Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ- ՊԱՅՔԱՐ 232
Քաթիա Փէլթէքեանի աշխատութիւններու լոյսին տակ- թիւ 3
7 Յունուար 1914-ի համարին մէջ բրիտանական «Տը Մանչեսթըր Կարտիըն» թերթը հրատարակած է իր Փեթերսպուրկի թղթակիցին՝ պատասխանատու դիրքի վրայ եղող անծանօթ հայու մը հետ կատարած մէկ հարցազրոյցը, ուրկէ անոր հայթայթած տեղեկութիւններն ու ճոռոմախօս կեցուածքը կը պարզուին: Սոյն հարցազրոյցին նիւթը տպուած է Քաթիա Փէլթէքեանի հեղինակած՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակը- Տեղեկագրութիւններ Բրիտանական Մամուլին Մէջ», Ա. Հատոր 1914-1919, 450 էջ, Բ. Հատոր 1920-1923, 526 էջ, Ֆոր Ռօծ, Պէյրութ, 2013 (The Times of the Armenian Genocide- Reports in the British Press, Volume 1: 1914-1919, 450 p., Vol 2: 1920-1923, 526 p., Four Roads, Beirut, 2013) խորագրեալ գիրքին էջ 7-ին մէջ:
«Տը Մանչեսթըր Կարտիըն» թերթի այդ հարցազրոյցը կատարած թղթակիցը հայ երիտասարդին մասին կ’ըսէ, թէ ան լայն ու բացառիկ տեղեկութիւններ ունի օրուան թուրք-հայկական յարաբերութիւններու եւ անցուդարձերու շուրջ: Ըստ թղթակիցին այդ հայ երիտասարդը կ’ըսէ թէ ներկայիս երիտթուրք պարագլուխները մեծ ջանք կը թափեն հայերը համոզելու, որ ետ կենան եւրոպական միջամտութիւն պահանջելէ, քանի որ տասնեակ տարիներէ ի վեր հայերը կը ձգտէին եւրոպական միջամտութեան ընդմէջէն անոնց՝ եւրոպացիներու գերակշռութիւնը ապահովել հայկական նահանգներու վրայ եւ այդպիսով ձերբազատիլ օսմանեան վարչակարգի բռնակալ տիրապետութենէն: Հայ երիտասարդը կը թուէ երիտթուրք ղեկավարներու անունները, որոնք հայոց պատասխանատուներուն վրայ ճնշում կը բանեցնէին՝ զանոնք ետ մղելու եւրոպական միջամտութիւն ապահովելէ: Թուրքերը ճնշում կը բանեցնեն նաեւ Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին եւ խորհրդարանի նախկին հայ երեսփոխաններու վրայ, կոչ ուղղելով անոնց որ հաւատարիմ մնան Օսմանեան Պետութեան շահերուն:
Հարցազրոյցին մէջ հայ երիտասարդը կ’ըսէ թէ Ատանայի նախկին կառավարիչ եւ ներկայի նախարար Ճեմալ պէյ, Օսմանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխան Վարդգէսի (բուն անունով Յովհաննէս Սերենկիւլեան,-Յ.Ի.) հետ զրոյցի մը ընթացքին կը սպառնայ հայերը ջարդել՝ եթէ անոնք եւրոպական միջամտութիւն պահանջելը շարունակեն: Ան կ’ըսէ թէ առաջին հերթին կը կրկնուի 1896-ի կոտորածը եւ 300 հազար հայեր իրենց կեանքերը կը կորսնցնեն: Վարդգէս կը պատասխանէ. «Թող թուրքերը փորձեն ընել այդպիսի բան մը»:
Տեղեկութիւն հայթայթող հայ երիտասարդը կ’ըսէ թէ հայերը նախկին վատ վիճակին մէջ չեն ինչպէս որ էին 1896-ին եւ այժմ զինուած են: Իսկ իշխանութեան գլուխ եղող թուրքերը ի վիճակի չեն կոտորածներ կատարելու, որովհետեւ ընդդիմադիր թուրքերը պատրաստ են այդ պարագային տապալելու իշխանութիւնը: Ան կ’աւելցնէ որ թէ՛ իշխող կողմը եւ թէ՛ ընդիմարդիր կողմը ժողովուրդին մէջ զիրենք սիրող արմատներ չունին եւ թէ անոնք միայն ոյժի միջոցով հասած են իրենց դիրքերուն:
Ըստ թղթակիցին հայ երիտասարդը աւելի առաջ կ’երթայ ըսելով, թէ ներկայիս հայերը մարզուած ու փորձառու կռուողներ ունին: Անոնք այդ փորձառութիւնը ձեռք ձգած են Կովկասի մէջ թաթարներու դէմ իրենց հայրենակիցներու կողքին կռուելով, ինչպէս նաեւ քիւրտերու դէմ պայքարներու ընթացքին: Ուրեմն հայերը պատրաստ են ոյժի դէմ ոյժ գործադրել եւ կանխել ջարդերը, կ’աւելցնէ ան:
«Տը Մանչեսթըր Կարտիըն» թերթի թղթակիցը իր խանդավառութիւնը կը յայտնէ ըսելով թէ կոտորածները շատ հեռու են իրականութիւն դառնալէ, որովհետեւ երիտթուրքերը ի վիճակի չեն այդպիսի լայնածաւալ գործողութիւններ կատարելու: Այլ պատճառ մըն ալ այն իրականութիւնն է որ եւրոպական երկիրները որոշում տուած են վերաքննիչ մը նշանակելու հայկական նահանգներու համար՝ ի գործ դնելու բարենորոգումները:
Վերոյիշեալ յոյսի արտայայտութիւններու հրապարակումը տեղի կ’ունենար Մեծ Եղեռնի կոտորածներէն եւ բռնագաղթերէն միայն տարի մը առաջ: Մեծ Եղեռնի նախօրէին հայ պատասխանատուները եւրոպացի պատասխանատուներու սին խոստումներուն յենած ճոռոմախօսութիւն եւ շատախօսութիւն կ’ընէին: Անոնք պատասխանատուութեան զգացումի պակասէ կը տառապէին եւ շատ մեծխօսիկ արտայայտութիւններ կը շռայլէին հրապարակելու համար: Քաղաքական հոտառութիւնն ու առողջ գիտակցութիւնը կը պակսէր անոնց: Եթէ երբեք օտար թերթերը լոկ իրենց պարտականութիւնը կը կատարէին, հայերը երազային մթնոլորտի մէջ կ’ապրէին եւ դոյզն չափով իսկ քաղաքական գիտակցութիւն չունէին: Անոնք նախորդ քանի մը տասնեակ տարիներու ապտիւլհամիտեան կոտորածներէն եւ պատմութենէն դասեր չէին քաղած եւ երկար ատեն յոյս դրած էին օտարներու վրայ ու չէին գիտակցեր, թէ եւրոպացիները իրենց շահերէն մեկնելով մասնայատուկ յարաբերութիւններ ունէին թուրք վերնախաւին հետ:
Այս բոլոր եղելութիւններէն երեւան կու գայ Հայասպանութեան կանխամտածուած ըլլալու բնոյթը, երբ Ճեմալ պէյ (յետոյ փաշա) հայոց կոտորածով կը սպառնայ Վարդգէսին: Գաղափարը միայն սպառնացողին միտքը չէր, այլ Երիտթուրք ղեկավարութեան հաւաքական որոշումն էր, որ ժամանակէն առաջ Ճեմալ ստիպողական պայմաններու տակ կը յայտնէր իր հայ խօսակիցին: Դժբախտաբար վերջինս լուրջի չէր առած այս սպառնալիքը եւ աւելին՝ յոխորտալից պատասխանելով ձեւով մը թաքուն փոխադարձ սպառնալիք տուած էր Ճեմալի:
Թուրքը երբ յաճախ առանց սպառնալիքի կոտորած, առեւանգած, տեղահան ըրած կամ բանտարկած ու սպաննած է հայերը, ու՜ր մնաց որ սպառնար եւ չգործադրէր իր «խոստումը»: Հայը պարզապէս թեթեւամտութեամբ է որ դիմագրաւած է այսպիսի սպառնալիքներ, աւելի ճիշդը իրականութիւններ, որոնք իրեն համար շատ սուղ արժած են: Հոս կ’արժէ կանգ առնել կարեւոր հարցի մը առջեւ. հայերը բնաջնջելու թրքական կանխամտածուած ոճիրին կ’ընկերանային կանխամտածուած արդարացումի փորձերը այդ հրէշային դէպքերուն տեղի ունեցած ատեն եւ նոյնիսկ անոնցմէ առաջ: Այս պարագային բարենորոգումներու գծով հայոց եւրոպական երկիրներու դիմելու «յանցանքը» իբրեւ թէ թրքական արդարացումը պիտի ապահովեր:
Թուրքերը Համաշխարհային Ա. պատերազմին սկիզբը փութացին արդարացումներ մէջտեղ նետել հայոց դէմ իրենց կատարելիք հալածանքներուն, ձերբակալութիւններուն, բանտարկութիւններուն, չարչարանքներուն, սպանութիւններուն եւ բռնագաղթին համար, որ աւելի եւս կը փաստէ Հայասպանութեան կանխամտածուած բնոյթը: Մեծցնելով եւ լուսարձակի տակ առնելով աննշան ու անհատական դէպքեր, անոնք սկիզբէն իրենց գործելիք ոճիրներուն արդարացումը սկսան շարահիւսել: Այդպիսի օրինակ մըն է հետեւեալը. Տէօրթ Եոլի քանի մը հայ բնակիչներ Զէյթուն ղրկած իրենց նամակներուն մէջ անուղղակիօրէն ակնարկած են ապստամբութեան հաւանականութեան: Թուրքերը այս գրութիւնները կը յայտնաբերեն ու կ’արագացնեն Զէյթունի եւ յարակից գիւղերու հայոց արդէն իսկ ի գործ դրուած տեղահանութիւնները եւ զանոնք զանգուածային չափերու կը հասցնեն: