ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Ժ ՄԱՍ
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐԸ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ
Հնչակեան Քսան Կախաղաններու վերաբերեալ Զուիցերիոյ մամուլը հետազօտելու առթիւ մեր ուշադրութեան առարկան դարձաւ նաեւ Գերմանիոյ մամուլի էջերուն մէջ տպագրուած յօդուած մը, որ առաջադրուած մեր նիւթի ուսումնասիրութեան առնչութեամբ ունի եզակի նշանակութիւն: Սոյնը կարեւոր կը դառնայ առանձնապէս այն հանգամանքով, որ Ա. Համաշխարհային Պատերազմին բերումով, երբ Կայսերական Գերմանիոյ մամուլը գրեթէ ամբողջութեամբ կ’ենթարկուէր գրաքննութեան, Գերմանիոյ ամենահեղինակաւոր եւ ազդեցիկ թերթերէն մէկուն մէջ կը կատարուի լայն անդրադարձ մը Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն, հայ քաղաքական ընտրանիի ձերբակալութեան եւ մտաւորականութեան ոչնչացման մասին: Կրօնա-եկեղեցական բնոյթ ունեցող Գերմանիոյ «Մշակութային Բողոքականութեան»[1] այդ պաշտօնաթերթը կը կրէր «Die Christliche Welt – Տի Քրիսթլիխէ Վելթ»[2] անունը, եւ որուն խմբագրապետն էր Մարթին Ռատէն[3]` նոյն «Մշակութային Բողոքականութեան» կարկառուն ներկայացուցիչներէն մին:
«Մշակութային Բողոքականութեան» պաշտօնաթերթ « Die Christliche Welt – Տի Քրիսթլիխէ Վելթ»ի խմբագրապետ Մարթին Ռատէ
Արդարեւ, վերոնշեալ յօդուածը լոյս կը տեսնէ 29 Յուլիս 1915-ին, Հնչակեան Քսան Կախաղաններու տխուր իրադարձութենէն շուրջ ամիս մը ետք, երբ Երիտթուրքերու կողմէ իրագործուող Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը հասնէր իր գագաթնակէտին: Յօդուածը կը կրէ «Armenien im Weltkriege – Հայաստան Համաշխարհային Պատերազմի Մէջ» խորագիրը, եւ որուն հեղինակն է նոյնքան պատկառազդու գերմանացի հայասէր մը` Էվալտ Շթիր[4]: Շթիր մտերիմ աշխատակիցներէն էր Մարթին Ռատէի եւ 1896 թուականէն սկսեալ` հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով անձնուէր սատարողներէն մին:
1914 թուականին, Պերլինի մէջ կը հիմնուի «Գերմանա-Հայկական Ընկերակցութիւն»-ը[5], որուն առաջնահերթ նպատակներէն մէկը կը հանդիսանար սատարել արեւմտահայութեան քաղաքական զարթօնքին եւ անոր անկախութեան իրականացումին: Ընկերակցութիւնը շուտով կը հրատարակէ իր «Մեսրոպ» անունով հայերէն եւ գերմաներէն երկլեզու ամսագիրը: Հիմնադիրներուն` Եոհաննէս Լեփսիուսի, Փաուլ Ռորպախի, Աւետիք Իսահակեանի հետ, Գերմանիոյ այլ հայասէր ու երախտաշատ համագործակցողներու խումբին մաս կը կազմէր նաեւ Էվալտ Շթիր: 1908-ին ան անձամբ կը մեկնի Արեւմտեան Հայաստան` իր գոյութեան մէջ ստոյգ վտանգուած հայ ժողովուրդի կացութեան մասին իրական պատկերացում մը ունենալու եւ կարեվէր հայութեան օժանդակելու համար` գերմանացի հայանպաստ մարմիններուն համապատասխան լուծումներ ներկայացնելու նպատակով: Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու նուիրեալ պաշտպան Եոհաննէս Լեփսիուսի հետ, Էվալտ Շթիր մին էր այն հեղինակաւոր անձնաւորութիւններէն, որ չզլացաւ քաջութեամբ ստորագրելու Պերլինի «Կաթողիկէ Միսիոնարական Կազմակերպութեան» կողմէ 15 Հոկտեմբեր 1915-ին Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետ Պեթման-Հոլվեկին[6] ներկայացուած «Դիմումնագիր»-ը: Սոյնը բազմաթիւ վկայութիւններէ կազմուած փաստաթուղթ մըն էր արեւմտահայութեան դէմ իրականացուող ցեղասպանութեան, որոնք մեծաւ մասամբ ներկայացուած էին համատարած կոտորածներուն ականատես դարձած դիւանագէտներու եւ լրագրողներու կողմէ:
Եոհաննէս Լեփսիուս (1858-1926) հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու նուիրեալ պաշտպան
Անդրադառնալով խնդրոյ առարկայ յօդուածին` պէտք է ըսել, որ ան Ա. Համաշխարհային Պատերազմի արհաւիրքին մէջ մտած Օսմ. Թուրքիոյ քաղաքական կացութեան, Երիտթուրքերու հետապնդած հայակործան քաղաքականութեան եւ մեծ տէրութիւններու երկդիմի, բայց ի վերջոյ ապարդիւն դիւանագիտութեան խորաթափանց վերլուծում մըն է:
«Հոն [Թուրքիոյ մէջ],– կ’ըսէ Էվալտ Շթիր,– հայերը մեծ թիւով կը ձերբակալուին: Արդէն իրենց առաջնորդներէն խումբ մը հապճեպ դատավարութեամբ մը կախաղան հանուած են: Գաւառներուն մէջ կռիւը կը շարունակուի արեւելեան բոլոր գարշելիութիւններով` ամբողջ գիւղերու կոտորած, աւեր ու աւար, կանանց բռնաբարում: Կառավարութեան կողմէ հազարներով վտարանդի կը դառնան իրենց հայրենիքէն ու կը տարագրուին դէպի Միջագետք: Այն ինչ որ հիմա Հայաստանի մէջ կը կատարուի, կը յիշեցնէ վատթարագոյն ժամանակները հայոց տառապալից պատմութեան»:
Տարակոյս չկայ, որ Շթիր երբ կը նշէ, թէ «Իրենց առաջնորդներէն խումբ մը հապճեպ դատավարութեամբ մը կախաղան հանուած են», կ’ակնարկէ Թուրքիոյ զինուորական ատեանին արագ վճիռով 15 Յունիս 1915-ին Կ.Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացած Հնչակեան Քսաններուն: Շթիր այս մասին անգամ մը եւս կ’անդրադառնայ իր յօդուածի աւարտին, որով յստակ կը դարձնէ իր միտքը` ուղղակի նշելով հընչակեան ղեկավարութեան անունը:
Հաստատելու համար Օսմ. Թուրքիոյ մէջ հայ ազգաբնակչութեան դէմ իրագործուող համատարած ջարդերուն եւ տարագրութիւններուն իրողութիւնը, Շթիր կը վկայակոչէ Ցիւրիխի մէջ լոյս տեսնող «Neue Züricher Zeitung – Նոյէ Ցիւրիխեր Ցայթունկ» թերթի 25 Մայիս 1915 թիւին մէջ դաշնակից պետութիւններուն` Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ Երիտթուրքերու կառավարութեան ուղղուած ազդարարութիւնը: Արդարեւ, այդ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ «Թուրքիա ոճիր մը կը գործէ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ». նաեւ` Օսմ. Բարձր Դրան «Բացայայտ գիտութեան կը փոխանցուի, թէ «Ան իր կառավարութեան բոլոր անդամներով նշուած յանցագործութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ անոնց պաշտօնակատարները, որոնք մեղսակից են այդ տեսակ կոտորածներու իրականացման, անձնապէս պատասխանատւութեան պիտի կանչուին»[7]:
Թուրքիա պաշտօնապէս կը փորձէր արդարացնել իր գործած ոճիրը` յայտարարելով, թէ հայ ազգաբնակչութեան տեղահանութիւնը պատերազմական գործողութիւններու անհրաժեշտութենէն կը բխէր, կամ առնուած միջոցառումները կը ծառայէին հայոց մէջ յեղափոխական խլրտումները ընկճելու նպատակին: Այլապէս ան կը չքմեղանար` մեղադրելով արտաքին հրահրումները, որոնք պատճառ կը դառնային նման գործողութիւններու իրականացման: Բնականաբար Շթիր կասկածելի կը համարէր թրքական պետութեան քարոզչական նմանաոճ արշաւը, եւ իր ընթերցողներուն կը բացայայտէր հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած դժուարին երկընտրանքը:
Պատերազմի գօտին կովկասեան ճակատին վրայ ամբողջապէս կ’երկարէր Հայաստանի տարածքով: Տարածաշրջանի երկու կողմերը, իր արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներով, իւրաքանչիւր մասին մէջ առանձին կը բնակէր շուրջ երկու միլիոն հայ ազգաբնակչութեան թիւ մը: Ռուսական բանակին միանալով` կովկասեան կողմը նաեւ կը մարտնչէին հայկական կամաւորական զօրախումբեր: Էջմիածին, հայութեան հոգեւոր կեդրոնը, կը գտնուէր Հայաստանի ռուսական հատուածին մէջ: Ահաւասիկ անհիմն պատճառաբանութիւն մը` արեւմտահայութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքէն բաժնուելու կասկածներով մեղադրելու համար: Շթիր իր յօդուածով միեւնոյն ատեն կը հաւաստիացնէր, որ արեւմտահայութիւնը մեծամասնութեամբ հաւատարիմ մնացած էր թրքական պետութեան: Այս առնչութեամբ ան կը վկայակոչէ կարեւոր փաստ մը, որ 1914 թուականի Նոյեմբերին, Կ.Պոլսոյ Հայոց Զաւէն Սրբազան Պատրիարքը կոնդակով մը կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ հայութեան` մարտնչելու համար թրքական զօրքերուն հետ: Հետեւելով թրքական կառավարական տուեալներուն` այդ միջոցին թրքական բանակին մէջ իրենց զինուորական ծառայութեան համար հաւաքագրուած էին 40.000 հայ զինուորներ, որոնց ցուցաբերած սխրագործութիւններուն համար Էնվէր Փաշա դրուատական նամակներ կը յղէր Հայոց Զաւէն Պատրիարքին եւ Գոնիայի Առաջնորդ Սրբազանին[8]: Հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Թուրքիոյ յաղթանակին համար յատուկ արարողութիւններ եւ աղօթքներ կատարուած են, իսկ հայերու կողմէ նուիրուած գումարներով զինուորական բուժարաններ կազմակերպուած են, մին` Կ.Պոլսոյ, իսկ միւսը Էրզրումի մէջ: Բայց հակառակ այս բոլորին, թրքական բանակի ղեկավարութիւնը ամբողջապէս զինաթափած է իր զօրքին հաւատարմութեամբ ծառայող հայ զինուորները` զանոնք վերածելով աշխատանքային ջոկատներու: Ընդհակառակը, ան զինած եւ թաքուն նպատակներով հայկական գիւղեր ուղարկած է քիւրտերը: Իբրեւ օրինակ, Շթիր կը նկարագրէ Զէյթունի պատահարները: Այդտեղ հայեր թուրքերուն կը յանձնեն զինուորական ծառայութենէ փախած 14 դասալիքներ, սակայն կը մեղադրուին երկու թուրք ժանտարմաներ սպաննելու մէջ: Տեղի կ’ունենան ընդհարումներ եւ երկու կողմերէն կը զոհուի 25 հոգի, որուն հետեւանքով, իսկոյն, կառավարութիւնը զէյթունցիներու դէմ կ’ուղարկէ պատժային ամբողջ զօրախումբ մը: Քաղաքին երկու մասերը սպառազինուած կանոնաւոր ջոկատի մը դէմ մարտնչիլը անհեռանկար նկատելով` անմիջապէս սպիտակ դրօշ կը պարզեն, իսկ միւս մասը կ’որոշէ դիմադրել` անկախ առճակատումի ելքէն, քաջ հասկնալով թրքական պետութեան հետապնդած հայակործան քաղաքականութեան բնոյթը: Զէյթունցիներու սոյն դիմադրութիւնը թրքական կառավարութիւնը կ’որակէ իբրեւ պետութեան դէմ ըմբոստութիւն մը, որուն համար դէպի Միջագետք կ’աքսորէ Զէյթունի ամբողջ բնակչութիւնը` շուրջ 20.000 հոգի: Շթիր նաեւ կ’ընդգծէ, որ հոն, ուր գտնուած են գերմանացի հիւպատոսներ, թուրքեր զգուշացած են հայ ազգաբնակչութիւնը ջարդելէ, որովհետեւ անոնք կրցած են ատենին միջամտել, զոր օրինակ` Հալէպի գերմանացի հիւպատոսի պարագան, որուն ազդու միջամտութիւնը հայերը փրկած է հսկայ արիւնահեղութենէ մը:
Թրքական լրատւութեան քարոզարշաւը, որու համաձայն ռուսական զօրքերուն հետ Վան ներխուժած հայկական կամաւորական գունդերը ամբողջապէս կոտորած են տեղի մահմետական բնակչութիւնը, Շթիր անհաւանական կը նկատէ եւ, ընդհակառակը, ան կ՛ըսէ, թէ «իրողութիւն է, որ Կ.Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է Հնչակեան Կուսակցութեան ամբողջ ղեկավարութիւնը եւ մեծաւ մասամբ դատապարտուած մահուան: Երկրի ամբողջ տարածքով ձերբակալուած են նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան աւագանին, ինչպէս նաեւ հայ մտաւորականութիւնը: Սակայն թէ ի՞նչ եղած է անոնց ճակատագիրը, այդ մասին Գերմանիոյ մէջ ներկայիս ծանօթութիւններ չկան»: Իր յօդուածի աւարտին Շթիր յոյս կը յայտնէ` «Հայաստանի գերմանացի բարեկամները չեն կրնար աւելի անձկայրեաց յուսալ, քան այն, որ նոյնիսկ վերջին վայրկեանին Հայաստանի դէմ չարիքը խափանուի. այլապէս ան միաժամանակ ծանր հարուած մը պիտի նշանակէր յուռթի Արեւելքի մը նկատմամբ [փայփայուած] շատ մը յոյսերուն դէմ»:
Առկայ յօդուածին հրապարակումը ամբողջ պատերազմի տեւողութեան ընթացքին ոչ միայն «Տի Քրիսթլիխէ Վելթ» թերթին, այլ նաեւ գերմանացի հայասէր անձերու համար կ’ունենայ ծանր հետեւանք: Թերթը այսուհետեւ ամբողջութեամբ կ’ենթարկուի պետական գրաքննութեան, իսկ անոր գերմանացի հայասէր բարեկամները` գաղտնի ոստիկանութեան մնայուն վերահսկողութեան:
Կայսերական Գերմանիոյ պետական գրաքննութեան բարձրագոյն ատեանը Հայկական Հարցին վերաբերող տեղեկագրութիւններու ուղղութեամբ երկու սկզբունք որդեգրած էր.
ա) «Հայկական կոտորածներուն մասին պէտք է ըսել հետեւեալը. Մեր բարեկամական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ ոչ միայն թրքական կառավարման ներքին հարցերուն առնչութեամբ պէտք չէ խաթարուին, այլեւ ներկայի բարդ ժամանակին մէջ անոնք նոյնիսկ պէտք չէ քննարկուին: Ուստի, առ այժմ, լռելը պարտականութի՛ւն է: Հետագային, երբ արտասահմանեան երկիրներ ուղղակի յարձակին` ներկայացնելով «գերմանական մեղսակցութիւն» մը, [այդ պարագային] մեծ զգուշութեամբ եւ վերապահութեամբ պէտք է մօտենալ հարցին, միշտ յառաջ քաշելով այն` թէ հայեր թուրքերը շատ զայրացուցած են»[9]:
Իսկ Թուրքիոյ պատերազմական վայրերէն հաղորդըուող գերմանական տեղեկագրերու ցուցմունքներուն մէջ կը հրահանգուի.
բ) «Հարկ է թուրք զինուորներու տոկունութիւնը անկաշկանդ գովել` նշելով սակայն, որ գերմանացի սպաները, գերմանական զինամթերքը եւ այլն, մաս կը կազմեն ձեռք բերուած յաջողութեան: [Իսկ] Հայկական Հարցի մասին նախընտրելի պիտի ըլլայ լռել»[10]:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1- Kulturprotestantismus
2-Die Christliche Welt, այսինքն` «Քրիստոնէական Աշխարհը» թերթը հրատարակուած է Լայփցիկի մէջ 1897-ին, եւ Բ. Համաշխարհային Պատերազմին բերումով դադրած 1941-ին:
3-Paul Martin Rade (1857–1940).
4-Ewald Stier
5- Deutsch-Armenische Gesellschaft. Այս մասին տե՛ս «Գերմանա-Հայկական Ընկերակցութեան» կայքէջը՝ http://www.deutsch-armenische-gesellschaft.de/, ինչպէս նաեւ համացանցային հետեւեալ հասցէն՝ http://www.armenianweekly. com/2014/07/17/1914-2014-100-years-german-armenian-society/
6- Theobald Theodor Friedrich Alfred von Bethmann Hollweg (1856–1921), Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնին` 1909–1917 թ.:
7- NZZ, թիւ 637, 25 Մայիս 1915։
8- Հմմտ. Johannes Lepsius, «Der Todesgang des Armenischen Volkes», Potsdam, 1990, S. 161f.
9-Muhsam, K., Wie wir belogen wurden. Die Amtliche Irrefuhrung des deutschen Volkes, Munchen, 1918, 76.
10-Հմմտ., նոյնը: