ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Է. ՄԱՍ
ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Լրագրական արուեստի փայլուն նմոյշ մըն է Արշակ Զուրաբովի Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն ձօնուած յօդուածը` Օսմ. Թուրքիոյ մէջ իշխող քաղաքական իրավիճակի խորաթափանց վերլուծումով: Կ.Պոլսոյ մէջ իրագործուած ոճիրը հեղինակը նախ կը վերագրէ սոցիալ-դեմոկրատներու դէմ սանձազերծուած այն հալածանքին, որ սկիզբ կ’առնէր Ռուսիոյ մէջ ու կը տարածուէր` հասնելով մինչեւ Վոսփորի ափը: Արդարեւ, Պոլսոյ տխուր իրադարձութենէն ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ, Ռուսիոյ մէջ դատապարտուած էին Դումայի անդամները[1]: Այնպէս կը թուի, թէ Պետական Բ. Դումայի 1907 թուականի արձակումէն վերջն ալ ցարական իշխանութիւնը հալածանքի ենթարկած էր Ռուսիոյ ընկերվարականները եւ Դումայի անդամ անոնց պատգամաւորները դատապարտած` տակաւին մինչեւ յօդուածի գրութեան 1915 թուականը[2]: Այս իրադարձութեան զուգահեռ, համայն ուղղափառ (սիւննի) մահմետականներու խալիֆը[3] մինչեւ երկինք աղաղակող բարբարոսութիւն մը կը գործէր իր երկրի ընկերվարականներուն դէմ: Թրքական կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութենէն կարելի չէ լրացուցիչ մանրամասնութիւններ քաղել ռազմական դատարանին կողմէ Քսանները կախաղանի մահուան դատապարտելու վերաբերեալ: Անոնց հասցէին ծանրակշիռ ամբաստանութիւնը կը հիմնուի նոյնքան անհիմն մեղադրանքներու վրայ, թէ անոնք «Փորձած են ստեղծել անկախ եւ ինքնավար Հայաստան մը»[4], եւ այս նպատակը իրագործելու համար անոնք դիմած են եւրոպական տէրութիւններու միջամտութեան` արտասահմանի մէջ հրապարակելով «Ըմբոստութեան կոչեր եւ գրութիւններ»[5]: Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի վարչակարգին դէմ 1908-ի յեղաշրջումը իրականացընելու պայքարին մէջ հնչակեանները Երիտթուրքերուն հետ եղած են «նախկին դաշնակիցներ», որոնց դէմ ահա դաւաճանական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ իշխանութեան տիրացած նոյն Երիտթուրքերու կառավարութիւնը:
- Հնչակեան Կուսակցութեան կազմաւորումը
Յօդուածը Հնչակեան Կուսակցութեան կազմաւորման տարեթիւ կը նկատէ 1885 թուականը, որ վրիպակ մը ըլլալու է: Հնչակեան Կուսակցութեան կազմաւորման թուական պէտք է ընդունիլ 1886-ի վերջին քառորդը, իսկ անոր ծրագրին վաւերացումով հիմնադրութեան տարեթիւ պէտք է ճանչնալ 1887-ի առաջին քառորդը, երբ խումբ մը կովկասահայ երիտասարդ ուսանողներ` Աւետիս Նազարբէկեան, Մարօ Վարդանեան-Նազարբէկեան, Ռուբէն Խան-Ազատ, Գաբրիէլ Կաֆեան, Քրիստափոր Օհանեան եւ Գէորգ Ղարաջեան Ժընեւի մէջ կը համախմբուին «յեղափոխական ընկերութիւն» անունին տակ: 1887-ի Նոյեմբերին, երբ Ժընեւի մէջ անոնք կը հրատարակեն իրենց «Հնչակ» պաշտօնաթերթը, վերջինիս խօսուն անունին հետեւութեամբ կը կոչուին «Հնչակեաններ»: Աւելի ուշ շրջանին է, որ «յեղափոխական ընկերութիւն»-ը կ’որդեգրէ «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն» անուանումը:
Սկզբնական շրջանին, այս «յեղափոխական ընկերութեան» հիմնադիրները Ժընեւի մէջ սերտ կապեր ունենալով ռուս յեղափոխականներու հետ` կը գտնուին անոնց նարոդնիկական գաղափարական ազդեցութեան ներքոյ, բայց ոչ շատ ուշ, գոնէ 1891-էն սկսեալ, անոնք միանգամայն կը ձեւաւորուին իբրեւ զուտ մարքսիստական-ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ խարսխըուած կազմակերպութիւն մը:
- «Կայծ» թերթը եւ Գեղամ Վանիկեան
Արշակ Զուրաբով մեծ գնահատանքով կ’անդրադառնայ «Կայծ» թերթի մասին, որուն, ինչպէս վերը տեսանք, ինք թղթակցած էր երկարաշունչ նամակով մը: «Կայծ»-ը տեսական մարքսիզմի քարոզչութեան ազդու այն պաշտօնաթերթն էր, որուն շուրջ հաւաքուած էին «Թուրքիոյ մարքսիստական ջամբարի կարկառուն ներկայացուցիչները»[6]:
Դեռ Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակին, երբ Թուրքիա տակաւին ներգրաւուած չէր աշխարհակործան պատերազմին մէջ ու երկիրը կը գտնուէր խաղաղ պայմաններու մէջ, Երիտթուրքերը մահացու հարուած մը հասցուցին հնչակեաններուն` անոնց դէմ մեկնարկելով հալածանքի հսկայ ալիք մը Կ.Պոլսէն մինչեւ հայկական նահանգներու ամբողջ տարածքով: Ոստիկանական բիրտ ուժերու կիրառումով, հնչակեան ականաւոր գործիչներու ձերբակալութիւններով ու տարատեսակ սպանութիւններով` փակուեցան կուսակցութեան շատ մը կեդրոնները, ակումբներն ու հրատարակչատուները: Կախաղանի մահուան դատապարտուած Քսաններուն մէջ կը գտնուէր նաեւ «Կայծ» թերթի երիտասարդ մտաւորական խմբագիր Գեղամ Վանիկեանը, որուն նկատմամբ անթաքոյց են հեղինակին ունեցած բարեկամական ջերմ զգացումները: Այս առթիւ Արշակ Զուրաբով կը յայտնէ, թէ ինք նամակագրական կապ ունեցած է նահատակ մտաւորականին հետ, ուստի հաւաստի տեղեկութիւններ կը հաղորդէ անոր կենսագրութեան մասին. արդարեւ մեզի համար ցարդ անծանօթ տուեալներ, որոնք անտարակոյս կու գան հարստացնելու բիւրեղ գաղափարի, ազդու խօսքի եւ հոսուն գրչի տէր այս ընտիր անձնաւորութեան վերաբերեալ մեր գիտելիքները:
- Հնչակեան Կուսակցութեան մարտավարութիւնը
Յօդուածը հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ նաեւ հայ ժողովուրդը օսմ. բռնատիրութենէն ազատագրելու ուղղութեամբ Հնչակեան Կուսակցութեան մարտավարութեան, որ գերազանցապէս կը հիմնուի համաժողովրդական ապստամբութեան վրայ: Դառն փորձը բազմիցս ցոյց տուած էր, որ ո՛չ կարելի էր ապաւինիլ եւրոպական մեծ տէրութիւններու ամուլ խոստումներուն վրայ, ո՛չ ալ սին յոյսեր կապել ցարական Ռուսիոյ հետ, որ միայն կ’ուզէր յագուրդ տալ իր նուաճողական ձգտումներուն` ջանալով պոկել Հայաստանը եւ միացնել իր աշխարհակալ կայսրութեան սահմաններուն:
- Երիտթուրքերու հետապնդած հայակործան քաղաքականութիւնը
Հնչակեան Կուսակցութեան հետապնդած համաժողովըրդական ապստամբութեան իրականացումին առաջքն առնելու համար, Երիտթուրքերու կառավարութիւնը փորձեց արեան մէջ խեղդել հայութեան ազատագրական շարժումը` նպատակին իբրեւ միջոց ծառայեցնելով Թուրքիոյ մէջ մահմետականներու մոլեռանդութիւնը քրիստոնեայ հայ ազգաբնակչութեան դէմ:
Ռազմական դատարանին տուած մահավճիռը հնչակեան գործիչներուն դէմ` ամբողջապէս հիմնուած էր ամբաստանութիւններու վրայ: Ոճիրին բուն շարժառիթը Երիտթուրքերու հետապնդած հայակործան քաղաքականութիւնն էր` օսմ. բռնապետութեան հետզհետէ աւելի ակներեւ դարձող քայքայումէն Հայաստանի անկախացումին եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան իրականացումին արգելք հանդիսանալու նպատակով: Եւ այս մահահոտ ծրագրին մէջ Երիտթուրք բարբարոսներն ունեցան զօրեղ մեղսակից մը` յանձին Կայսերական Գերմանիոյ:
- Կայսերական Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը` Ֆոն Տէր Կոլց, Լիման Ֆոն Սանտերզ Փաշաներ եւ Վանկենհայմ
Դեռ այդ ժամանակաշրջանին, այսինքն 1915 թուականի Յունիսին, Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող անմիջական օրերուն, յօդուածի հեղինակին համար միանգամայն պարզ է Կայսերական Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը Երիտթուրքերու ձեռքով իրականացած մեծ ոճրագործութեան մէջ:
«Գաղտնիք չէ, – կը հաստատէ յօդուածագիրը,– որ ներկայիս Թուրքիան կը հանդիսանայ պատերազմող Գերմանիոյ նահանգներէն մէկը: Թէ՛ անոնց կառավարութիւնը եւ թէ՛ զօրքն ու նաւատորմը անմիջականօրէն կ’ենթարկուին գերմանական կեդրոնական շտապին: Ասկէ բացի, զօրահրամանատար Ֆոն Տէր Կոլց Փաշան կը գտնուի Սուլթանի պալատին մէջ ու կրնայ իբրեւ ամբողջ Թուրքիոյ փաստացի միապետը նկատուիլ: Ասկէ ինքնին կը հետեւի, որ Սուլթանի վճիռին հաստատումը ու Քսան Ընկերվարականներուն մահապատիժը, այս իրողութիւններուն տակ, չէր կրնար իրագործուիլ առանց գերմանական հրամանատարութեան կամքին եւ համաձայնութեան»[7]:
Զօրահրամանատար Վիլհելմ Լէոփոլտ Գոլմար Տիար Ֆոն Տէր Կոլց փաշա, 1843-1916
Արդարեւ, Կայսերական Գերմանիոյ այս տաղանդաւոր զինուորականը, բուն ինքնութեամբ` Վիլհելմ Լէոփոլտ Գոլմար Տիար Ֆոն Տէր Կոլց[8], ծանօթ նաեւ համառօտ` Կոլց Փաշա[9] անունով, 1883-ին Թուրքիա կ’առաքուի օսմ. բանակը վերակազմակերպելու եւ արդիականացընելու նպատակով: Կ.Պոլսոյ մէջ ան կը յաջողի շահիլ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի վստահութիւնը` համոզելով զայն, որ թրքական սպայակոյտէն սպաներ Գերմանիա մեկնին եւ այդտեղ վերապատրաստուին գերմանական ռազմավարութեան բարձրագոյն գիտելիքներով: Բնականաբար անիմաստ պիտի ըլլար գերմանական ռազմավարութեան կիրարկումը օսմ. բանակին մէջ առանց գերմանական զինամթերքի, ուստի Ֆոն Տէր Կոլցի կը վերագրուի յաջողութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական այն պայմանաւորուածութեան, որուն համաձայն Թուրքիա այսուհետեւ կը զինէ իր բանակը գերմանական այդ ժամանակուան համար ամենաարդիական զէնքերով:
Գոլմար Ֆոն Տէր Կոլց փաշա Կ. Պոլսոյ մէջ՝ օսմ. Բանակը վերակազմակերպելու եւ արդիականացնելու առաքելութեամբ,1915 թ
Ֆոն Տէր Կոլց 1897-ին կը վերադառնայ Գերմանիա, բայց 1908-ին, Երիտթուրքերու, այսպէս յորջորջուած, յեղաշրջումէն ետք, նորէն Թուրքիա կը վերադառնայ եւ կը ստանձնէ օսմ. բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան պաշտօնը: Հանգստեան կը կոչուի 1913-ին ու վերստին կը մեկնի Գերմանիա: Ա. Համաշխարհային Պատերազմի բռնկման ընթացքին, իր յառաջացած տարիքին բերումով, գերմանական իշխանութիւնները իրեն չեն վստահիր եւրոպական հողամասին վրայ գերմանական ռազմաճակատներէն մէկուն կամ միւսին ղեկավարութիւնը, սակայն ընդառաջելով Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Վանկենհայմի խորհուրդին`[10] Սուլթանին մօտ ռազմական խորհրդատուի պաշտօնով ան վերստին կ’առաքուի Թուրքիա, ուր իր պատուիրակութեան հետ կը ժամանէ 12 Դեկտեմբեր 1914-ին: 1915 թուականի վերջը, երբ Օթթօ Վիքթոր Քարլ Լիման Ֆոն Սանտերզ[11] օսմ. Ե. բանակի հրամանատարութիւնը կը ստանձնէ, Ֆոն Տէր Կոլցին կը փոխանցէ Կ.Պոլսոյ մէջ օսմ. Ա. բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը: 1915-ի Հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ, Ֆոն Տէր Կոլց կը դառնայ օսմ. Զ. բանակի հրամանատար` թուրք-գերմանական ռազմական սերտ համագործակցութիւնը Թուրքիոյ եւ Իրանի ճակատներուն վրայ համադրելու առաքելութեամբ: Այս ժամանակահատուածին մէջ, 1915 թուականի Ապրիլի սկիզբէն մինչեւ Յունիսի վերջը, երբ հայութեան Մեծ Եղեռնը աննախադէպ ցեղասպանութեան մը ամբողջ տարողութեամբ իր գագաթնակէտին հասաւ, իրագործուեցաւ թէպէտ ձեռքերովը Երիտթուրքերուն, բայց գիտութեամբն ու անհերքելի մասնակցութեամբը Կայսերական Գերմանիոյ, յանձինս իր հեղինակաւոր ներկայացուցիչներուն` զօրահրամանատար Վիլհելմ Լէոփոլտ Գոլմար Տիար Ֆոն Տէր Կոլցի, նոյնպէս զօրահրամանատար Օթթօ Վիքթոր Քարլ Լիման Ֆոն Սանտերզի, դեսպան Վանկենհայմի եւ վերջիններուս ոգի ի բռին համադրող, ծրագրաւորող, կազմակերպող եւ առաջնորդող անձնակազմի պատասխանատւութեամբ[12]:
Վիլհելմ Բ. ծաղկեպսակ կը զետեղէ զօրահրամանատար Գոլմար Ֆոն Տէր Կոլց փաշայի գերեզմանին, Կ.Պոլիս, 1917 թ.: Լուսանկարին մէջ աջէն երրորդը՝ Իսմէթ փաշա: Ֆոն Տէր Կոլց կը մահանայ 19 Ապրիլ 1916-ին Պաղտատի մէջ, տիֆ հիւանդութեամբ վարակուելու հետեւանքով: Յունիս 1916-ին դագաղը կը տեղափոխուի Կ.Պոլիս եւ կը թաղուի գերմանական դեսպանատան ամառնային նստավայրի պարտէզին մէջ, դեսպան Վանկենհայմի (մահացած՝ 25 Հոկտ. 1915) գերեզմանին քով:
- Ինտերնացիոնալի, Սոցիալ-Դեմոկրատիայի պատասխանատւութիւնը
Հնչակեան Քսան Կախաղաններու վերաբերեալ Արշակ Զուրաբով իր ցնցող յօդուածին վերջաւորութեան կը քննադատէ նաեւ արտաքին հարուածներէ եւ ներքին պառակտումներէ տկարացած Ինտերնացիոնալի անտարբերութիւնը` ի տես Կ.Պոլսոյ մէջ հայ ընկերվարականներու դէմ իրագործուած ոճիրին: Հակառակ տրուած փաստին, ան կոչ կ’ուղղէ անոր, թէ «Պէտք չէ թուրք-գերմանական կառավարութեան յանցագործութեան առջեւ լուռ մնայ»[13]: Բողոքելու այս սեպուհ պարտականութիւնը սակայն կը վերաբերի Գերմանիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատիային` ի վերջոյ «Ան պէտք չէ մոռնայ, որ իր կողմէ շնորհուած վարկերը կը ծառայեն ոչ միայն պատերազմող երկիրներուն մէջ Պրոլետարիատի ոչնչացումին, այլ նաեւ անոնք կը գործադրուին մեր Ինտերնացիոնալի անդամներուն մահապատիժի ենթարկման, եւ ֆէսով կամ առանց ֆէսի դահիճներու հաւաքագրման […] նպատակին»[14]: Այստեղ հեղինակը իր միտքը շատ յստակ կ’արտայայտէ` պախարակելով ֆէսաւոր թուրքերը, իսկ առանց ֆէսի իրենց գերմանացի դաշնակիցները` դահիճներու ոճրագործ դերին մէջ, ի տես կախաղանի մահուան դատապարտուած Հնչակեան Քսան յեղափոխական գործիչներու նահատակութեան:
Յօդուածը կ’աւարտի յեղափոխութեան հաւատարիմ Սոցիալ-Դեմոկրատներուն ուղղուած սրտաբուխ կոչով մը` բարձրացնելու համար իրենց բողոքի ձայնը կատարուած անարդարութեան դէմ. «Թող այս եղբայրական կոչը, – կը շարունակէ Արշակ Զուրաբով,– մեր թրքահպատակ ընկերներուն իբրեւ խրախուսանք ծառայէ [յարատեւելու] իրենց դժուարին պայքարին մէջ հասարակական կեանքի հինցած ձեւերու ճնշող մնացորդացին դէմ»[15]:
Առկայ ուսումնասիրութեան մէջ մենք խիստ շահեկան կը գտնենք թարգմանաբար ներկայացնելու Արշակ Զուրաբովի ստորագրած ամբողջական յօդուածը` իբրեւ պերճախօս վկայութիւններէն մին այն արձագանգին, որ շուրջ հարիւր տարի առաջ հնչած է մասնաւորաբար Զուիցերիոյ ընկերվարական մամուլին մէջ:
1- Հմմտ., BT, 7.08.1915 եւ VR, 13.08.1915.
2- Մասնաւոր ուշադրութիւն պէտք է ընծայել յօդուածին սկիզբը հաղորդուող իրադարձութեան վրայ, որ միաժամանակ կը ներկայացնէ ժամանակագրական տուեալ մը. «Հազիւ քանի մը ամիս անցաւ մեր Դումայի անդամներուն դատապարտութենէն»: Նիկողայոս Բ. Ցարին կողմէ Պետական Բ. Դումայի արձակումէն վերջ, Գ. եւ յաջորդող Դ. Դուման Ռուսիոյ մէջ գործած է մինչեւ 1917 թուականը:
3- «Համայն Սիւննի Մահմետականներու Խալիֆ»՝ տիտղոսներէն մին էր օսմանեան սուլթաններուն:
4- Հմմտ., BT, 7.08.1915 եւ VR, 13.08.1915.
5-Նոյնը:
6- Նոյնը:
7- Նոյնը:
8- Wilhelm Leopold Colmar Freiherr von der Goltz, իր կենսագրութեան մասին տե՛ս` Carl Alexander Krethlow, «Generalfeldmarschall Colmar Freiherr von der Goltz Pascha», Padeborn, 2012: Տե՛ս նաեւ համացանցային հետեւեալ հասցէները.
http://de.wikipedia.org/wiki/Colmar_von_der_Goltz
http://www.eslam.de/begriffe/g/goltz_colmar_von_der.htm
Wilhelm Leopold Colmar Freiherr von der Goltz-ի մասին տե՛ս նաեւ` Wolfgang Gust (Hg.), «Der Volkermord an den Armeniern 1915/16, Dokumente aus dem politischen Archiv des deutschen Auswartigen Amts», 2005, S. 87, 91, 95, 346f, 361f, 496, 594.
9- Օսմ. բանակին եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար, գերմանացի բարձրաստիճան որոշ զինուորականներու հաւանաբար Սուլթանին կողմէ շնորհուած է «Փաշա» տիտղոսը:
10- Hans Freiherr von Wangenheim-ի մասին տե՛ս` Wolfgang Gust (Hg.), անդ, էջ 27, 52ff., 58, 74, 76ff., 79f., 90, 101, 105, 113ff., 137, 139, 149, 155, 185ff.
11- Otto Viktor Karl Liman von Sanders, Կայսերական Գերմանիոյ այս բարձրաստիճան զօրահրամանատարին նոյնպէս տրուած է «Փաշա» տիտղոսը, հետեւաբար ան նմանապէս ծանօթ եղած է կրճատուած Լիման Փաշա անունով: Լիման Ֆոն Սանտերզի մասին տես նաեւ համացանցային հետեւեալ հասցէները.
http://de.wikipedia. org/wiki/Otto_Liman_von_Sanders
http://www.deutsche-biographie.de/sfz51440.html
http://de.wikipedia. org/ wiki/Liman-von-Sanders-Krise
12- Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ նաեւ Կայսերական Գերմանիոյ պատասխանատւութեան վերաբերեալ տե՛ս` Johannes Lepsius, Armenien und Europa. Eine Anklage-Schrift wider die christlichen Grobmachte und ein Aufruf an das christliche Deutschland. Berlin-Westend 1896; Bericht uber die Lage des armenischen Volkes in der Turkei 1916; Deutschland und Armenien 1914–1918: Sammlung diplomatischer Aktenstucke. Potsdam 1919; Der Todesgang des armenischen Volkes: Bericht uber das Schicksal des armenischen Volkes in der Turkei wahrend des Weltkrieges. Potsdam 1919; Wolfgang Gust (Hrsg.), Der Volkermord an den Armeniern 1915/16, Dokumente aus dem Politischen Archiv des deutschen Auswartigen Amts, Springe, 2005.
13- Հմմտ., BT, 7.08.1915 եւ VR, 13.08.1915.
14- Նոյնը:
15-Նոյնը: