Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԱԶԱՀԱԶԱՆԳՈՂ ՀԱՐՑՈՒՄԸ. ՆԻԿՈԼԻԶՄԸ ԿԱՄ ՔՈՉԱՐԻԶՄԸ ԿՐՆԱ՞Յ ՂԵԿԱՎԱՐԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

June 26, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԵՒ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՆԵՐՈՒ ԵՒ… ԱՌԱՆՁՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Յիշելո՛ւ եւ յիշուելո՛ւ է.

Ռոպերթ Քոչարեանը, իր նախագահութեան առաջին ամիսներուն, ծով խոստումներով «խեղդամահ» ըրաւ հայաստանցին, լաւագոյն կեանք մը ապահովելու անոր, ամենէն ձեռնտու պայմաններով եւ յուսատու ապագայով։

Ո՞վ կրնայ մոռնալ անոր ինչ որ տեղ հեգնական արտայայտութիւններուն մեծ մասը, որ կ’ուրուագծուէր անոր դէմքին վրայ, տեսանելի եւ անտեսանելի շարժերով, որոնք արդէն կը յուշէին, անբնականութիւն մը եւ արհեստականութիւն մը։

Հայաստանցին չգիտցաւ որ, ի դէմս այս նախագահին, ինք կը գտնուի, մեղմ ըսած, նկարագիրի մը, գործիչի մը դիմացը, որուն լիարժէքութիւնը փաստելու համար, ժամանակ պէտք էր եւ ոչ այնքան երկա՜ր։

Պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանի պայմանները տակաւին մութ էին, խաւարապատ, որովհետեւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, ո՛չ մեսիա էր, ո՛չ ալ փրկիչ, շուրջ ութը տարուան ընթացքին, Հայաստանը դուրս բերելու իր փապուղիէն եւ շուտով ժողովուրդին պարգեւելու արժանապատիւ կեանք, մինչ Արցախեան թղթածրարը կը մնար բաց, անլոյծ, ինչ որ ժամանակներն ալ այդ ցոյց տուին։

Քոչարեանը, որ զիկզակներով եկած ու բազմած էր Հայաստանի նախագահական աթոռին, շատ լաւ տիրապետած ըլլալով կացութեան խաղաոճէն օգտուելու ոլորապտոյտներէն, պահը յարմար գտաւ երկրին ամբողջ ղեկը իր ձեռքը վերցնելու, ոտնակոխելով բոլոր նուիրականութիւնները, չէզոքացնելով ընդդիմադիրները, բռնաբարելով ազատութիւնները, հալածելով ընդդիմախօսները, անկիւնաւորելով մրցակիցները, անշքացնելով հեղինակութիւնները, մանաւանդ 27 Հոկտեմբեր 1999ի խորհրդարանական սպանդի լոյսին տակ, երբ ինքզինք նկատեց միանձնեայ… ներոն մը։

Աւելի աչքառուն այն էր, երբ Քոչարեան շահագործեց ժողովուրդին բարեմտութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ ընդհանրապէս սպասողականութիւնը, զայն լռեցնելու, ապա, ամենէն վտանգաւորը, ուռուցիկ կարգախօսներով, կեղծ լոզունքներով եւ ստայօդ նշանաբաններով զայն… խաբելով։

Բազմաթիւ են այդ «պըլըֆ»ները, բայց, կ’արժէ արձանագրել գոնէ երկուքը.

Ա. «ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՍ Է»

Առաջին հայեացքով, խիստ ուշագրաւ եւ յիշարժան արտայայտութիւն մը, որ կը խօսի ժողովուրդի սիրտին, անցնող շուրջ տասնամեակին ապրած ըլլալով ամբողջ դառնութիւններու շարան մը։

Այո՛, երբ նախագահ մըն է զայն արտասանողը, յականէ-անուանէ, արձագանգները պիտի ըլլան դրական ու քաջալերական, առանց անդրադառնալու, որ ատիկա Քոչարեանական պարզագոյն շրթնամարզանք մըն էր, յետագային, նոր զարգացումներու ու հոլովոյթներու բերմամբ, դառնալու համար տհաճ ու սրտխառնուք պատճառող ծամոց մը։

Արդարեւ, ժողովուրդը ե՞րբ զգաց, որ Արցախէն «արտահանուած» ու Հայաստան «ներածուած» Քոչարեան մը (այս ալ Տէր Պետրոսեանական… խակութիւն մը), պիտի կարենար իր ժողովուրդին «կրողը» դառնալ ու զայն «փրկող»ը (ներկայիս եւս, այդ հոգեբանութեամբ ու տրամաբանութեամբ, փորձելով նոր «օյին» մը խաղալ ժողովուրդի գլխուն)։

Հետեւաբար, ան ոչ միայն չզգաց, այլեւ պահ մ’իսկ չկրցաւ վայելել այդ կարգախօսին բարիքները, ընդհակառակը, հետզհետէ սկսաւ անդրադառնալ, որ «մի բան իր տեղում չէ»։

Բ. «ԳԱՐՆԱՆ 40-ՀԱԶԱՐՆՈՑ ԱՇԽԱՏԱՏԵՂԵՐՈՎ ՊԻՏԻ ՕԺՏՈՒԻ ԱՍՊԱՐԷԶԱՅԻՆ ՄԱՐԶԸ»

Հոյակապ եւ ոգեւորող կոչ մը, որ ժողովուրդին համար ողջունելի էր, արտագաղթի չդիմելու կամ ապագան չփնտռելու այլուր, գործազրկութենէն խուսափելու ու ճնշող տնտեսութեան գերին չդառնալու համար։

Սակայն, ո՞վ վայելեց այդ «անվայել» յայտարարութենէն ծնունդ առած առաւելութիւնները, որովհետեւ ատոնք մնացին օդային փուչիկներ ու պղպջակներ, մինչ ժողովուրդը ապրեցաւ նոր յուսախաբութիւն ու հիասթափութիւն, իսկ նախագահը ոչ միայն անտեսեց այդ պահանջքները, այլեւ քմծիծաղով վերաբերուեցաւ անոր հետ, որովհետեւ՝ իրեն համար առաջնահերթութիւնը այդ չէր, ոչ ժողովուրդին իրաւունքները, ոչ ալ յարգել անոր արժանապատուութիւնը։

Այդուհանդերձ, ժողովուրդէն մաս մը շարունակեց հաւատալ (կամ ուզեց հաւատալ), որ այդ նորօրեայ նախագահը, իր «արծիւաթեւերով եւ առիւծաթաթերով» կրնայ հայրենիքը դուրս բերել իր անկումէն, բայց, ընդհուպ, կողմնակիօրէն զգալով, որ՝ ո՛չ, այդ յոյսերը այլեւս յումպտէս վատնումներ են, այնքան ատեն, որ բռնութիւնները սաստկացած են, արտահոսքը շարունակուած, անգործութիւնը՝ աճած եւ, առ հասարակ,լաւատեսութիւնը եւ մխիթարութիւնը՝ պակսած։

Բոլոր անոնք, որոնք տակաւին կը կարծեն, որ Քոչարեանական օրերը աւելի լաւ (՞) էին, ատոնք պարզապէս «ոչխարներ» էին (եւ են), ինչպէս վերջին ընտրական հարցազրոյցներուն ընթացքին, դիտորդ մը դիպուկ կերպով բնորոշեց։

Իրաւամբ, եթէ համեմատութիւն պիտի կատարուի, առաջին նախագահութենէն երկրորդի անցումի շրջանին հետ, այդպէս մտածողներ կրնան ըլլալ, բայց, «երկար շունչ»ի վրայ, ատոնք կրնա՞ն համապատասխանել ճշմարտութեան, երբ յատենի գործող իշխանութեան վերջի՜ն հոգն էր, թէ երկիրը ո՜ւր կ’երթար եւ ժողովուրդը ինչպէ՜ս կ’ապրէր։

Իսկ Քոչարեան փոխանակ երթալով դէպի ժողովուրդին բազկերակը եւ անոր ունկ դառնալու սահմանադրական պարտաւորութիւնը, դարձաւ աւելի բիրտ ու հատու, ընդ որուն՝ ոճիրներու ալիքին (1 մարտի դէպքեր, սրճարանային ոճրարարք, եւ բազմաթիւ այլ օրինակներ…) տուրք տալով, կարծես դիմացը գտնուողը (մեղա՜յ) նախիր էր, չմտահոգուելով նոյնիսկ հայութեան արտագաղթով, առիթով մը նաեւ ըսած ըլլալով, որ Հայաստանը թող բոլորին համար նկատուի… հիւրանոց մը։

Առաւել կամ նուազ, ա՛յս էր երէկուան Քոչարեանական ժամանակաշրջանը, ուր թալանը, շահագործումը, կաշառքը, կրծօնութիւնը ամենուրէք էին, առանց զսպուածութեան կամ կանխարգիլման, որովհետեւ՝ «ձուկը ոչ թէ գլխէն հոտած էր», այլ… բոլորովին։

***

Ատենէ մը ի վեր, յատկապէս խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակը մօտալուտ ըլլալով, ընտրական պայքարը թեժ է, այժմ՝ կազմակերպչական ու նախապատրաստական առումներով, բայց, շուտով, նաեւ առճակատային բուռն մրցակցութիւններով։

Կասկած չկայ, հայաստանցին կամ ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացին, յոգնած է այն բեւեռներէն, ճնշումներէն, հալածանքներէն ու զրկանքներէն, որոնց ենթարկուած է ան, բայց, մթնոլորտը, անխուսափելիօրէն, «ընտրական» է, իր դրական թէ ժխտական, սպիտակ թէ սեւ երանգներով։

Հետեւապէս, քաղաքացիենրուն ջախջախիչ մեծամասնութեան մօտ չկայ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ տեսակէտ մը ընտրութեան եւ ընտրուողներու նկատմամբ, (անհատ, դաշինք, կուսակցութիւն), քանի որ ապականուած ու խաթարուած կարգավիճակ մը կայ, ուր քաղաքացին շուար վիճակ մը կ’ապրի, մանաւանդ՝ երբ կը տեսնուին խայտաբղէտ այլանդակութիւնները թեկնածու կողմերուն, ինչպէս՝

– Երէկուան (կամ հիներուն) անդուլ փորձերը վերադառնալու իշխանութեան, երբ անոնք միայն աղէտ բերին Հայաստանին ու հայաստանցիին։

– Այսօրուան իշխանութեան անյագ ախորժակները պահելու իր աթոռներն ու դիրքերը, երբ յուսախաբութեան մատնեց իր հետեւորդները եւ համակիրները։

Նախընտրական այս անհամ «քոքթէլ»ը համալրուած սահմանային խախտումներով ու միջադէպերով, դրացի թէ հեռաւոր միջպետական ու դաշնակից տարրերով, արդէն ստեղծած է տագնապալի նոր կացութիւն մը, սարսափի մատնելով ժողովուրդը, որ առանց այդ ալ կ’ապրի խոր ճգնաժամ մը, 44-օրեայ պատերազմի լոյսին տակ։

Այդուհանդերձ, պայքարը բոլոր մակարդակներու վրայ, լաւատեսութիւն ներշնչելու նուազագոյն նշոյլն իսկ ցոյց չի տար, որովհետեւ ամէն երդիքէ խռպոտ ձայն մը կը հնչէ, ամէն կտուրէ խժալուր աղմուկ մը կը լսուի։

Ուղղակի ցաւալի եւ ողբալի է, միանգամա՛յն, որ ժողովուրդը մոլոր-մոլար վիճակ մը կը ներկայացնէ, երբ չի գիտեր որո՞ւն պիտի վստահի կամ որո՞ւն պիտի ընտրէ կամ որո՞ւն վրայ գրաւ պիտի դնէ։

Իսկ այս իրադրութիւնը շատ աւելի մտահոգիչ ու սահմռկեցուցիչ է, քանի որ թեկնածուներուն մեծամասնութիւնը նախկին վարչախումբերու ներկայացուցիչներէն ու պարագլուխներէն է, որոնց ոչ միայն վատահամբաւութիւնը եւ անժողովրդականութիւնը ակնյայտ են, այլեւ՝ իրենց բերած վնասները անսահման եւ անչափելի, պետութիւնը թալանելով, ժողովուրդը աղքատացնելով եւ բնակչութիւնը հայաթափելով։

Եթէ Նիկոլ Փաշինեանը, 2018-ին շռնդալից եւ աղմկայարոյց արագութեամբ «նուաճեց» ամէն ինչ, պատճառը իր անփոխարինելիութիւնը չէր, այլ նախկիններէն զզուանքը, ատելութիւնը, վայրկեան մը առաջ անոնցմէ ձերբազատուիլը, սակայն իր անփորձառութեամբ, անկազմակերպուածութեամբ, անպատրաստութեամբ եւ երբեմն ալ տհասութեամբ, ի վիճակի չեղաւ այդ «պարապը լեցնել»ու։

Հոս է, որ պետութիւնը ու ժողովուրդը կորզած ու կողոպտած «գիշատիչ»ները, դարձեալ հրապարակները ողողեցին, քանի իրենց աւարներու եւ ոճիրներու հաշուոյն ո՛չ պատժամիջոցներու ենթարկուեցան, ո՛չ դատապարտուեցան, ո՛չ ալ գրողի ծոցը ուղարկուեցան։

Այս պարագային, մեր խօսքը կ’երթայ գլխաւորաբար բոլոր անոնց, որոնք ինչ դատողութեամբ ու տրամաբանութեամբ հանրապետութեան երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանին գովքը կը հիւսեն եւ զինք կը նկատեն այն երեւոյթը, որ կրնայ Հայաստանը դուրս բերել այս ճգնաժամէն եւ… արժանապատիւ կեանք մը պարգեւել ժողովուրդին։

Եթէ այդպիսիներ հաւատացած են իրենց կողմնորոշումին ու փրկարարութեան ընտրանքին վրայ, ապա, հարց չէ՞, ինչո՞ւ անոր նախագահութեան շրջանին, նոյն գովերգային արտասանութեան մէջ չէին, ինչո՞ւ օրին զինք կը քննադատէին եւ ամբողջ պատուհասներու պատասխանատուն զինք կը նկատէին։

Յետոյ՝ կարեւորագոյնը, յետ նախագահութիւնը, օր մը, հարց տրուեցա՞ւ իրեն, ղարաբաղցի այս հերո՜սը, ազատամարտի՜կը, ինչո՞ւ իր ծննդավայր-հայրենիքին մէջ չապրեցաւ, յօրինակ իր մերձաւորներուն ու հայրենակիցներուն, ինչո՞ւ իր «ճակտի քրտինք»ով շահած միլիարդները չտրամադրեց իր ժողովուրդին, բայց, ընտրարշաւի օրերուն, երեւելի թէ ոչ, աջ ու ձախ գումարներ կամ կաշառքներ բաշխեց։

Զարմանալի է հայաստանցիին այս տեսակի հասարակարգը, ամէն ինչ մոռցած, ուրացած եւ անտեսած, յանկա՜րծ, «յանուն Հայաստանի արժանապատուութեան միանում ենք Ռոպերթ Քոչարեանին»… զրնգոցին կը հետեւի…։

Եթէ այդպէս է, անոր հետեւորդները յիշողութիւն չունի՞ն, զո՞ւրկ են արժանապատուութենէ, չէ՞ որ հազար ու մէկ դիտարկումներով, քննադատումներով ու պախարակումներով, Քոչարեանը միշտ ալ թիրախ եղած է ժողովրդային լայն զանգուածներէն, իսկ ներկայիս, որոշ շրջանակներու մօտ, ան կը նկատուի միակ (՞) ղեկավարը՝ ազատութեան ու փրկութեան, կայունութեան ու խաղաղութեան։

Անշուշտ, դիտելու կարգով, հայաստանցին ազատ է իր ընտրութիւններւն մէջ, բայց, ատիկա կը նշանակէ՞ հին մը կամ նախկին մը բերել, երբ անիկա փորձուած է, ձախողութեամբ ու ձախաւերութեամբ եւ, վերջապէս, արդեօ՞ք Հայաստանի մէջ չկան (չկային) ձեռնհասներ, մտացխներ, արժանաւորներ, մասնագէտներ, բանիմացներ, հեղինակութիւններ, որոնք կրնան (ու կրնային) նոր շունչ բերել, թռիչք ու պայծառ տեսիլք տալ հայրենիքին։

Նախկինը՝ Քոչարեան, որ կը յաւակնի գալ գործադիր իշխանութեան, արդէն հիմակուընէ, իր ելոյթներուն ու կոչերուն մէջ, տողատակ թէ այլապէս, ակնարկութիւններ կը կատարէ հաշուեպահանջութեան ու վրէժխնդրութեան մասին, այո՛, ինչպէս ասկէ առաջ նշած էի, «փորձուած աղուէսը նորէն կը բերուի՞»։

Այս բոլորէն ետք, ինքզինք պարտադրող ահազանգը. Նիկոլիզմը կամ Քոչարիզմը կրնա՞յ ղեկավարել Հայաստանը։

Օրերը եւ ժամանակները ցոյց կու տան, եթէ ամէն ինչ բարեյաջող ընթանայ։

(Պէյրութ)

Previous Post

Average pension in Armenia increased by more than 7% in 2020

Next Post

ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.