայացող իր բովանդակութեան կարեւորութիւնը` Հնչակեան Քսան Կախաղաններու եղելութենէն շուրջ հարիւր տարի ետք:
1- Տե՛ս, BT, 182, 7.08.1915.
2- Տե՛ս, VR, 187, 13.08.1915.
3-Պէտք է նկատի ունենալ, որ այստեղ «turkisch» բացատրութիւնը անպայման ազգութեամբ «թուրք» չի նշանակեր, այլ` թրքահպատակ, ինչպէս ջանացինք թարգմանել: Նման եզրը գերմաներէնի մէջ յաճախ նկատի ունի անձին ապրած երկիրը կամ հպատակութիւնը եւ ոչ անպայման ազգային ծագումը:
4- Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի անտիպ մէկ աշխատութենէն տեղեկացանք, որ նմանատիպ յօդուած մըն ալ «Քսան Հայ Սոցիալիստներու [Կախաղանի Վրայ] Կախուիլը Թուրքիոյ Մէջ» խորագրով լոյս տեսած է Իտալիոյ ընկերվարական «Avanti» թերթի 16 Օգոստոս 1915-ի թիւին մէջ: Այս մասին տե՛ս նաեւ Aliprandi, Emanuele, «1915, Cronaca di un Genocido: La tragedia degli armeni raccontata dai giornali italiani dell’epoca», Roma, 2009, p. 72ff.։ Ծանօթանալով նշուած թերթի յօդուածին եւ զայն համեմատելով Զուիցերիոյ մամուլին մէջ տպագրուածներուն հետ՝ ստոյգ կրնանք ըսել, որ խմբագրութեան կողմէ կատարուած քանի մը լուսաբանումներէն բացի, Հնչակեան Քսան Կախաղաններու մասին հրատարակուածը «Պեռներ Թակվախթ»-էն կատարուած Բ. Դումայի անդամ Arsceff Suracoff-ի ստորագրած նոյն յօդուածին մէկ արտատպութիւնն է: Այս առնչութեամբ «Avanti» թերթի խմբագրութիւնը դիտել կու տայ, որ նշուած լուրը կուսակցական ընկերոջ մը կողմէ ստացուած է Ցիւրիխէն: Բ. Դումայի պատգամաւոր Arceff Suracoff (sic!), որ սերտ կապ ունեցած է կախաղանի մահուան ենթարկուած սոցիալիստ ընկերներուն հետ, խիստ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը հաղորդէ իր ստորեւ տպագրուած յօդուածին մէջ: Այս մասին պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ:
5-Զուրաբով Արշակ Գերասիմի մասին «Երկրորդ Դումա» խորագրով հրապարակուած է շահեկան յօդուած մը համացանցային հետեւեալ կայքէջին մէջ. http://archive.ankakh.com/2010/09/54792/:
6- Հմմտ., Ղարիբջանյան, Գ., «Արշակ Զուրաբյան, Մահվան 45-Ամյակին Առթիվ», «Սովետական Հայաստան», Երեւան, 5 Յունուար 1965:
7- Արշակ Զուրաբով յեղափոխական գաղտնի գործունէութեան մէջ նաեւ օգտագործած է «Ռաշիդ-Բէկ» կեղծանունը: Այս մասին տե՛ս Արշակ Զուրաբեանի մասին Գէորգ Ղարիբջանեանի վերոյիշեալ յօդուածը:
8-Տե՛ս այս մասին «Երկրորդ Դումա» խորագրով վերոյիշեալ յօդուածը:
9- 1918 թուականին Պերլինի մէջ Համօ Օհանջանեանի եւ Արշակ Զուրաբեանի` գերմանական արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկած զեկուցագրերուն մէկ մասը հրատարակուած է Johannes Lepsius, Deutschland und Armenien (1914–1918), Sammlung diplomatischer Aktenstuke, Potsdam, 1919 գիրքին մէջ:
10- Վանիկեան, Գ., «Մարքսիզմը Հայ Կեանքին Մէջ», «Կայծ», Ապրիլ-Մայիս, 1913, էջ 324-333:
11-Զոհրաբեան, Ա., «Մարքսիզմը Հայ Կեանքին Մէջ Յօդուածին Առթիւ (նամակ խմբագրութեան)», «Կայծ», Յունիս, 1913, էջ 345-359:
12- Վանիկ, «Սօցիալ-Դեմօկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը», «Կայծ», Յուլիս, 1913, էջ 9-21, Օգոստոս, էջ 33-40, Սեպտեմբեր, էջ 68-75: Սոյնը տե՛ս նաեւ` Արսէն Կիտուր, «Սրբագրեցէք Յանուն Արդարութեան», Պէյրութ, 1956, 46-116: Այստեղ եւս պարտք կը զգանք երախտագիտական մեր զգացումները յայտնելու Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին` նշուած յօդուածները մեր տրամադրութեան փոխանցելուն համար:
13- Տե՛ս վերը յղում թիւ 5, Զուրաբովի մասին` «Երկրորդ Դումա» յօդուածը:
14- Տե՛ս նոյնը:
15- Ռուսական Բ. Դումայի ցրւումը տեղի կ’ունենայ 1907 թուականին, որուն կը հետեւի նոր ընտրական իրաւունքի մը դրուածքը: Սոյնը մեծապէս կը սահմանափակէ հողազուրկ գիւղացիութեան եւ կայսրութեան մէջ ոչ-ռուսական փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները:
16-Նոյնը:
17- Տե՛ս, «Մահախօսական` Արշակ Զոհրաբեան», «Յառաջ», Երեւան, 6 Յունուար 1920:
18- Տե՛ս, Ղարիբջանյան, Գ., նոյն տեղը:
19- Բացի «Կայծ» թերթէն, Ա. Զուրաբով «Հնչակ»-ի մէջ Արշակ Զոհրաբեան եւ Ա. Զոհրաբեան ստորագրութիւններով հրատարակած է զոյգ մը յօդուածներ` «Հայկական Դատը Եւ Տաճկահայաստանի Սոցիալիստների Հերթական Խնդիրները» (Մայիս 1913) եւ «Դէպի Յեղափոխութիւն» (Մայիս 1914):
20- Հմմտ. նոյնը:
21-1915 թուականի Փետրուար 14-19-ին, Լենինի գլխաւորութեամբ, Պեռնի մէջ գումարուած է բոլշեւիկներու արտասահմանեան բաժանմունքներու համաժողովը (ՌՍԴԲԿ): Անհաւանական չէ ենթադրել, որ Ա. Զուրաբով ալ մասնակցած ըլլար այս համաժողովին եւ այս առթիւ, թերեւս մինչեւ խնդրոյ առարկայ յօդուածի հրապա-րակուիլը, գտնուած ըլլայ Զուիցերիոյ մէջ: Այս մասին, առ այժմ, դժբախտաբար, մեզի կը պակսին աւելի ճշգրիտ տեղեկութիւններ: Տե՛ս, «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան», «Բեռնի Կոնֆերանս (ՌՍԴԲԿ)», Բ, Երեւան, 1976, էջ 406:
22- Տե՛ս, «Յառաջ», 1920: